Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձները առիթներ են յիշելու, յիշեցնելու եւ վերարժեւորելու կուսակցութեան անսակարկ նուիրումը` իր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ, պատմական անցեալը` հերոսական սխրանքներով ու մաքառումներով լեցուն, եւ այն սրբազան առաքելութիւնը, զոր ստանձնած է ան Միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտման տեսլականով:
Դաշնակցութեան իւրաքանչիւր ամեակի, «Ազդակ» առանձին խմբագրականով արժեւորումը կը կատարէ կուսակցութեան կտրած ուղիին: Այս առումով թելադրական է 82-ամեակին առիթով, 25 նոյեմբեր 1972-ի թիւով լոյս տեսած «Օր վերանորոգ ուխտի» խորագրեալ խմբագրականը:
* * *
Աւելի քան ութսուն տարիներու իր փառապանծ անցեալով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, արեան եւ հուրի մէջէն անցած, տագնապներու մէջ թրծուած, միշտ իր իտէալին հաւատարիմ, անձնուրացներու նոյն փաղանգով, այսօր դարձեալ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին, որուն ծոցէն ծնաւ, եւ որուն համար ապրեցաւ ու գործեց` Հայաստանի ազատագրութեան նուիրական դատին զոհելով հոյլը իր ընտիր զաւակներուն:
Իր ժողովուրդին առօրեայ կեանքին հետ շաղախուած, անոր իղձերուն եւ խոր ապրումներուն հետ նոյնացած այս կազմակերպութիւնը տարին մէկ օր պարտականութիւն կը զգայ խօսելու իր հարազատին, խօսելու իր մասին ու նաեւ այն սրբազան առաքելութեան, որուն անխոնջ զինուորեալն է տասնամեակներէ ի վեր:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ութսունեւերկու տարիներու վրայ երկարող իր փոթորկալի գոյութեան ընթացքին, եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ իր ժողովուրդի ծառայութեան մէջ գտաւ ազնուագոյնը կոչումներուն: Հաւատաց գործին գերհզօր ուժին: Խօսքէն աւելի եղաւ գործի կուսակցութիւն: Ապրեցաւ, տառապեցաւ եւ ուրախացաւ իր ժողովուրդին հետ` իր շարքերուն ներշնչելով անհուն սէրը հայրենիքին ու հայութեան:
Ութսունեւերկու տարի, բայց ահա, իր ժողովուրդի ծառայութեան ճամբուն վրայ, նոյն յաղթահասակ երիտասարդն է ան, որուն երակներուն մէջ հոսողը նոյն կենսախայտ արիւնն է, որ ժամանակ մը, հերոսական երանելի օրերուն, առատօրէն հոսեցաւ հայրենի լեռներուն վրայ:
Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայութեան տառապանքէն, ահաւոր երկունքով մը, երբ դարերու ստրկութիւնը կը սպառնար յաւիտենապէս գերեզմանել ինչ որ հայը ունէր իբրեւ խրոխտ եւ արի մարդ:
Դաշնակցութեան աւազանին մէջ մկրտուած քաջերը` «Մահ կամ ազատութիւն» աղաղակելով, բարկացած աստուածներու նման անցան հայոց լեռներուն վրայէն, աներկիւղ նայեցան մահուան աչքերուն, նոյնքան աներկիւղ եղան, երբ իրենց սիրտը ռումբ ըրած` նետուեցան թշնամիին վրայ, հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն, անոր ազատութեան եւ անկախութեան իբրեւ անտեղիտալի պահանջատէր:
«Դաշնակցութեան օր»-ը օրն է իր անմահ հերոսներուն, որոնք իրենց արեամբ գրեցին ժամանակակից մեր պատմութեան ամէնէն սխրալի էջերը:
Իւրաքանչիւր երիտասարդ, որ կ՛ուխտէ նուիրուիլ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ կը մտնէ մեր կազմակերպութեան շարքերէն ներս, այդ վայրկեանէն սկսած կը ժառանգէ անգին հարստութիւնը ա՛յն անձնուրացներուն, որոնք կը պատկանին հայութեան անգիր դիւցազնավէպին:
Այսօր, ծառայելու նո՛յն պատրաստակամութեամբ, իր ստուար շարքերով ՀՅ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնական իտէալին` զայն նկատելով հայութեան գերագոյն նպատակը:
Միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանը, որուն համար բիւրաւորներ ինկան, կը շարունակէ քաղաքական նոյն հանգանակը ըլլալ կուսակցութեան մը, որ այսօր խոր գոհունակութեամբ կը հաստատէ իր գաղափարներուն արմատացումը ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս, բոլոր երկինքներու տակ:
Հայ ժողովուրդը կը վստահի Դաշնակցութեան: Կը վստահի իր փորձառութեամբ, ամէնօրեայ վկայութիւններով, որոնք անցեալին ու այսօր կը տրուին իրեն նուիրեալներու կամաւոր բանակին կողմէ, որ զրահուած է հայութեան առհաւական առաքինութիւններով:
Այսօր, իւրաքանչիւր դաշնակցական կը վերանորոգէ իր ուխտը, երբ իր մտածումին մէջէն կը կատարուի շքեղ տողանցքը քաջերուն, որոնք կերտեցին փառքը Դաշնակցութեան:
Փառքը հայութեան: