Այսօր գիշեր վերջ կը գտնէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին հանգրուանը, 8-րդ շաբթուան մրցումներով:
Այսօր կէս գիշերին դուրս կը մնան 12 խումբեր, մինչ 8 խումբեր կը հասնին 3-րդ հանգրուան, իսկ այլ 16 խումբեր կը հասնին 2-րդ հանգրուան:
Ինչպէս նշած էինք, առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն պիտի հասնին 3-րդ հանգրուան, մինչ 9-րդէն 24-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի զտուին 2-րդ հանգրուանին, անոնցմէ յաղթական 8-ն պիտի միանան մնացեալ 8-ին` Գ. հանգրուանին:
Առաջին դիրքը գրաւող խումբը, որ իր 7 ելոյթներն ալ յաղթանակով աւարտած էր, պիտի մեկնի Նետերլանտներ` մրցելու Փ.Ս.Վ. Այնտհովընի դէմ:
19-րդ դիրքը գրաւող Այնտհովըն 11 կէտ ունի եւ կրնայ հասնիլ յաջորդ հանգրուան, մինչ Լիվըրփուլ արդէն իսկ Գ. հանգրուանի իր տոմսը շահած է:
Շթութկարթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումը կրնայ շատ հետաքրքրական ըլլալ` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ 10-ական կէտեր ունին, ուր գերմանական խումբը 24-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ ֆրանսականը` 22-րդ: Փարիզի կազմի 33-րդ մրցումն է գերմանական ակումբի դէմ եւրոպական մրցաշարքին: 15 մրցումներու անոնք կրցած են յաղթական դուրս գալ, մինչ 4 մրցումներ հաւասարութեամբ աւարտած են: 13-րդ պարտութիւնը կրեց փարիզեան կազմը այս տարեշրջանի 5-րդ շաբթուան գծով Պայերն Միւնիխի դէմ 1-0 արդիւնքով:
Մանչեսթըր Սիթի – Ֆ. Ք. Պրիւժ մրցումը այլ մրցում մըն է, որ իրար դէմ պիտի հանէ երկու խումբեր, որոնք կը պայքարին հասնելու յաջորդ հանգրուան: Սիթի 8 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 25-րդ դիրքը, իսկ Պրիւժ 11 կէտ ունի եւ 20-րդ դիրքը կը գրաւէ: 2021-2022 տարեշրջանին երկու խումբերը իրար դէմ մրցած էին, եւ Սիթի երկու մրցումներու ընթացքին 9 կոլ նշանակած էր պելճիքական կազմին բերդին մէջ:
Պայերն Միւնիխ – Սլովան Պրաթիսլաւա մրցումը կարեւոր պիտի ըլլայ գերմանական ակումբին համար, որ քիչ մը անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուի: Պայերն կրնայ առաջին 8-ին մէջ մտնել (դասաւորման մէջ), եթէ յաղթէ, եւ իրմէ աւելի բարձր դիրքեր գրաւող խումբեր լաւ արդիւնքներ ձեռք չձգեն: Պայերն սլովաքիական ակումբներու դէմ 4 մրցում կատարած է` յաղթելով 3-ին հաւասարելով 4-րդին, բայց վերջին ճակատումը 1988-ին էր:
Ինթեր Միլան – Մոնաքօ մրցումը հետաքրքրական կրնայ ըլլալ, որովհետեւ երկու խումբերն ալ կրնան գրաւել 8 դիրքերէն մէկը: Ինթեր 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Մոնաքօ 10-րդ դիրքի վրայ է` 3 կէտով ետ մնալով Ինթերէն (16 կէտ): Ինթեր նախապէս 4 անգամ մրցած է Մոնաքոյի դէմ` յաղթելով 3-ին:
Պարսելոնա – Աթլանթա մրցումը կրնայ իր կարգին լաւ մրցում մը ըլլալ, ուր 2-րդ դիրքը գրաւող Պարսելոնա (18 կէտ) կը հիւրընկալէ 7-րդ դիրքը գրաւող Աթալանթան (14 կէտ), որ անցեալ տարի «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիրն էր: Պարսելոնա շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրած է իտալական ակումբներու դէմ 67 մրցումներուն 32-ը յաղթելով եւ 21-ը հաւասարութեամբ աւարտելով: Բայց վերջին 4 ճակատումներէն միայն 1-ը յաղթած է:
Եուվենթուս – Պենֆիքա մրցումը բաւական հաւասարակշռուած պէտք է ըլլայ, ուր Եուվէ 17-րդ դիրքի վրայ (12 կէտ) կը գտնուի, իսկ Պենֆիքա 21-րդ դիրքի վրայ ունի 10 կէտեր: Պենֆիքա իր նախկին 4 ելոյթներուն ալ կրցած է յաղթել Եուվենթուսին:
Պրեսթ – Ռէալ Մատրիտ մրցումը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ` նկատի ունենալով, որ սպանական խումբը անկայուն տարեշրջան մը կ՛ունենայ, բայց Ռէալ Մատրիտ, ինչպէս միշտ, դժուար մրցումներուն նոյնիսկ վատ ֆութպոլ խաղալով կրնայ յաղթել: Պրեսթ 13 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 13-րդ դիրքը, մինչ Ռէալ Մատրիտ 12 կէտեր ունի եւ 16-րդ դիրքը կը գրաւէ, եւ այս տարեշրջանին այլ ֆրանսական ակումբի մը` Լիլէն պարտութիւն կրած էր:
Ինչպէս նշեցինք, խումբերը, որոնք 9-րդէն 24-րդ դիրքերը պիտի գրաւեն, իրենց մրցակիցները պիտի գիտնան ուրբաթ օր տեղի ունենալիք վիճակաձգութեան: Երթուդարձի դրութեամբ անոնք 11-12 փետրուարին եւ 18-19 փետրուարին պիտի մրցին իրար դէմ, վերջնական յաղթականները պիտի մրցին առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերուն դէմ, Գ. հանգրուանին:
Գ. հանգրուանի, քառորդ աւարտականի եւ կիսաւարտականի վիճակաձգութիւնները տեղի պիտի ունենան 21 փետրուարին:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 31 մայիս 2025-ին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» մարզադաշտին վրայ: