Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցած հարաւային Ամերիկայի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը (20 տարեկանէն վար) վերջ գտաւ Պրազիլի յաղթանակով, վերջինս աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Չիլիին:
Տաւիտ Ուաշինկթըն (76-րդ վայրկեանին), Փետրօ (86-րդ վայրկեանին) եւ Ռիքարտօ Մաթիաս (88-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Պրազիլի 3 կոլերը:
Չիլիի յետսապահ Ռոման 78-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Այս արդիւնքին օգնեց նաեւ Փարակուէյի 3-2 արդիւնքով յաղթանակը` Արժանթինի դէմ, որպէսզի Պրազիլ 3 կէտի առաւելութեամբ գրաւէ առաջին դիրքը: Վերջին մրցումներէն առաջ Արժանթին կը գրաւէր առաջին դիրքը կոլերու թիւի տարբերութեամբ: