Կիրակի գիշեր, Իտալիոյ «Սերի Ա.» սպասուած մրցումին, Եուվենթուս իր դաշտին վրայ դիմացաւ Ինթեր Միլանի յարձակումներուն եւ կոլ մը նշանակելով կրցաւ Ինթերի յոյսը կտրել` գրաւելու պարագլուխի դիրքը… առնուազն այս շաբաթ:
Ինթեր Միլան շատ առիթներ ստեղծեց, բայց երկու խումբերն ալ լաւ ձեւով պաշտպանեցին, մինչեւ 74-րդ վայրկեան, երբ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին յառաջապահ Քոլօ Մուանի ինքն իր վրայ դառնալով խաբեց երկու մրցակից եւ փոխանցեց Ֆրանսիսքօ Քոնսեսաուի, որ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
«Առաջին կիսախաղին մենք չօգտագործեցինք մեր առիթները: Երկրորդ կիսախաղին նոյնքան լաւ չխաղցանք, հակառակ անոր որ շատ պայքարեցանք, բայց այս է ֆութպոլը:
Մենք կրնայինք մէկ կամ երկու կոլեր նշանակել առաջին կիսախաղին, եւ այդ պատճառով ալ ատոր գինը վճարեցինք երկրորդ կիսախաղին: Դժբախտաբար կոլ չնշանակեցինք», ըսաւ Ինթերի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Ինթեր այս պարտութենէն ետք 2 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Նափոլիէն, մինչ Եուվէ բարձրացաւ 4-րդ դիրք` կոլերով բարձրանալով Լացիոյէն վեր:
. ԱՆԳԼԻՈՅ մէջ, «Փրեմիեր լիկ»-ի վերջին մրցումին, Թոթենհամ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Եունայթըտ այժմ 15-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ մեծ թիւով վիրաւորներ ունի: Թէ ի՛նչ կը պատահի «կարմիր սատանաներ»-ուն, մէկը չի գիտեր… նախկին սպանացի բերդապահ Տը Խէա վերջերս յայտնած էր, թէ չար բախտ, մինչեւ իսկ «կախարդութիւն» կրնայ ըլլալ Եունայթըտ ակումբին գլխուն եկածը: Շատ մարզիկներ Եունայթըտ չեկած փայլուն ելոյթներ կ՛ունենային, սակայն Եունայթըտի շապիկով անոնք կարծէք ֆութպոլը «մոռցած են»: Այլ մարզիկներ լքեցին Եունայթըտը եւ փայլուն արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն… Անոնցմէ օրինակները շատ են… Տը Խէա Ֆիորենթինայի հետ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ, մինչ Սքոթ Մաքթոմինէյ կը փայլի Նափոլիի հետ: Անթոնի 3 մրցում կատարեց Ռէալ Պեթիսի հետ` նշանակելով 2 կոլեր, եւ շաբաթավերջին լաւագոյն մարզիկն էր Սոսիետատի դէմ մրցումին: