Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի.»-ի «Ֆայթ նայթ 251» մրցաշարքին, 27 տարեկան Էտմեն Շահպազեան շատ արագ յաղթանակ մը արձանագրեց Տիլըն Պուտքայի դէմ առաջին ռաունտի երկրորդ վայրկեանին, նաք աութով:
Պրազիլցի Իսմայէլ Պոնֆիմի հետ միասին Շահպազեան ստացաւ օրուան լաւագոյն ելոյթի պոնիւս:
Շահպազեան, որ միջին դասակարգի կշիռի մարտիկ մըն է, 2017-էն ի վեր կը մասնակցի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի այս մրցումներուն: Ան կատարած է 19 մրցումներ` յաղթելով 14 եւ պարտուելով 5 մրցումներու: 12 մրցումներ յաղթած է նաք-աութով եւ սեւ գօտի ունի շոթոքան քարաթէի մարտաձեւին մէջ:
27 տարեկան Շահպազեան ունի 1,88 մեթր հասակ եւ մաս կը կազմէ «Պլեք Քոպրա Սթրայքինկ Սիսթեմզ» խումբին, որ իր ծննդավայր Կլենտէյլի ակումբներէն մէկն է: