Անցեալ ամիսներուն երկրին մէջ տիրած անկայուն վիճակէն ետք, ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը այս տարի իր տարեշրջանը սկսաւ պասքեթպոլի մրցումներով:
Անցեալ տարիներուն նման մրցումները բաժնուած են տարիքային երկու մասերու, ուր փոքր խումբերուն կը մասնակցին 14 տարեկանէն վար աշակերտներ, իսկ 15 տարեկանէն վեր տարիքով պատկերները կը մասնակցին մեծ խումբերուն:
Առաջին շաբթուան մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները (ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ աթլեթիզմի մրցումները տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ շաբաթներուն).
ՓՈՔՐ ՏՂԱՔ (14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ)
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան 36-24
ՄԵԾ ՏՂԱՔ 15 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԵՐ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան 54-30
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարան – Մխիթարեան վարժարան 72-26
ՄԵԾ ԱՂՋԻԿՆԵՐ (15 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԵՐ)
Ազգային միացեալ վարժարան – ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններ 14-50
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարան 41-24