Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Էջմիածինի Մայր Տաճարին Մէջ Կատարուեցաւ Աղօթք` Ազրպէյճանի Մէջ Ապօրինաբար Բանտարկուած Հայ Գերիներուն Համար
Յունուար 19-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութիւնը յաւարտ Սուրբ պատարագի մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանի, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ Պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու, զինուորներու եւ քաղաքացիներու համար:
«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ` Արցախցի Նկարիչ Արծիւ Լալայեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէսը
«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ բացումը կատարուեցաւ արցախցի նկարիչ Արծիւ Լալայեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին:
Կրկնակի տեղահանուած նկարիչին առիթը ներկայացած է 2023-ի սեպտեմբերին Արցախէն դուրս բերել իր եւ կնոջը` նկարչուհի Տաթեւ Ամիրջանեանի հեղինակային որոշ նկարներ: Հադրութի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ մնացած են անոնց տարբեր չափի թուղթերու վրայ ստեղծագործած հազարաւոր նկարներ եւ մօտաւորապէս հարիւր կտաւ:
Արծիւ Լալայեան ցուցահանդէսին ներկայացուցած է 2020-էն ետք ստեղծագործած նկարներ, ինչպէս նաեւ` նոր գործեր, որոնք ստեղծուած են Արցախի տեղահանումէն ետք:
«Նարեկացի» արուեստի միութեան ցուցահանդէսներու համակարգող, արուեստաբան Տաթեւիկ Համբարձումեան իր բացման խօսքին մէջ հաղորդեց, որ` «Արծիւ Լալայեանի աշխատանքները կ՛առանձնանան արդիական տարբեր ուղղութիւններու գեղարուեստական մօտեցումներու համատեղութեամբ»:
Տեղեկացնենք, որ Արծիւ Լալայեան ծնած է Արցախի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղը: Ան մասնակցած է բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ: 2022 թուականին Երեւանի մէջ իրականացուցած է անհատական ցուցահանդէս:
Պարոյր Սեւակի Տուն-Թանգարանին Մէջ Նշուեցաւ Անուանի Գրագէտին Ծննդեան Օրը
24 յունուարին Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին մէջ, ըստ տարիներու աւանդութեան, նշուեցաւ Պ. Սեւակի ծննդեան օրը: Անուանի բանաստեղծը, գրականագէտը այս օրը պիտի դառնար 101 տարեկան:
Ցերեկոյթին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ` Արարատի մարզպետի աշխատակազմէն, Արարատ համայնքի ղեկավար Ասլան Աւետիսեանը, արուեստագէտներ, համայնքի բնակիչներ: Ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցուցին Սեւակի շիրիմին, վերյիշեցին բանաստեղծի կեանքին պատմութիւնը եւ ստեղծագործութիւնները:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ նոյն վայրին մէջ կայացաւ շնորհահանդէսը «Ընթացք եւ վերելք» գիրքին, որուն մէջ ամփոփուած են մեծանուն բանաստեղծին մասին գրուած տարբեր յօդուածներ, միտքեր` հայ եւ համաշխարհային գրականագէտներու եւ գրողներու կարծիքով:
«Գիրքը իմ եւ գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի միացեալ աշխատութիւնն է: Վերջինս մտերիմ եղած է Պարոյր Սեւակի հետ, անոնք ծնած են նոյն գիւղին մէջ: Պէտք է նշեմ, որ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուած է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ ուրիշ շատ մը երկիրներու մէջ, ուր կան հայ համայնքներ: Նաեւ լոյս տեսած են շարք մը գիրքեր: Այս գիրքը մէկ կողմէ կ՛եզրափակէ 100-ամեակի ձեռնարկները, իսկ միւս կողմէ` կ՛ազդարարէ երկրորդ 100-ամեակի մեկնարկը», իր խօսքին մէջ յայտնեց Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեանը:
«Յանուն Արցախի». Համախմբում` Արցախցիներւ Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Շուրջ
«Յանուն Արցախի» միաւորումը համախմբած է արցախեան հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններ եւ Արցախի պետականութեան ստեղծման ակունքներուն կանգնած անհատներ:
Յունուար 19-ին կայացած համաժողովը երրորդն էր, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որուն մէջ նշուած է. «Գիտակցելով առկայ ծանրագոյն իրավիճակին մէջ Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին համար մեր բաժին պատասխանատուութիւնը, մենք կը վաւերացնենք «Յանուն Արցախի» միաւորման անդամներու համագործակցութեան յուշագիրը` նպատակ ունենալով համախմբուած եւ համակարգուած գործունէութիւն ծաւալել մեր միասնական նպատակներու ուղղուածութեամբ:
Իսկ այդ նպատակներն են`
– Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձ Արցախ եւ անոր անվտանգ, արժանապատիւ, ինքնորոշուած եւ կայուն կեանքի ապահովում իր պատմական հայրենիքին մէջ:
– Արցախէն բռնի տեղահանուած անհատներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ ընկերային հարցերու կարգաւորում Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ միջազգային հարթակներու վրայ:
– Արցախի ժողովուրդի դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու մեղաւորներու անհատական եւ հաստատութենական պատասխանատուութեան ենթարկում:
– Ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ գտնուող Արցախի ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, հանրային եւ մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւն»:
«Յանուն Արցախի» միաւորումը դիտել տուաւ, որ պիտի շարունակէ համախորհուրդ աշխատանքները` արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
Հայաստանը` Հին Բաբելոնեան Արձանագրութիւններէն Մէկուն Մէջ. Բրիտանացի Գիտնականը Ներկայացուց Բացառիկ Նմուշ
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ կայացաւ միջազգային բանախօսութիւններու շարքէն եւս մէկ զեկոյց` «Հայաստանը հնագոյն քարտէսներում» խորագրով մնայուն ցուցադրութեան շրջանակին մէջ:
Միջազգային համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ Բրիտանական թանգարանի Մերձաւոր Արեւելքի բաժինի աւագ ֆոնտապահ, փրոֆեսէօր Իրուինկ Ֆինքելը, որ հանդէս եկաւ «Աշխարհի բաբելոնեան քարտէսը նոր լոյսի ներքեւ» նիւթով բանախօսութեամբ:
Փրոֆեսէօր Ֆինքել ներկայացուց Քրիստոսէ առաջ 7-5-րդ դարերուն ստեղծուած եւ Բրիտանական թանգարանին մէջ պահուող աշխարհի հնագոյն բաբելոնեան քարտէսին մասին իր բացայայտումները եւ հետաքրքրական մեկնաբանութիւնները: Ան ցուցադրեց կաւէ սալիկ, որուն վրայ պահպանուած քարտէսին մէջ առկայ է հնագոյն Բաբելոնը` իր յարակից տարածքներով, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ հայկական Ուրարտուն կամ Վանի թագաւորութիւնը:
«Երեւանի մէջ շրջայց կատարելու ժամանակ նկատեցի ու հաճելիօրէն զարմացայ, երբ ինչ-որ տեղ տեսայ աշխարհի բաբելոնեան հնագոյն քարտէսի մետաղական կրկնօրինակը: Մարդիկ կրնան անոր միջոցով ծանօթանալ ներկայացուած կարեւոր նմուշին եւ անոր նշանակութեան, մինչդեռ բրիտանական կղզիներուն մէջ շատերը աշխարհի հնագոյն սեպագիր քարտէսին մասին ընդհանրապէս ոչինչ գիտեն», ըսաւ Ֆինքել:
Այնուհետեւ գիտնականը ցոյց տուաւ բացառիկ նմուշին պատկերը, որուն եզրերը հիմնականօրէն չեն պահպանուած, սակայն կեդրոնական հատուածին մէջ կարեւորագոյն սեպագիրները մնացած են: Վերծանողները ժամանակի ընթացքին յաջողած են ստեղծել նմուշին հրապարակուած տարբերակը:
«Սեպագիր արձանագրութիւնը գրուած է ձախէն աջ եւ շրջապատուած է երկշերտ գծավանդակով, իսկ ներքեւը արդէն քարտէսի գծապատկերն է: Քարտէսը իր հերթին բաժնուած է երեք տարբեր մասերու, որոնց փոխկապակցուածութեան հարցը մնայուն մտահոգած է գիտնականները: Շատեր կասկածանքով կը վերաբերին սեպագիր գիրերուն, սակայն կը վստահեցնեմ, որ 130 հազար սեպագիր այլ նմուշներ ալ կան, որոնք մանրազնին ուսումնասիրուած են` մարդկութեան փոխանցելով արժէքաւոր տեղեկութիւններ: Իմ կողմէս ցուցադրուող նմուշը գրուած է հին սեմական լեզուներէն մէկով, որ կը պատկանի նոյն լեզուընտանիքին, որուն մէջ ընդգրկուած են եբրայերէնը, արաբերէնը եւ այլ լեզուներ», մանրամասնեց փրոֆեսէօր Ֆինքելը:
Ան աւելցուց, որ գտածոյ սեպագիր քարտէսին արտապատկերումը մշակուած է Բրիտանական թանգարանին կողմէ: Սեպագիր քարտէսի հիմքին մէջ ներկայիս Իրաքի տարածքն է, ուր եղած է հին Բաբելոնը, հնագոյն շրջանի մարդոց պատկերացումով` աշխարհի կեդրոնը: Բրիտանացի փրոֆեսէօրը տեղեկացուց, որ սեպագիր արձանագրութեան մէջ կան յիշատակումներ նաեւ` համաշխարհային ջրհեղեղի եւ տապանի մասին, ինչպէս նաեւ` անուանուած ճշգրիտ տեղանքներ: Ֆինքելը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց սեպագիր քարտէսին մէջ առկայ եռանկիւնները, որոնք ցոյց կու տան տարբեր ուղղութիւններ եւ տարածաշրջաններ:
«Տարբեր ուղղութիւններ կամ տարածքներ ցոյց տուող եռանկիւնները կը կոչուին Նագու: Ուղղորդող եզրանկիւններէն մէկը կը տանի դէպի պատմական Ուրարտու: Ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ, այնպէս ալ հին աշխարհի բաբելոնեան սեպագիր այս արձանագրութեան մէջ նշուած է, որ տապանը կանգ առած է բարձր լերան` Ուրարտուի կամ Արարատի գագաթին, սակայն կը խօսուի ոչ թէ մէկ լերան, այլ լեռնաշղթայի մասին: Փորագրուած է մասնաւորապէս Ուրաշտու բառը, որ Ուրարտուի բարբառային տարբերակն է եւ ցոյց կու տայ այն տարածքը, ուր եղած է Ուրարտական թագաւորութիւնը: Ապշեցուցիչ բացայայտումը այն է, որ ըստ բոլոր ուսումնասիրութիւններուն, խօսքը կը վերաբերի պատմական Հայաստանի տարածքին: Անժխտելի փաստ է, որ Աստուածաշունչը սեպագիր արձանագրութիւններէն վերցուցած է ամբողջ պատմութիւնը` ստեղծելով անժխտելի կապ իրականութեան եւ սեպագիր արձանագրութեան միջեւ», շեշտեց բրիտանացի գիտնականը:
Զեկոյցի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով փրոֆեսէօր Ֆինքելին` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան նշեց, որ բանախօսութիւններու շարքը ինքնին կարեւոր է եւ արդիւնք է յատկապէս Բրիտանական թանգարանին հետ վերջին տարիներուն ծաւալած աշխուժ համագործակցութեան: Երէկ ներկաները լսեցին Ճէյմս Ֆրէյզերի զեկուցումը, որուն այսօր յաջորդեց Իրուինկ Ֆինքելի բաւականին հետաքրքրական եւ ուշագրաւ մեկնաբանութիւնները: Ան աւելի անուանի է ասորագիտութեան ոլորտի իմացութեամբ եւ սեպագիր արձանագրութիւնները վերծանելու հմտութեամբ:
«Պատերազմի Պատկերով` Կեանքի Ու Կենսունակութեան Մասին» Լուսինէ Նաւասարդեանի Նախագիծը
Յունուար 22-ին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է Լուսինէ Նաւասարդեանի «Լռութիւն» լսատեսողական նախագիծին, կազմուած` չորս մեթրնոց հսկայական գծանկարէ եւ ստեղծագործութեան ընթացքը ցուցադրող վաւերագրական տեսանիւթէ:
Այս գործը, որ ստեղծուած է 2021-2024 թուականներու ընթացքին, արուեստագէտին արձագանգն է 44-օրեայ պատերազմին եւ Արցախի կորուստի ողբերգական իրադարձութիւններուն:
Լուսինէ Նաւասարդեանի նախագիծի ներկայացումը Ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ փետրուար 2, այնուհետեւ պիտի ներկայացուի Պերլինի մէջ եւս:
Ազգային Գրադարանին Մէջ Բանախօսութիւն` Նուիրուած Գրիգոր Պըլըտեանի 80-Ամեակին
Յունուար 20-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանի արուեստի սրահին մէջ տեղի ունեցած է բանախօսութիւն` նուիրուած սփիւռքահայ անուանի գրականագէտ, գրող Գրիգոր Պըլըտեանի 80-ամեակին:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Լեզուի յանձնախումբի նախագահ Սիրանուշ Դվոյեան իր բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձած է` Պըլըտեանի գրական ժառանգութեան, ստեղծագործական ուղիին եւ հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:
Ան նշած է, որ գրողը մնայուն կերպով կապ պահած է հայրենի գրականագէտներուն հետ, իսկ վերջին երկու տասնամեակներուն անոր գիրքերուն մեծ մասը հրատարակուած է Երեւանի մէջ:
Բանախօսը ընդգծած է, թէ Գրիգոր Պըլըտեան տարիներէ ի վեր երիտասարդ ուսումնասիրողներուն կը փոխանցէ գրականութեան նկատմամբ իր սէրն ու գիտելիքը:
Նշենք, որ նոյն սրահին մէջ ցուցադրուած են Պըլըտեանի բազմաթիւ գիրքերը, իսկ հանդիպումը տեղի ունեցած է գրասէր ու պատմասէր լսարանի մը առջեւ, մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: