Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար Սանթոս վերադառնալէ ետք խումբին հետ իր առաջին փորձին ուղղաթիռով դաշտ ներկայացաւ, ըստ «Կլոպօ Էսփորթ»-ի հաղորդումին:
Ըստ աղբիւրին, պրազիլցին փորձերուն կը ներկայանայ մասնաւոր ուղղաթիռով, քանի որ ան տակաւին բնակարան գնած չէ Սան Փաուլոյի մէջ: Կը նշուի, որ ան կը պատրաստուի նոր առանձնատուն մը գնել Սանթոս Մորրօ տը Սանթա Թերեզինիայի հեղինակաւոր տարածքին մէջ:
Նէյմար Սանթոսի հետ խաղցած է 2009-էն 2013: Ան 225 ելոյթ ունեցած է` նշանակելով 136 կոլ եւ կատարելով 64 էսիսթ:


