«Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ 30 յունուարին սկսած բռնցքամարտի Հայաստանի ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ: Անոր աւարտին յայտնի եղան Հայաստանի ախոյեանները եւ մետալակիրները` աղջկանց 5 եւ տղոց 13 կշիռներու կարգերուն: Աղջկանց մրցումներուն ախոյեան դարձան Արեւիկ Տոխոլեան (52 քկ), Էքսթարինա Սեչեւա (54 քկ), Տաթեւիկ Խաչատրեան (57 քկ), Լիանա Մարտիրոսեան (60 քկ) եւ Անահիտ Միքայէլեան (70 քկ):
Տղոց մրցումներուն ախոյեան դարձան Բարեղամ Յարութիւնեան (48 քկ), Արէն Ասլամազեան (51 քկ), Դաւիթ Եգորեան (54 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (57 քկ), Արթուր Բազէեան (60 քկ), Նարեկ Յովհաննիսեան (63.5 քկ), Արարատ Յարութիւնեան (67 քկ), Զաւէն Գալստեան (71 քկ), Վախթանգ Յարութիւնեան (75 քկ), Համլեթ Ադամեան (80 քկ), Ռաֆայէլ Յարութիւնեան (86 քկ), Դաւիթ Սիմոնեան (92 քկ) եւ Դաւիթ Չալոյեան (+92 քկ):
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ 100 բռնցքամարտիկներ: Հայաստանի ախոյեանութենէն ետք, բռնցքամարտիկները հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուդիկ Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական հաւաքներ պիտի ունենան Ծաղկաձորի եւ Երեւանի մէջ` պատրաստուելու մայիսին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:


