Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը 20 փետրուարին Թիրանայի մէջ 2027-ին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի իր վերջին մրցումին պիտի ներկայանայ իր նոր սերպ մարզիչ Պոկտան Քարաչիչի հետ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտնած է, թէ 40 տարեկան սերպ մասնագէտ Քարաչիչ վերջին տարիներուն մարզած է Փարթիզան Պելկրատը իր օգնականներուն` յոյն Քոսթաս Պապավասիլիեուի եւ Հայաստանի պատանիներու ազգային խումբի մարզիչ Միքայէլ Պօղոսեանի հետ:
Հայաստանի ազգային խումբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիչ Կապրիէլ Աճէմեանի կողքին հրաւիրուած են Ալպերթ Թադեւոսեան, Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան, Քրիս Ճոնզ, Զաք Դաւիթեան, Արտեոմ Թաւաքալեան, Եուրա Մելիքեան, Դաւիթ Խաչատրեան, Կարէն Մելիքեան, Դանիէլ Կիրակոսեան, Հայկազ Գրիգորեան եւ Միհրան Ներսէս:
Առաջին անգամ ըլլալով ազգային խումբ հրաւիրուած է սուրիահայ Միհրան Ներսէս, որ 2016-ին մաս կազմած էր 20 տարեկանէն վար ազգային խումբէն:
Արկադի Մկրտիչեան, Դանիէլ Գէորգեան եւ Ալեքսի Չիժենոք վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով պիտի բացակային:
Հայաստանի ազգային խումբը իր մարզական հաւաքը կը սկսի 13 փետրուարին, Երեւանի մէջ, իսկ 17 փետրուարին կը մեկնի Ալպանիա:


