Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Օ՛Նիլի Խումբը Յաղթեց, Քըրրի` «Էմ. Վի. Փի.»

Փետրուար 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2025-ի «Օլ Սթարզ»-ի շաբաթավերջը վերջ գտաւ երէկ առաւօտեան ժամերուն, երբ Շաքիլ Օ՛նիլի ընտրած խումբը կրցաւ յաղթել աւարտականին Չարլզ Պարքլիի ընտրած միջազգային աստղերու խումբին` 41-25 արդիւնքով:

Պէտք է նշել, որ Լըպրոն Ճէյմս չմասնակցեցաւ այս մրցումներուն, երբ ոտքի ցաւին չլաւանալուն պատճառով նախընտրեց հեռու մնալ իր 21-րդ «Օլ Սթար» մրցումէն:

Արդէն իսկ Շաքիլի խումբէն կը բացակայէր Անթոնի Տէյվիս, մինչ Պարքլիի խումբէն բացակայեցաւ Եաննիս Անթեթոքումփօ:

Այս տարուան «Օլ Սթար» մրցումը տարբեր ձեւ ունէր եւ Արեւելք ընդդէմ Արեւմուտք չէր, կամ վերջերս ինչպէս որ երկու խումբերու խմբապետներ չընտրեցին մասնակցող խումբերը:

Այս տարի որոշուած էր 4 խումբերու մասնակցութիւնը` ընտրուած ինչպէս ըսինք Շաքիլ Օ՛նիլի, Չարլզ Պարքլիի, Քեննի Սմիթի եւ այս տարեշրջանին յառաջդիմած մարզիկներէ կազմուած խումբով մը:

Առաջին մրցումին Քենի Սմիթի խումբը` երիտասարդներու խումբը, որուն մաս կը կազմէին Նիւ Եորք Նիքսի մարզիկ Ճէյլըն Պրանսըն, Տիթրոյիթի մարզիկ Քէյտ Քանինկհեմ, Մինեսոթայի մարզիկ Անթոնի Էտուըրտծ, Քեվելիրզի մարզիկներ Տարիըս Կարլենտ եւ Էվըն Մոպլին, Մայեմիի մարզիկ Թայլըր Հերրօ եւ Թանտըրի մարզիկ Ճէյլըն Ուիլիամս կիսաւարտականին 41-32 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Չարլզ Պարքլիի միջազգային աստղերէն: Պարքլիի խումբին մաս կը կազմէին Ինտիանայի մարզիկ Փասքալ Սիաքամ, Թանտըրի մարզիկ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր, Տենվըրի մարզիկ Նիքոլա Եոքիչ, Քեվելիրզի մարզիկ Տոնավըն Միչել, Հիուսթընի մարզիկ Ալբերեն Շենկիւն, Նիւ Եորքի մարզիկ Քարլ-Անթոնի Թաունզ, Սփըրզի մարզիկ Վիքթոր Ուեմպանեամա, Աթլանթայի մարզիկ Թրէյ Եանկ եւ Պաքսի մարզիկ Անթեթոքումփօ (բայց չխաղցաւ):

Երկրորդ կիսախաղին, Շաքիլ Օ՛Նիլի ընտրած խումբը 42-35 արդիւնքով յաղթեց Քենտէյս Փարքըրի խումբին (յառաջդիմած մարզիկներուն):

Օ՛Նիլի խումբին մաս կը կազմէին Քլիփըրզի մարզիկ Ճէյմս Հարտըն, Սելթիքսի մարզիկ Ճէյլըն Պրաուն, Ուորիըրզի մարզիկ Սթեֆ Քըրրին, Սանզի մարզիկ Քեւըն Տիւրենթը, Տալասի մարզիկ Քայրի Ըրվինկ, Սելթիքսի մարզիկ Ճէյսըն Թէյթըմ, Միլուոքի մարզիկ Տեմիըն Լիլըրտ, ինչպէս նաեւ վիրաւորներ Լըպրոն Ճէյմսն ու Անթոնի Տէյվիսը իրենց դէմ ունէին Սփըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քեսըլը, Լէյքըրզի մարզիկ Տալթըն Նեխթը, Կրիզլիզի մարզիկ Ճէյլըն Ուելզը, Ճեզի մարզիկ Քիյոնթէ Ճորճը, Կրիզլիզի մարզիկ Զաք Էտին, Ուորիըրզի մարզիկ Թրէյս Ճեքսըն – Տէյվիսը, Սանզի մարզիկ Ռայըն Տաննը եւ Հիութընի մարզիկ Էյմըն Թոմփսընը:

Աւարտականին Շաքիլ Օ՛Նիլի խումբը 41-25 արդիւնքով յաղթեց Պարքլիի միջազգային աստղերու խումբին:

Ճէյսըն Թէյթըմ 15 կէտ նշանակեց, մինչ Սթեֆ Քըրրի 12 կէտ նշանակեց շահելով «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկը: Քըրրի, որ դաշտին կեդրոնէն 3 կէտնոց կողով մըն ալ նշանակեց, յառաջիկայ ամիս իր 37-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ: Ան շատ ուրախ էր իր դաշտին վրայ խաղալուն եւ այս տիտղոսը շահելուն համար:

Միջազգային աստղերու խումբէն ամէնէն շատ կէտերը նշանակեցին ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա (11 կէտ) եւ Տոմինիքանցի Քարլ-Անթոնի Թաունզ (8 կէտ), մինչ Նիքոլա Եոքիչ 2 կէտ նշանակեց միայն 10 վայրկեաններու ընթացքին:

Նշենք, որ այս «Օլ Սթար»-ի մրցումին կը յաղթէ այն խումբը, որ 40 կէտ կը նշանակէ:

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Յաղթեց Ինթերին Եունայթըտ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

RelatedPosts

Ճատրակ.  Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական
Մարզական

Ճատրակ. Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական

Հոկտեմբեր 2, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Վիրաւոր Մարզիկներով Հարուստ Եղանակ Մը
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Վիրաւոր Մարզիկներով Հարուստ Եղանակ Մը

Հոկտեմբեր 2, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?