Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Ուեսթ Արմենիա ձեռք ձգեց ֆրանսահայ միջնապահ Մարքօ Սեւիա Միլտոնեանը:
25 տարեկան Միլտոնեան, որ Օլիմփիք Մարսէյի սան է, նախապէս կը խաղար Մարսէյի ՀՄԸՄ-ի Արծիւ խումբին հետ:
Հայկական ծագում ունեցող պաշտպանող միջնապահ Մարքօ Սեւիայի միացումը պաշտօնական ձեւով յայտարարեց Ուեսթ Արմենիա խումբի մամլոյ ծառայութիւնը: