Յունուար ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած ֆութպոլի ձմեռնային փոխանցումներուն ընթացքին 10 հայ ֆութպոլիստներ իրենց ակումբները փոխեցին:
31 տարեկան Սարգիս Ադամեան, որ 2017-էն 2019 մաս կազմած էր գերմանական Եան Ռեկենսպուրկ խումբին, Ֆ. Ք. Քէօլնը լքելով վերամիացաւ Ռեկենսպուրկի: 2022-էն ի վեր Քէօլնի անդամ Ադամեան 50 ելոյթներ ունեցաւ Քէօլնի հետ:
Լուքաս Զելարայեան 3 տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ խաղալէ ետք, 2023-ին միացած էր Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթհ խումբին, ուր կատարուելէ ետք 41 մրցումներ, նշանակած էր 9 կոլ: Զելարայեան (32 տարեկան) վերամիացաւ իր ասպարէզի առաջին ակումբին` Պելկրանոյի (Արժանթին):
Բերդապահ Արսէն Բեգլարեան Արարատ – Արմենիայի հետ տարեշրջան մը բոլորելէ ետք միացաւ Վանին:
Ուքրանիա ծնած Հենրի Աւագեան (բերդապահ) Փիւնիկը լքելէ ետք միացաւ Արարատ – Արմենիա խումբին` փոխարինելով Արսէն Բեգլարեանը:
21 տարեկան Արթուր Սերոբեան Արարատ – Արմենիան լքելով միացաւ Մոլտովայի Շերիֆ Թիրասոլ խումբին:
Լեհաստանի առաջին դասակարգի աստղերէն Վահան Պիչախչեան Փոկոնը լքելով միացաւ այլ լեհական խումբի մը` Լեկիա Վարշաւային, որ լեհական ֆութպոլի ամէնէն յաջող խումբն է 15 ախոյեանութեամբ:
Վերադառնալով Գերմանիա, Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս, որ 2023-էն մաս կը կազմէր խումբին, միացաւ Քայզըրսլաութըրնի, որ կը պայքարի բարձրանալու «Պունտըսլիկա»-ի առաջին դասակարգը:
Պայերն Միւնիխի պահեստի խումբին հետ լաւ արդիւնք ձեռք ձգելէ ետք, Ռանոս շատ առիթ չունեցաւ ինքզինք փաստելու` յոյսով, որ Քայզըրսլաութըրնի հետ աւելի լաւ ժամանակ կ՛ունենայ` օգնելով նաեւ Հայաստանի ազգային խումբին հետ իր ելոյթներուն:
Ազգային խումբի խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան չինական Քինկտաօ ակումբը լքելով վերադարձաւ Փիւնիկ, ուր 2009-էն 2016 146 ելոյթ ունեցած էր:
Կրասնոտարի 20 տարեկան Գէորգի Յարութիւնեան ռուսական ակումբը լքելով միացաւ Հունգարիոյ Փուշքաշ ակադեմիայի խումբին:
Ազգային խումբի յառաջապահ Ժիրայր Շաղոյեան, որ Հունգարիա մեկնած էր Տեպրեչեն ակումբին հետ խաղալու, միայն 10 ելոյթներու մասնակցելէ ետք վերադարձաւ իր հիմնական Արարատ-Արմենիա ակումբը, 2017-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: