Ազրպէյճանի կողմէ Իրանին որեւէ սպառնալիք պիտի չըլլայ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ` Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի խորհրդական Մեհտի Սանայիի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ան ընդգծած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Հաճիեւի համաձայն, Ազրպէյճանը շահագրգռուած է զարգացնելու Իրանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերը բարի դրացիութեան ոգիով, առանց որեւէ սահմանափակումներու եւ փոխշահաւէտ հիմերու վրայ, ուստի երկու երկիրներու յարաբերութիւններու առանցքային կէտը վստահութեան ամրապնդումն ու թիւրիմացութիւններու վերացումն է:
Իրանի նախագահի խորհրդական Մեհտի Սանայի իր կարգին ըսած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մակարդակը պէտք է դուրս գայ զուտ դիւանագիտական ձեւաչափէն եւ տարածուի այլ պետական եւ սեփական հատուածներու վրայ:


