Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տպաւորութիւն. Լիիրաւ Կեանքը` Ներաշխարհի Լուսամուտէն Դիտուած

Յունուար 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

30 դեկտեմբեր 2024-ին, Լաւալէն Անթիլիաս վերադարձիս, գրասեղանիս վրայ գտայ մանկավարժ-հոգեբան Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեանի մակագրած «Life… and a hospital window» գրքոյկը, որ Նոր տարիի լաւագոյն նուէրս եղաւ:

Դպրեվանեցիներուս սիրելի, դպրեվանքի սան եւ ապա երկարամեայ դաստիարակ-ուսուցիչ պարոն Գէորգին աղջիկն է գրքոյկին հեղինակը, որ Անթիլիասի շունչով հասակ առած է իր ընտանեկան յարկին տակ ու կազմաւորուած` հայ քրիստոնէական ապրումներով, եւ այսօր ինք եւս կը դասաւանդէ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ:

Երկու տարիէ ի վեր ակնաբուժս յանձնարարած է փոքրագիր գիրք կարդալէ խուսափիլ եւ գրել-կարդալու պարագային, կէս ժամը մէյ մը տասը վայրկեան դադար առնել: Յարգելով աշխատանքի այս կանոնակարգը` գրքոյկին 60 էջը կրցայ մէկ օրուան ընթացքին գոհունակութեամբ կարդալ եւ ահա տպաւորութիւնս թուղթին կը յանձնեմ քանի մը շաբթուան մտորումէ ետք:

Այս գրքոյկին մէջ կը յայտնուի մայր մը, մանաւանդ` հայ մայր մը, Շաղիկ հայ քրիստոնեայ մայրը, որ իր որդիին` «Կարէնին 18 տարիներու քաղցկեղի ճանապարհորդութիւնը» (էջ 3) որպէս վկայութիւն կ՛արձանագրէ` մեզ հրաւիրելով քաղցկեղի, Լիբանանի Մանուկներու քաղցկեղի կեդրոնի, վախի, վարանումի ու յիշողութեան, հաւատքի, ընտանիքի ու բարեկամներու, ամէնօրեայ կեանքի, սփոփանքի եւ սիրոյ ու արժէքներու լուսամուտերով ներս-դուրս անցնելով` լիիրաւ կեանքը ըմբռնելու ու ապրելու, եւ զայն բաշխելով` առատացնելու:

Իրապաշտութեամբ, խոհականութեամբ, քաջութեամբ, յոյսով, սիրով, կենսունակութեամբ, մասնագիտութեամբ եւ յուզումով թաթաւուն գրքոյկին ընթերցումը աւարտելէ ետք, ինքզինքիս հարց տուի. Կարէնին եւ իր անմիջական շրջապատին 18 տարուան կեանքը պատմող այս գրքոյկը ի՞նչ կը թելադրէ մեզի:

Այս հարցումին պատասխանը կը փորձեմ տալ սեղմ տողերու մէջ` գրքոյկը անդրանցող հայ հոգեւորականի հովուական փորձառութեանս լոյսին տակ, որուն մասին նաեւ քանի մը օր առաջ հոգեշահ զրոյց ունեցայ Շաղիկին հետ, որ վկայեց. «Եթէ քրիստոնէական հաւատքս չըլլար, չէի կրնար տոկալ»:

Գրքոյկը կարդալէս քանի մը օր ետք, ամէնօրեայ աստուածաշնչական ընթերցումներէս եւ խորհրդածութիւններէս մին Յիսուսի Իր աշակերտներուն ուղղած հետեւեալ գօտեպնդիչ խօսքն էր. «Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք: Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 16.33):

Գրքոյկը Յիսուսի բերած ներքին խաղաղութեամբ եւ յաղթութեամբ կը պարուրէ մեր հոգին, երբ Աստուծոյ հակադրուած եւ զԻնք մերժող մարդիկ կը խորհին, թէ «այս աշխարհի «աստուածն» են» (հմմտ. Երկրորդ նամակ կորնթացիներուն 4.4), իսկ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւողները բարձրաղաղակ կը յայտարարեն. «Այս գանձը [Յիսուսը] մեր մէջ կը կրենք կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի, թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է, որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ` մեզմէ: Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք» (Երկրորդ նամակ կորնթացիներուն 4.7-8):

Այս ամրակուռ վստահութեան ժայռին վրայ բարձրացած մարդ-շէնքին լուսամուտէն պէտք է դիտել այն կարճ եւ միաժամանակ լեցուն ու պատգամախօս կեանքը, որ Կարէնը կիզակէտ դարձնելով նաեւ անոր ընտանեկան եւ ընկերային հարազատներունը եղաւ: Կեանք, որ մահէն անդին` կը շարունակուի յաւիտենականութեան մէջ: Ասոր վաւերական հաստատումը կը գտնենք Շաղիկին հետեւեալ խօսքերուն մէջ. «Բազմաթիւ մարդիկ կը հարցնեն ինծի, թէ տակաւին կը հաւատա՞մ Աստուծոյ: Ի վերջոյ Ան չփրկեց որդիդ, կ՛ըսեն ասոնք: Կը պատասխանեմ ասոնց. անշո՛ւշտ կը հաւատամ, նոյնիսկ շա՛տ աւելի կը հաւատամ, որովհետեւ հիմա Ա՜ն ունի իմ որդիս» (էջ 37): Ասոնք խօսքեր են, որոնք կը սորվեցնեն մեզի Աստուծոյ ձեռքը բռնել, երբ կեանքը հեզասահ ու երջանկաբեր է եւ Աստուծոյ գիրկը նետուիլ, երբ կեանքը դժուար ու տառապալից է: Հայ եկեղեցւոյ բժշկութեան աղօթքը արտասանող հաւատացեալը Յիսուսին կը դիմէ` ըսելով. «Մարդոց տկարութիւնները Քու վրադ առիր եւ դատապարտեցիր կեանքի ու փրկութեան Թշնամին [Սատանան]», եւ Պօղոս առաքեալին հետ կը կրկնէ. «Երբ տկար եմ, այն ատեն է, որ զօրաւոր եմ» (Երկրորդ նամակ կորնթացիներուն 12.10):

Կեանքը, եւ մանաւանդ` ցաւալից կեանքը, կը սորվեցնէ մեզի, թէ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը քոյր-եղբայրներդ են, եւ մանաւանդ մեր հոգեւոր աճումին կը նպաստեն: Այնքան տեղին է այն ընդգծումը, թէ Կարէն չէր հանդուրժեր, որ մարդիկ զինք քաղցկեղի խեղճ զոհ մը նկատէին (էջ 13): Յստակ տարբերութիւն մը կայ մէկու մը վրայ խղճալուն եւ կարեկցելուն միջեւ: Կը խղճաս ու կ՛անցնիս. սակայն կը կարեկցիս ու ենթակային հետ կը տառապիս, եւ այդ տառապանքը բարոյական արիութիւն եւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդուն հետ հարազատեցնող անբացատրելի ուրախութիւն կը պատճառէ քեզի: Շատ ճիշդ է Լեւ Թոլսթոյ, երբ կ՛ըսէ. «Եթէ կը ցաւիս, ուրեմն կենդանի ես. իսկ եթէ նմաններուդ ցաւը կը զգաս, ուրեմն մա՛րդ ես»:

Այս գրքոյկին լուսամուտի խորհուրդին շղարշը վերցնող հոգեշէն հիմնական պատգամը կը գտնենք էջ 11-ին մէջ. «Իմաստութեամբ պէտք է ընտրենք լուսամուտէն բացուող տեսարանը, որովհետեւ եթէ սիրելի մը ունինք երկինքի մէջ, պարտաւոր ենք վեր նայելու, նոյնիսկ մեր երեւակայածէն ալ աւելի՜ վեր, որովհետեւ կեանքի ապացոյցը միայն հոն` վերը կրնանք գտնել, եւ այդ լիիրաւօրէն ապրուած կեանքն է»: Հայ քրիստոնէական լիիրաւ կեանքին փառաբանութիւնն է «Կեանք… եւ հիւանդանոցի լուսամուտ մը» գրքոյկը:

Շաղիկ սուր անցած սիրտով (հմմտ. Աւետարան ըստ Ղուկասի 2.35) գրած է այս գրքոյկը, որպէսզի վկայէ, թէ Կարէն 18 տարի ամէն օր ապրեցաւ իր կեանքը եւ միայն մէկ անգամ մեռաւ միշտ ապրած մնալու համար…

23 յունուար 2025          

Նախորդը

«Մարզիկ»-ի Խմբագրական-Թիւ 435. «Մէկը Բոլորին Եւ Բոլորը Մէկուն» (ՀՄԸՄ-ի Համագաղութային Կառոյցի Ստեղծման Յիսնամեակին Առիթով)

Յաջորդը

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?