«Չեմփիընզ լիկ»-ի փլէյ օֆի դարձի առաջին օրուան մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան Իտալիոյ մէջ հիւրընկալեց Նետերլանտներու Ֆեյենուրտը:
Երթին Ֆեյենուրտ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր, եւ թուղթի վրայ այդ մէկը բաւարար չէր Միլանի նման խումբի դէմ, որ մրցումին սկիզբէն ճնշեց եւ առաջին իսկ վայրկեանէն կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Սանթիակօ Խիմենեսի, որ մրցանիշ մը իրագործեց:
Խիմենես, որ փետրուարին սկիզբը միացաւ Ա. Սէ. Միլանին, լքելէ ետք Ֆեյենուրտը, 29 յունուարին կոլ նշանակած էր Ֆեյենուրտի հետ` Լիլի դէմ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն գծով, եւ 20 օր ետք տարբեր խումբի շապիկով իր նախկին խումբին բերդին մէջ:
Սակայն Բ. կիսախաղին սկիզբը ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ ֆրանսացի ձախ ծայրի յետսապահ Թէօ Հեռնանտես, որ դեղին քարտ ունէր, փորձեց փենալթի մը շահիլ բայց… կարմիր քարտ մը «շահեցաւ»… 10 մարզիկներով Միլան փորձեց պահել արդիւնքը, բայց 73-րդ վայրկեանին Ֆեյենուրտի յառաջապահ Խուլիան Քարանսա, որ 9 վայրկեան առաջ դաշտ ներկայացած էր, գլխու հարուածով նշանակեց Ֆեյենուրտի հաւասարութեան կոլը: 5 վայրկեան ետք գերմանացի յետսապահ Մալիք Թիաօ գլխու հարուածով փորձեց, գրաւեց Ռոթերտամի ակումբին բերդը, բայց բերդապահը լաւ ձեւով զսպեց անոր հարուածը, եւ արդիւնքը մնաց անփոփոխ, պատճառ դառնալով, որ Միլան, որ 7 անգամ շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ը դուրս մնայ:
Անցեալ տարուան «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր Աթալանթա, որ համեմատաբար «դիւրին» մրցում մը պէտք էր ունենար Պենֆիքայի Ֆ. Ք. Պրիւժին դէմ, առաջին կիսախաղին իսկ 3 կոլեր ստացաւ եւ դուրս մնաց: Շեմսըտին Թալպի (2) եւ Ֆեռան Խութկլա նշանակեցին Պրիւժի 3 կոլերը: Պրիւժ, որ երթին 2-1 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Աթալանթան, Բ. կիսախաղին գրեթէ պաշտպանուեցաւ եւ միայն մէկ կոլ ստացաւ, մինչ 36 տարեկան բերդապահ Սիմոն Մինիոլէ (նախապէս Լիվըրփուլի բերդապահ) օրուան հերոսն էր` զսպելով 10 կոլի առիթներ:
Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, բայց կոլ նշանակելու դժուարութիւն ունեցաւ Սկովտիոյ Սելթիքին դէմ (1-1):
Հերի Քէյն, որ արդէն վիրաւոր էր, 1 կիսախաղ խաղցաւ եւ 45-րդ վայրկեանին ցնցեց Սելթիքի բերդը, երբ անոր հարուածը զսպեց բերդին ձողը:
Սելթիքի կոլը նշանակեց գերմանացի Նիքոլաս-Կերիթ Քուն, որ 2020-էն 2022 Պայերն Միւնիխի պահեստի մարզիկն էր:
Պայերն, որ Սկովտիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր, կրցաւ հաւասարիլ 93-րդ վայրկեանին, երբ քանատացի Ալֆոնսօ Տէյվիս նշանակեց դաշտ վերադառնելէ ետք իր առաջին մրցումին: Ան 22 յունուարին Ֆեյենուրտի դէմ 1 կիսախաղ խաղցած եւ վիրաւորուած էր:
Օրուան վերջին մրցումին, Պենֆիքա 3-3 արդիւնք մը արձանագրեց Մոնաքոյի հետ: Երթին 1-0 արդիւնքով յաղթած Պենֆիքա օտար դաշտի վրայ յաղթելուն պատճառով անցաւ յաջորդ հանգրուան: