Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը դիտարկուին իբրեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման հաւանական վայրեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիայէն երկու լաւատեղեակ աղբիւրներ:
Լրատու գործակալութեան տուեալներով` վերջին շաբաթներուն Ռուսիայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այցելութիւններ կատարած են Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Միեւնոյն ժամանակ, աղբիւրներէն մէկը յայտնած է, որ Մոսկուան առայժմ չ՛աջակցիր այդ վայրերուն մէջ հանդիպում կատարելու գաղափարին, որովհետեւ երկու երկիրներն ալ անվտանգութեան ոլորտին մէջ սերտ կապեր ունին Միացեալ Նահանգներու հետ:
Թրամփ կիրակի օր Ուաշինկթընի մօտ գտնուող «Էնտրուզ» օդուժի ռազմակայանին մէջ յայտարարած էր Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներու հետ ծրագրաւորուած հանդիպումներու եւ հաղորդակցութիւններու մասին:
Անոր համաձայն, նախատեսուած հանդիպումներու քննարկումը կ՛ընթանայ «բաւական յաջող»:


