Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է միացեալ դիրքորոշում որդեգրէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն ցեղասպանութեան շարունակումը արգիլելու համար»:
«Ամբողջ աշխարհի վրայ հարցականներ կան Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակումէն ետք Նեթանիահուի կառավարութեան որդեգրելիք կեցուածքին բնոյթին վերաբերեալ», նշեց ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Թուրքիան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Իսրայէլի դէմ որդեգրած իր քայլերը, եթէ վերջինս պաղեստինցիներուն սպանութենէն դադրի եւ անոնց պայմանները փոխուին:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կազայի տիրապետման եւ անոր բնակչութեան տեղահանման մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան` Ֆիտան նշեց. «Կազացիներու տեղահանութիւնը բան մըն է, որ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ շրջանի պետութիւնները կ՛ընդունին: Անիկա անհեթեթ է, եւ անոր քննարկումը` անիմաստ»:


