ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հերմինէ Չէօրէքճեան-Ղոչախեան
Օրդ. Մարալ Ղոչախեան
Տէր եւ տիկին Ասպետ եւ Սիւզի Ղոչախեան եւ զաւակները` Լէոն եւ Արմանտ (Քանատա)
Տիկին Ալիս Պախթիարեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յարութ Ղոչախեան եւ ընտանիք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Սուրէն Ղոչախեան եւ ընտանիք (Ապու Տապի)
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Արմինէ Մխճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Հայկուշ Ճամպուլեան եւ ընտանիք
Օրդ. Սիլվա Պախթիարեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լենա Պախթիարեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Ղոչախեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Խաթուն Ղոչախեան եւ ընտանիք (Ֆրանսա)
Օրիորդներ Անի եւ Ֆիլոմէն Էլմաճեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Րաֆֆի Էլմաճեան եւ դուստրը
Ղոչախեան եւ Չէօրէքճեան ընտանիքներ
Հալաճեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Յովհաննէսեան եւ Սիրականեան ընտանիքներ
Միհրանեան եւ Պէնլեան ընտանիքներ
Թէնպէլեան եւ Շահինեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԼԵՒՈՆ ՂՈՉԱԽԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1934-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 9 փետրուար 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 14 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————–
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԵՒ
ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման (Տեառնընդառաջի) նախատօնակի արարողութիւնը:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Նախատօնակի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու տաճար ընծայման արարողութիւնը` Քրիստոսի օրինակով: Յետեկեղեցական արարողութեան, մայրավանքի շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն, մասնակցելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, որպէսզի իրենց մանուկները Աստուծոյ ընծայեն եւ հայցեն Ամենակալին շնորհներն ու պաշտպանութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Յետ եկեղեցական արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔԻ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 16 փետրուար 2025-ին, Ս. Սարգիսի տօնին առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մատաղօրհնէքի արարողութեան:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՆՈՐ ՍԻՍ)
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Սարգիսի տօնին եւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան առիթով այն հաւատացեալները, որոնք փափաք ունին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ նիւթական նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ, մինչեւ շաբաթ, 15 փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հեռաձայնելով 01/259861 թիւին:
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՈՒՐԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 16 փետրուար 2025-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ: