Ըստ սպանական «Ռելեվօ» կայքին, «Լա լիկա»-ի գծով Օսասունա – Ռէալ Մատրիտ (1-1) մրցումի իրաւարար Խոսէ Մունուերա թերօ քանի մը շաբաթ մրցում պիտի չղեկավարէ:
Ըստ «ԱՍ»-ի, անոր հանդէպ հետաքննութիւն սկսած է կապուած անոր հիմնադրած խորհրդատուական ընկերութեան հետ, որ կրնայ համագործակցիլ «Լա լիկա»-ի, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի եւ ֆութպոլի տարբեր ակումբներու հետ: Եթէ յայտնուի շահերու բախում, Մոնթերօ կրնայ մինչեւ 5 տարի կախակայուիլ:
Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ ուղիղ կարմիր քարտ ստացած էր իրաւարարին հետ վիճելուն համար եւ կրնայ երկար ժամանակ կախակայուիլ: Ռէալ Մատրիտ կը պատրաստուի բողոքարկել կարմիր քարտը:
Մարզիկը (Պելինկհամ) յայտնեց, որ ինքն իրեն ընդվզած էր եւ կը հայհոյէր, մինչ իրաւարարը իր տեղեկագիրին մէջ յայտնած է, թէ իրեն ուղղուած էր այդ հայհոյանքը:
Մունուերա հերքած է այդ լուրերը` նշելով, որ իր ընկերութիւնը մարզական որեւէ կազմակերպութեան հետ չ՛աշխատիր եւ որեւէ նիւթական փոխհատուցում չի ստանար: Ան ընդգծած է, որ իր կազմակերպութիւնը նպատակ ունի երիտասարդներուն տալ աշխատանքի կարելիութիւններ` առանց շահերու բախման:
Մունուերա նպատակ ունի դատական հայցեր ներկայացնել այն լրատուամիջոցներուն դէմ, որոնք տարածած են եւ կը տարածեն կեղծ եւ վնասակար տեղեկութիւններ` վնաս հասցնելով իր եւ միւս իրաւարարներուն հեղինակութեան:
Մունուերա Պելինկհամի կարմիր քարտի կողքին փենալթի մըն ալ սուլած էր Ռէալ Մատրիտի դէմ:
Աւելի ուշ, Պելինկհամ 2 մրցումներով կախակայուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կողմէ: