Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր 48-րդ մրցումին 39-րդ յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտին վրայ յաղթելով Միլուոքի Պաքսի, 125-96 արդիւնքով:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Օսման Սինկ (21 կէտ) եւ Այզիա Ճօ (18 կէտ) եղան լաւագոյն մարզիկներէն:
Միլուոքի Պաքսի լաւագոյն կէտ նշանակողն էր Թայլըր Սմիթ, որ 12 կէտ նշանակեց Անթեթոքումփոյի, Լիլըրտի եւ Միտըլթընի բացակայութեան:
Տեւըն Պուքըր 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքս Սանզի, որ սակայն յետ երկարաձգման 2 կէտով պարտուեցաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն` 121-119: Պուքըր դարձաւ Ֆինիքսի պատմութեան առաւելագոյն կէտ նշանակող մարզիկը` բարելաւելով Ուոլթըր Տէյվիսի մրցանիշը (1977-1988), որ 19.666 կէտ էր: Պուքըր իր 10-րդ` եղանակին հասաւ 15.667 կէտի սահմանը եւ դարձաւ ակումբի պատմութեան լաւագոյնը:
Ան այս 5-րդ մրցումը ըլլալով 30 կէտէն աւելի կը նշանակէր, եւ «Օլ Սթար»-ի մրցումին 4 անգամ մասնակցած Պուքըր միջին հաշուով 25 կէտ կը նշանակէ` ամէն մրցումի 36 տոկոսով յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով:
Վեթերան Քեւըն Տիւրենթ 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքսի, մինչ Պրետլի Պիլ 25 կէտ աւելցուց, բայց Սանզ տեղի տուաւ Պլէյզըրզի դիմաց, ուր Տիանտրէ Այթըն 25 կէտ ու 20 ռիպաունտ եւ Տենի Աւտիժա 24 կէտ նշանակեցին:
Սանզի յաջորդ մրցակիցը Օքլահոման է, մինչ Փորթլենտ պիտի հիւրընկալէ Ինտիանա Փէյսըրզը:
Նիւ Եորք Նիքս Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ 124-118 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, ուր Ճէյլըն Պրանսըն 42 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց:
Էյմըն Թոմփսըն 25 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ կատարեց Ռոքեթցի հաշուոյն, որ 17-րդ պարտութիւնը կրեց իր 49-րդ մրցումին:
Ինտիանա Փէյսըրզ 15 կէտով ետ մնալէ ետք Եութայի դէմ մրցումին, ինքզինք գտաւ եւ 1 կէտով յաղթեց Ճեզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ:
Փասքալ Սիաքամ իր 22 կէտերէն 10-ն նշանակեց վերջին մասին օգնելով Ինտիանային, որ արձանագրէ իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը: Թայրիս Հալիպըրթըն 18 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ինտիանայի, որ կը խաղար առանց սենթըր Մայլզ Թըրնըրի: Ճոն Քոլինզ եւ Ճորտըն Քլարքսըն 21-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Եութայի, որ 9-րդ պարտութիւնը կրեց վերջին 10 մրցումներուն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Աթլանթա Հոքս 130-132
Չարլոթ Հորնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 114-124
Նիւ Եորք Նիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց 124-118
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Միլուոքի Պաքս 125-96
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 114-116
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 128-109
Եութա Ճեզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 111-112
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 125-113
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆինիքս Սանզ 121-119
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 104-99


