Նետերլանտցի Ճոնի Վան՛թ Սխիփ նշանակուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբի մարզիչ, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
61 տարեկան Վան՛թ Սխիփի օգնական պիտի ըլլայ Նետերլանտներու նախկին միջնապահ Արոն Ուինթըր:
Նետերլանտցի զոյգը գործի կ՛անցնի 1 մարտ եւ 1 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրած է 1 յաւելեալ տարուան երկարաձգման կարելիութեամբ:
Վան՛թ Սխիփ իր կարգին փայլուն մարզիկ եղած է Այաքս Ամսթերտամի եւ ազգային խումբին հետ, ուր 1988-ին շահեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, Ռուտ Կիւլիթի եւ Մարքօ Վան Պասթընի օրերուն: