Անցեալ շաբաթավերջին անգամ մը եւս աղմուկ բարձրացաւ թենիսի աշխարհին մէջ, երբ թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր անցեալ տարի 2 անգամ դրական արդիւնք ստացած էր` անոր արեան քննութեան մէջ խթանիչ կամ արգիլուած դեղերու հետքեր գտնուելու համար: Օրին, 23 տարեկան իտալացին անմեղ նկատուած էր անկախ միութեան մը կողմէ (անցեալ մարտին):
Բայց 15 փետրուարին ան անմիջապէս ընդունած էր 3 ամսուան կախակայութիւն, երբ աշխարհի թմրեցուցիչի դէմ պայքարի կառոյցը զինք մեղաւոր գտած էր երկու արդիւնքներուն հիման վրայ:
Սինըր, որ անցեալ ամիս շահեցաւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը, պիտի կախակայուի 9 փետրուարէն 4 մայիս եւ… ան պիտի մասնակցի Ռոլան Կարոսին, որ կը սկսի 19 մայիսին:
Անշուշտ շատեր դժգոհութիւն յայտնեցին պատահածին համար, մինչ այլ աթլեթներ նախապէս 2 տարի կախակայուած էին…
Սերպ Նովաք Ճոքովիչ 2 կրան շլեմի մրցաշարքերու մասնակցելէ զրկուած էր 2022-ին (Աւստրալիոյ եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի), երբ «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստ մերժած էր ստանալ:
Վստահաբար անսովոր երեւոյթ մըն է, երբ մարզիկներ այժմ առիթ ունին բանակցելու կախակայումի ձեւին եւ ժամանակին շուրջ:
«Ուատա» (աշխարհի մէջ թմրեցուցիչի դէմ պայքարող կազմակերպութիւնը), որ 2 տարուան կախակայում առաջարկած էր, ընդունեց 3 ամսուան նուազեցման` յայտնելով, որ Սինըր խթանիչ դեղ չէ գործածած, եւ այդ պատահած էր առանց գիտնալու:
Ասիկա «լուռ» չանցաւ թենիսի աշխարհին մէջ: «Յստակօրէն Սինըրի խմբակը իր կարելին ըրաւ պարզապէս ընդունելով 3 ամսուան կախակայումը, առանց տիտղոսներ կորսնցնելու, առանց նիւթական կորուստներու ենթարկուելու ալ: Մեղաւո՞ր, թէ՞ անմեղ… տխուր օր է թենիսի համար: Արդարութիւն չկայ թենիսի մէջ», ըսաւ Նիք Քիրիոս, որ հռչակաւոր է իր համարձակ կարծիքներով:
Բրիտանացի նախկին թիւ 1 թենիսմեն Թիմ Հենմըն իր կարգին քննադատեց կախակայումը, որ շատ պատշաճ կը թուէր` զգուշացնելով, որ այդ որոշումը թենիսի համակիրներուն վրայ կրնայ ազդել: «Կարծես քիչ մը շատ պատշաճ պատիժ մըն էր: Երբ մարզական աշխարհի մէջ թմրեցուցիչի հարցեր ըլլան, պէտք է ըլլայ ճերմակ կամ սեւ: Երբ կարդաս բառեր ինչպէս բանակցիլ, ընդունիլ, կարգադրութիւններ կատարել, կարծէք համաձայնութեան մթնոլորտ կայ, բան մը, որ վստահ տարբեր երեւոյթ կրնայ ունենալ մարզիկին եւ համակիրին միջեւ», ըսաւ Հենմըն:
Միւս կողմէ, Տանիլ Մետվետեւ ըսաւ, որ Սինըրի այս կախակայումը սկիզբ կրնայ ըլլալ այլ մարզիկներու համար, որոնք կրնան «լուծումներ գտնել» «Ուատա»-ին հետ, եթէ իրապէս սխալմամբ դեղ մը գործածած են: «Մարզիկները թերեւս իրենք զիրենք աւելի լաւ ձեւով կրնան պաշտպանել ապագային», ըսաւ Մետվետեւ: