Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներու 5-րդ շաբթուան մրցումներուն, Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբը 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուասլը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Փորթուգալցի յառաջապահ Ռոնալտօ, որ այսօր կը դառնայ 40 տարեկան, 2 կոլ նշանակեց: Առաջին կոլը փենալթիով էր, իսկ 2-րդ կոլը` բարձր ցատկելով գլխու գեղեցիկ եւ անզսպելի հարուածով: Ասոնք Ռոնալտոյի ասպարէզի 922-րդ եւ 923-րդ կոլերն էին: Պէտք է ըսել, որ Ռոնալտօ այս ընթացքով հանգիստ ձեւով տարի մը եւս կրնայ ֆութպոլի բարձր մակարդակի խաղեր կիրարկել` ֆիզիքական պատրաստ վիճակ ունենալուն շնորհիւ: Անոր մրցանիշներուն վրայ աւելցած է այլ մրցանիշ մըն ալ` ակումբի մակարդակով 700 յաղթանակներէ աւելի տօնելով: Այս յաղթանակը իր ասպարէզին 701-րդ յաղթանակն էր: Աւելի՛ն, ան կը փորձէ համոզել Նասրի ղեկավարութիւնը` ձեռք ձգելու պրազիլցի Քազեմիրոն, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ ընդհանրապէս պահեստի աթոռներուն վրայ կը մնայ: 32 տարեկան պրազիլցին Ռոնալտոյի խմբակիցը եղած էր եւ անոնք մօտ 122 մրցումներու մասնակցած էին միասին: