Թուրքիան պատրաստ է ընդունելու Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուած պաղեստինցիները: Նման յայտարարութիւն կատարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` քաթարցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ հանդիպումէն ետք:
«Կազայի զինադադարի համաձայնագիրի պայմաններէն մէկը կը նախատեսէ, որ պաղեստինցի բանտարկեալները ազատ արձակումէն ետք պէտք չէ մնան պաղեստինեան հողերուն մէջ:
«Մեր նախագահ Էրտողանը ըսած է, որ մենք այլ երկիրներու հետ պատրաստ ենք հիւրընկալելու ազատ արձակուած պաղեստինցիները: Միւս երկիրները նոյնպէս պէտք է նպաստեն այս համաձայնագիրի իրականացման», նշած է Ֆիտան:
Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդը տեղահանման կամ այլընտրանքային հայրենիքի որեւէ ծրագիր պիտի չընդունի»:
Նախագահութիւնը նաեւ դատապարտեց պաղեստինցի քաղաքացիները տեղահանելու համար պատերազմի Այսրյորդանանի մէջ ընդլայնումը` ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղելով «միջամտելու` դադրեցնելու համար իսրայէլեան յարձակումը, որ կացութեան պայթումին պիտի յանգեցնէ»:


