Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 21 տարեկանէն վար բաժակի մրցաշարքի իր վերջին մրցումին Սանտըրլենտի խումբը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վուլվզի հետ:
Սանտըրլենտի հայազգի յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան մրցումի առաջին վայրկեանին նշանակեց մրցումի առաջին կոլը: 18 տարեկան յառաջապահը, որ անգլիական հպատակութիւն ունի, իր առաջին մրցումը կը կատարէր Սանտըրլենտի 21-էն վար խումբին հետ եւ 81-րդ վայրկեանին անգամ մը եւս կոլ նշանակեց հաւասարեցնելով արդիւնքը (2-2):
Ֆին ընդհանրապէս կը խաղայ 18-էն վար խումբին հետ, ուր իր կատարած 10 մրցումներուն 5 կոլեր նշանակած է եւ կատարած 3 էսիսթ: