ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սանձարձակ կերպով կը բռնադատէին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան մարդկային տարրական իրաւունքները: Անոնք փակած էին հայկական բոլոր եկեղեցիները եւ բիրտ ճնշումներ կը կիրարկէին հայ դպրոցին ու մշակոյթին նկատմամբ: Միաժամանակ Պաքու մարզը հայաթափելու, թրքացնելու հետեւողական քաղաքականութիւն կը վարէր:
Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հակահայ բռնութիւններուն դէմ պայքարելու համար տարբեր կուսակցութիւններու պատկանող արցախահայեր հիմնեցին «Ղարաբաղը Հայաստանին» միութիւնը: Միութեան անդամ էին նաեւ շարք մը հայ համայնավարներ: Միութիւնը առաջին հերթին սկսաւ թռուցիկներ ցրուել «Ղարաբաղը Հայաստանին» նշանաբանով:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արագ հակադարձեցին: Հարիւրաւոր հայեր ձերբակալուեցան եւ բանտերը լեցուեցան: Հարիւրաւոր հայեր ալ երկաթուղիները լեցնելով Ռուսաստան ուղարկեցին: Ձերբակալութենէ խուսափելու համար շատեր լեռները եւ անտառները թաքնուեցան:
Իշխանութիւնները արցախցիները ընկճելու եւ տնտեսապէս քայքայելու համար սկսան պետական տուրքի ապառիկներ հաւաքել ամենախիստ միջոցներով: Դրամի փոխարէն միլիսներ տնային բոլոր տեսակի իրեղէնները, ցորեն եւ ընտանի անասուններ կը բռնագրաւէին: Մեծ քանակութեամբ վերմակներ դիզուեցան տարբեր շրջաններու մէջ: Շատեր իրենց տունը, ընտանիքը եւ զաւակները ձգելով փորձեցին գլուխնին ազատել:
Պաքուէն յատուկ պատուիրակ ուղարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ: Հարիւրաւոր ռուս զինուորներով պաշտպանուած Բաղիրով Ղարաբաղի համայնավար դէմքերը հաւաքելով անոնց ըսաւ.
– Պրոլետար ընկերներ, խորհրդային իշխանութեան անունով կը խօսիմ ձեզի հետ: Անոնք, որոնք ձերբակալուած կամ փախած են, մեր թշնամիներն են: Դեռ շատ կան, որ պիտի ձերբակալուին: Ամբողջ լեռները դարձած են փախստականներու բնակավայրեր: Երբ մութը վրայ կը հասնի, կարծես թէ աստեղազարդ երկինք ըլլան լեռները` ամէն կողմերը լոյսեր կ՛երեւին եւ ամէն կողմէն երբեմն-երբեմն համազարկի ձայներ կը լսուին:
* * *
«Ղարաբաղը Հայաստանին» շարժման գործիչները Շուշիի շրջանին մէջ պահեստ-արհեստանոց հիմնեցին: Խորհրդային Չեկան (արտակարգ յանձնաժողով) յայտնաբերեց արհեստանոցը եւ ձերբակալեց 17 զինագործ վարպետներ: Գրաւուեցաւ վեց թնդանօթ, 30 գնդացիր եւ այլ տեսակի զէնքեր ու զինամթերք:
Հադրութի շրջանին մէջ, Քիրս լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին գտնուող Խծաբերդ գիւղին բնակիչները 1930-ին ապստամբեցան: Զօրքը փորձեց զսպել գիւղացիները, բայց չյաջողեցաւ: Դիմադրութեան փորձեր սկսան տարբեր գիւղերու մէջ: Պաքուէն մեծ քանակութեամբ զօրք տեղափոխուեցաւ Ղարաբաղ, ճնշելու համար սկսած շարժումը:
Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը 1931-ին մեղադրուեցաւ ազգայնականութեան, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի վերամիաւորելու փորձերու եւ դաշնակցական կուսակցութեան գաղափարներուն դէմ չպայքարելու համար: Մարզային եւ շրջանային շարք մը գործիչներ անհիմն մեղադրանքներով չէզոքացուեցան եւ բռնադատուեցան:
Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէն բազմիցս քննարկեց Ղարաբաղեան շարժման հետ կապուած հարցեր: Շատ մը հայ համայնավարներ դուրս դրուեցան կուսակցութեան շարքերէն, ինչպէս նաեւ շրջանային կուսակցական կազմակերպութիւններ լուծարքի ենթարկուեցան:
* * *
Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին լայնածաւալ մաքրագործումներու, ամէնօրեայ
դաժան հալածանքի, վախի ու սարսափի մահաբոյր օրեր էին, եւ մինչեւ իսկ ընտանիքի անդամներ մէկը միւսը լրտեսելու եւ մատնութիւն կատարելու պարտաւորութեան տակ դրուած էին: «Գաղափարական մաքրութիւն» կատարելու եւ բանակը, մտաւորականութիւնն ու ժողովուրդը հլու հնազանդ պահելու իբրեւ միջոց ընտրուած էր հաւաքական անխնայ հաշուեյարդարներու եղանակը: Ձեւաւորուած էր Ստալինի անձի պաշտամունքը. թերուս բռնապետը հռչակուած էր ընկերային գիտութեան մեծագոյն փիլիսոփայ, հանճարներու հանճար, ժողովուրդներու հայր, եւ ամէնուրեք անոր արձանները կանգնեցուած էին:
Երկրին մէջ ստեղծուած էր անվստահութեան, կասկածի, վախի, զիրար մատնելու, թշնամիներ ու լրտեսներ փնտռելու այնպիսի մթնոլորտ, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ հետեւի եւ տեղեկութիւններ հաւաքէ ընդյատակի մէջ գործող «ժողովուրդի թշնամիներու», հակախորհրդային ու հակայեղափոխական տարրերու մասին` զանոնք բացայայտելու եւ դատապարտելու համար:
Ստալին համայնավար կուսակցութեան 16-րդ համագումարին (1930 յունիս) առաջադրած էր, որ ամբողջ ճակատով ընկերվարական շինարարութեան յարձակման անցնելու պայմաններուն տակ` քաղաքին եւ գիւղին մէջ պէտք է սրուէր դասակարգային պայքարը: Այսինքն` բռնաճնշումները նոր թափ պէտք է ստանային, աւելի շատ ընկերվարութեան ու ժողովուրդի թշնամիներ պէտք է բացայայտուէին ու հաշուեյարդարի ենթարկուէին: Ընկերվարութեան կառուցման ճանապարհին թէ՛ համայնավար կուսակցութենէն ներս եւ թէ անկէ դուրս պէտք է թշնամիներ յայտնաբերուէին եւ չէզոքացուէին: Երկրին մէջ պէտք է հաստատուէր յաղթանակած ընկերվարութեան բանուորագիւղացիական պետութիւնը:
Մաքրագործումները լայն ծաւալ ստացան 1937-ին: Բոլոր հին բոլշեւիկները, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էին 1917-ի յեղափոխութեան մէջ, բանակի հինգ մարաջախտներէն երեքը, 15 հրամանատարներէն 13-ը, զօրաբանակներու 57 հրամանատարներէն 50-ը, բաժանմունքներու 186 հրամանատարներէն 154-ը, ինը ծովակալներէն ութը եւ տասնեակ հազարաւոր սպաներ, հին չեկիստներ, մեծաթիւ մտաւորականներ եւ հարիւր հազարաւոր գիւղացիներ, իբրեւ դաւադիրներ, օտար երկիրներու գործակալներ եւ ժողովուրդի թշնամիներ, մաքրագործուեցան: Շատեր իրենց ընտանիքներով անյայտացան եւ կիներն ու մանուկներն ալ զոհ գացին արիւնոտ մաքրագործումներուն: Միլիոնաւոր ձերբակալուածներէն շատեր գնդակահարուեցան, շատեր Սիպերիա քշուեցան եւ մահացան աշխատանքային ճամբարներու մէջ:
* * *
Զանգուածային մաքրագործումներն ու բռնութիւնները իրենց ամբողջ դաժանութեամբ դրսեւորուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ արցախցի պետական ու կուսակցական գործիչներու դէմ:
Ստալինեան բռնութիւններու արցախցի զոհերէն յիշենք Խորհրդային Հայաստանի մէջ պետական եւ կուսակցական գործիչներ Սահակ Տէր Գաբրիէլեան եւ Սարգիս Կասեան, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Անանուն (պատմաբան), Ալեքսանդր Բեկզադեան (դիւանագէտ, դեսպան), Լեւոն Միրզոյեան (կուսակցական գործիչ Ղազախստանի մէջ), Սարգիս Յովհաննիսեան (նկարիչ), Յակոբ Յովհաննիսեան (քիմիագէտ) եւ Գրիգոր Սաղեան (բժիշկ):
Վախի, սպառնալիքի տակ մարդիկ մատնութիւններ կը կատարէին, իրարու դէմ կեղծ ու սուտ լուրեր կը տարածէին` իրարմէ հաշիւ մաքրելու, կամ անձնական վրէժ լուծելու, ինչպէս նաեւ պաշտօն ու արտօնութիւն ստանալու եւ այլ նկատառումներով: Պետական անվտանգութեան մարմինները ցուցմունքներ կը ստանային նաեւ բանտարկեալներէն` բռնութիւններու, ծեծի եւ անմարդկային խոշտանգումներու միջոցով: Կալանաւորներէն շատեր, չդիմանալով խոշտանգումներուն, հարկադրաբար կեղծ ցուցմունքներ տալով կը յուսային մեղմ պատիժ ստանալ:
Մաքրագործումներուն առընթեր լայն ծաւալ ստացաւ դէպի Սիպերիա աքսորը: Ամէնօրեայ դրութեամբ, մանաւանդ գիշերները չեկիստներու խմբակներ թաղէ-թաղ եւ տունէ-տուն շրջելով, ահ ու սարսափի մթնոլորտի մէջ մարդիկ կը հաւաքէին, կը ձերբակալէին եւ ծեծի ու խոշտանգումի տակ մտացածին յանցանքներու վրայ կազմուած ամբաստանագիրներ ստորագրել տալէ ետք ոմանք բանտարկութեան կամ գնդակահարութեան կը դատապարտէին, իսկ շատերն ալ Սիպերիա կը քշէին: Սիպերիոյ անծայրածիր տարածութիւններուն վրայ ցրուած եւ փշալարերով ցանցակալուած ու բարձրադիր պահակային աշտարակներով եւ անոնց վրայ ամրացուած լուսարձակներով շրջափակուած ճամբարներուն մէջ, վայրի եւ ամայի բնութեան տարերքներուն, ձմրան ձիւներուն եւ ահաւոր սառնամանիքներուն եւ ամառը` ճահիճներու մէջ, արիւնածծիչ մժղուկներուն ու մոծակներուն կուրծք տալով մարդիկ մտրակի տակ կ՛աշխատէին ճանապարհաշինութեան, հանքերու, անտառատնտեսութեան եւ այլ մարզերու մէջ: Նամակագրութեան եւ իրենց հարազատներուն հետ հաղորդակցութեան ամէն իրաւունքէ զրկուած, օրական մինչեւ 16 ժամուան ծանր աշխատանքէն, ցուրտէն, սովէն, կարօտէն, տառապանքէն, նուաստացումէն եւ հիւանդութիւններէն շատեր մահացան:
* * *
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը սկսաւ 1 սեպտեմբեր 1939-ին:
Գերմանական եւ անոր դաշնակից բանակները 22 յունիս 1941-ի լուսաբացին անցան Խորհրդային Միութեան սահմանը: Գերմանական լաւապէս սպառազինուած բանակը, կարմիր բանակին յամառ դիմադրութիւնը յաղթահարելով, արագօրէն սկսաւ յառաջանալ հիւսիսէն` Լենինկրատի, կեդրոնէն` Մոսկուայի եւ հարաւէն` Քիեւի ուղղութեամբ, յուլիս 10-ին հասաւ Լենինկրատի հեռաւոր մատոյցները, իսկ յուլիս 16-ին գրաւեց Սմոլենսքը: Պրեսթի ամրոցին պաշտպանները 28 օր, մինչեւ յուլիս 20 դիմադրութիւն կազմակերպեցին:
Պատերազմի առաջին իսկ օրերէն արցախցիք գործօն մասնակցութիւն բերին կռիւներուն: Հազարաւոր արցախցիներ կամաւոր մեկնեցան ռազմաճակատ: Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն շուրջ 45 հազար հայեր մասնակցեցան պատերազմին: Բնակչութեան թիւի տոկոսային համեմատութեամբ արցախցիները պատերազմի մասնակիցներու համեմատութեամբ բազմազգ խորհրդային Միութեան մէջ առաջին տեղերէն մէկը գրաւեցին: Այսպէս, Ղարաբաղի բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը մասնակցեցաւ պատերազմին, մինչ Ազրպէյճանի մէջ մասնակիցներուն թիւը բնակչութեան նուազ քան վեց առ հարիւրն էր:
Պատերազմի առաջին իսկ օրերէն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ հսկայ աշխատանք տարուեցաւ թիկունքը պատերազմական պայմաններուն համապատասխան վերակառուցելու, ռազմաճակատի կարիքներուն հասնելու համար արտադրութեան թողարկումը աւելցնելու, պաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ ռազմաճակատներուն նոր համալրումներ հասցնելու համար: «Ամէն ինչ ռազմաճակատին համար» նշանաբանը կ՛իշխէր ամէնուրեք: