Արտասահմանեան իր ճամբորդութիւններուն առիթով Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կ՛ունենայ տեղի հայկական համայնքի «ներկայացուցիչներու» հետ: Ներկայացուցիչ բառը չակերտուած է, որովհետեւ հանդիպումներուն ներկայ գտնուողները ընտրուած են Հայաստանի իշխանութեան կողմէ եւ ընդհանրապէս չեն պարբակեր գաղութի գործօն տարրերը, այսինքն` իսկական ներկայացուցիչները:
Այս հանդիպումները առիթ կը հանդիսանան բացայայտելու «իրական Հայաստանի» յատկանիշները: Այսպէս, իմացանք, որ հայրենիք դաւանելու յատկանիշը այժմ պետութեան մը քաղաքացիութիւնն է: Գիտէինք արդէն, ըսած էր Փաշինեան, որ հայրենիք եւ պետութիւն հոմանիշներ են, այժմ գիտցանք նաեւ, որ եթէ Հայաստան պետութեան քաղաքացի չենք, Հայաստանը իբրեւ հայրենիք չենք կրնար դաւանիլ: Թերեւս արտասահմանեան երկիրներու քաղաքացիներս, որ տեսակաւոր հայրենիքներ ունինք մեր կամքէն յաճախ անկախ պատճառներով, «իրական Հայաստանի» հետ կապ մը ունինք. ծագումով հայեր ենք, այսքան միայն:
Նիկոլ Փաշինեան Զուիցերիոյ խումբ մը հայերու հետ հանդիպման արծարծեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Ըսելէ ետք, թէ պէտք է քննել ու բացայայտել, թէ «ինչո՞ւ պատահեր է» եւ «ինչպէ՞ս պատահեր է», Փաշինեան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ 1939-ին Ցեղասպանութեան մասին չէր խօսուեր եւ ի՞նչ պատահեցաւ, որ 1950-ին սկսանք խօսիլ: Հարցը չի վերաբերիր ցեղասպանութիւն եզրոյթին, որ ստեղծուած է միայն 1948 թուականին: Խօսքը կը վերաբերի այն երեւոյթին, որ ժամանակին Եղեռն կը կոչէինք, եզրի ստեղծումէն եւ ՄԱԿ-ի կողմէ անոր տրուած սահմանումէն ետք` սկսեր ենք ցեղասպանութիւն անուանել:
Հայաստանի վարչապետը կ՛ուզէ քննել, թէ իրողապէս հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Խորհրդային Միութիւնն է, որ իրեն յատուկ քաղաքական հաշիւներով նախորդ դարի յիսունական թուականներուն սկսեր է շահարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը, մեզ` հայերս մղելով անոր արծարծման` տարբեր պետութիւններու կողմէ ճանաչման ու հատուցումներու պահանջին: Պատմականօրէն ճիշդ է, որ Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիոյ բարեկամ ըլլալով, չէր թոյլատրեր Հայոց ցեղասպանութեան արծարծումը ստալինեան բռնակալութեան ենթակայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ թէ պէտք եղաւ սպասել այդ բռնակալութեան դատապարտումին, որպէսզի կարելի ըլլայ մոխիրներու տակ թաղուած կրակը բոցավառել: Ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել, որ հայ ժողովուրդի ապրած ահաւոր ողբերգութիւնը սկսեր են վերյիշել օտարին դրդումով, ռուս-խորհրդային իշխանութիւններուն քաղաքական հաշիւներուն տուրք տալով:
Խորհրդային Հայաստանը հարկադրաբար չէր կրնար յիշատակել Հայոց ցեղասպանութիւնը իր գոյութեան առաջին երեսնամեակին: Իսկ սփիւ՞ռքը: Անկազմակերպ, թափառական, հիւղաւաններու բնակիչ սփիւռքահայերը անխափան յիշատակած են զայն իրենց զանազան երկիրներու մէջ հաստատման առաջին իսկ տարիներուն: Սկզբնական տարիներուն, երբ գաղթական հայերը իրենց հաստատուած երկիրներուն քաղաքացիութիւնը չունէին, յիշատակումը ներհամայնքային էր: Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, եղած են պահանջատիրական աշխատանքներ: Իսկ սփիւռքի ներքին կազմակերպուածութեան յաջորդած քաղաքականացման պայմաններուն տակ, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջի պայքարը ստացած է աւելի կազմակերպուած բնոյթ, դարձած է համատարած պահանջատիրութիւն:
Կարելի է անվարան ըսել, որ սփիւռքի մէջ կատարուած աշխատանքներուն արձագանգները հասած են խորհրդային Հայաստան եւ ենթակայական կարեւոր դեր ունեցան Եղեռնի յիսնամեակի պոռթկումին նախապատրաստման մէջ: Ա՞յդ եւս ռուսական թելադրանքով էր:
Տարակուսելի քաղաքական ընթացք մը արդարացնելու համար, Նիկոլ Փաշինեան անվարան կը կեղծէ պատմական թէ այժմէական ամէն երեւոյթ: Հայաստան, հայրենիք, հայ ազգ, պետականութիւն գաղափարները նոր սահմանումներու կ՛արժանանան: Այս գաղափարները ընթացիկ կառավարման խնդիրներ չեն, որպէսզի վարչապետ մը, յենած իրեն համախոհ, աւելի ճիշդ` ենթակայ, խորհրդարանական մեծամասնութեան մը, հայ ժողովուրդին պարտադրէ սեփական տեսակէտներ, որոնք վտանգաւոր կերպով կը շեղեն Անկախութեան հռչակագիրով սահմանուած ընթացքը: Նման հարցեր կը պահանջեն մասնագիտական ու մտաւորական լրջագոյն քննարկումներ, եթէ իշխանութիւնը կը կարծէ, որ աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է վերանայիլ ազգի լինելութեան չափանիշները: Ազգային նման հարցեր չեն կրնար պարտադրուիլ առանց ժողովրդային լայն, ազատ ու բազմակողմանի քննարկման: Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Առանց պատմութիւն կեղծելու. կեղծիքը վայել է միայն բռնատէրերուն: Ազգովին պէտք է մերժենք մեզի հրամցուող մտաւոր բռնատիրութիւնը:
Լուրջ քննադատութիւն եւ համոզիչ բացատրութիւններով յօդուած մը: Վարձքը կատար յօդուածագրին:
«Ցեղասպաւութիւն» եզրի գործածութենէն եւ յիսնամեակէն ալ շատ առաջ, ցեղասպանութիւն եզրի չգոյութեան, կը գործածուէր արդէն «մեծ եղեռն» բացատրութիւնը եւ նահատակներու ոգեկոչումները կը կատարուէին սգահանդէսներով եւ միջոցառումներուն բեմերը պատուած կ’ըլլային սեւ վարագոյրներով…: Աշակերտները ամէն օր դպրոց կ’երթային սեւ համազգեստով եւայլն…:
Ամէն պարագայի, վարչապետն ու իր համախոհները թերեւս թուրքը սիրաշահելու եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու մտօք դուրս կու տան լսուած ցաբռտուքները չգիտակցելով, որ կարեւոր չէ թուրքին ու ազերիին համար, թէ վարչապետը, նախարարներն ու Տիգրանը կամ Սարգիսը ինչեր կ’ըսեն, ինչ կը յայտարարեն, ԿԱՐԵՒՈՐԸ ԵՒ ԲՈՒՆ ԽՆԴԻՐԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԱԶԵՐԻՆ ՈՒ ԹՈՒՐՔԸ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…: