Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Պարտուեցաւ Շիքակոյի Մէջ

Յունուար 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ երէկ շատ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան: Իլինոյի մէջ, Շիքակօ Պուլզ կը հիւրընկալէր 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցը: Առաջին կիսախաղին 12 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, Տենվըր չկրցաւ զսպել Շիքակոյի 3 կէտնոց կողովները, վերջինս կրցաւ 7 յաջորդական պարտութիւններէ ետք յաղթանակ արձանագրել: Այս Տենվըրի յաջորդական երկրորդ պարտութիւնն էր, հակառակ անոր որ իր աստղը` սերպ Նիքոլա Եոքիչ տարեշրջանի 21-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց` նշանակելով 33 կէտ, 14 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ… իր 6-րդ թրիփըլ տապըլը վերջին 7 մրցումներուն:

Քրիսթիան Պրաուն (28 կէտ), Ճամալ Մարէյ (18 կէտ) եւ Մայքըլ Փոլթըր (18 կէտ) լաւ ելոյթ ունեցան Տենվըրի կողմէ, բայց բաւարար չէր յաղթելու մրցումը:

Զաք Լըվին (21 կէտ), Նիքոլա Վուչեվիչ (20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Լոնզօ Պոլ (18 կէտ), Այօ Տոսունմօ (17 կէտ), Ճոշ Կիտի (12 կէտ եւ 10 էսիսթ), Փաթրիք Ուիլիամս (11 կէտ), ինչպէս նաեւ Տէյլըն Թերի (13 կէտ) խմբային գեղեցիկ ելոյթ ցուցաբերեցին Շիքակոյի կողմէ:

Անթոնի Տէյվիս Լոս Անճելըս Լէյքըրզը առաջնորդեց յաջորդական 4-րդ յաղթանակի, այս անգամ` Չարլոթ Հորնեթցի դէմ (112-107):

Մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ առաջ մնաց Լէյքըրզ` առիթ չտալով Չարլոթին, որ մրցումի մթնոլորտին մէջ մտնէ: Անթոնի Տէյվիս ուղղակիօրէն իր ներկայութիւնը փաստեց կողովին տակ` նշանակելով 42 կէտ եւ ձեռք ձգելով 23 ռիպաունտ: Լըպրոն Ճէյմս (22 կէտ) եւ Օսթըն Ռիվզ (17 կէտ) եղան Լէյքըրզի լաւագոյններէն:

Մայլզ Պրիճզ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Չարլոթին, որուն աստղը` Լամելօ Պոլ երկրորդ մասին վիրաւորեց իր ոտքը: Լամելօ 158 մրցումէ բացակայած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր ասպարէզին ընթացքին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ան վերադարձած էր ամէն մրցումի միջին հաշուով 29 կէտ նշանակելով, սակայն զարմանալիօրէն նկատի չէր առնուած «Օլ Սթար»-ի մրցումի իբրեւ հիմնական մարզիկ, հակառակ անոր որ ան ամէնէն շատ քուէները ստացած էր Արեւելեան շրջանի կարտերու գծով, համակիրներուն կողմէ: Համակիրներու քուէները ընդհանուր քուէարկութեան 50 տոկոսը կը նկատուէին, մնացեալ 50 տոկոսը բաժնելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկներու եւ թղթակիցներու քուէներուն միջեւ:

Այլ հետաքրքրական մրցում մըն էր Պոսթընի մէջ, ուր Հիուսթըն Ռոքեթց 114-112 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Սելթիքսը: Ռոքեթցի 31-րդ յաղթանակն էր 14 պարտութեան դիմաց, մինչ Պոսթընի 15-րդ պարտութիւնն էր 32 յաղթանակի դիմաց:

Էյմըն Թոմփսըն 33 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ռոքեթցի, մինչ Պոսթընի լաւագոյն մարզիկն էր Ճէյլըն Պրաուն (28 կէտ):

Նիւ Եորք Նիքս իր Մետիսըն Սքուէր Կարտընի դաշտին վրայ մեծ արդիւնքով յաղթեց Մեմֆիս Կրիզլիզին` 143-106 արդիւնքով: Մեմֆիս շատ լաւ վիճակի մէջ էր` յաղթելով իր վերջին 6 մրցումներուն, սակայն այս մրցումին անակնկալի մատնուեցաւ Նիւ Եորքէն, որ իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց: Միքալ Պրիճզ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որուն մարզիկներէն Քարլ-Անթոնի Թաունզ (24 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Ճէյլըն Պրանսըն (20 կէտ) փայլուն ելոյթ ունեցան:

Ճէյլըն Ճեքսըն (21 կէտ) եւ Տեզմընտ Պէյն (16 կէտ) եղան Մեմֆիսի լաւագոյնները: Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ շատ լաւ սկսելէ ետք Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ մրցումը, քիչ մնաց վերջին մասին պարտութիւն կրէր, բայց մազապուրծ փրկուեցաւ Քլիփըրզի յարձակումներէն:

Տեւըն Պուքըր (26 կէտ) եւ Քեւըն Տիւրենթ (24 կէտ) եղան Ֆինիքսի լաւագոյնները, որոնք իրենց 9-րդ յաղթանակը արձանագրեցին վերջին 12 մրցումներուն:

Սանզ կը յաղթէր 103-90 արդիւնքով մրցումի աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, սակայն Քլիփըրզ յաջորդական 10 կէտեր նշանակելով մօտեցաւ 107-106 մրցումի աւարտէն 40 երկվայրկեան առաջ: Ֆինիքսի մարզիկ Կրէյսըն Էլըն 2 կէտեր նշանակեց ազատ հարուածով, աւարտէն 10 երկվայրկեան առաջ, 111-107-ի բարձրացնելով տարբերութիւնը, բաւարար եղաւ առջեւ մնալու:

Իվիցա Զուպաց (25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (24 կէտ եւ 10 էսիսթ) եղան Քլիփըրզի լաւագոյնները:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 110-91
Չարլոթ Հորնեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 107-112
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 113-104
Նիւ Եորք Նիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 143-106
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք 125-119
Պրուքլին Նեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 96-110
Պոսթըն Սելթիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց 112-114
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Աթլանթա Հոքս 100-92
Շիքակօ Պուլզ – Տենվըր Նակեթց 129-121
Տալաս Մեւրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 130-108
Եութա Ճեզ – Միլուոքի Պաքս 110-125
Ֆինիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 111-109

Նախորդը

134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ճակատագրական Օր Մեծ Խումբերու Համար

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?