Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարզիկ»-ի Խմբագրական-Թիւ 435. «Մէկը Բոլորին Եւ Բոլորը Մէկուն» (ՀՄԸՄ-ի Համագաղութային Կառոյցի Ստեղծման Յիսնամեակին Առիթով)

Յունուար 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկասկած լուսամիտ մարդիկ էին ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցը ստեղծողները: Լաւ ծանօթ էին` ազգային մեր իրավիճակին, մտայնութեան եւ գործելակերպին:

Գիտէին, որ մեր ցիր ու ցան վիճակը գոյութիւն ունի հակառակ մեր կամքին եւ դեռ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ… դարձեա՛լ հակառակ մեր կամքին:

Գիտէին նաեւ, որ ցիր ու ցան վիճակը վտանգ է մեր գոյութեան եւ կազմակերպ կեանքին: Ցիր ու ցան վիճակը ժամանակի ընթացքին մարդոց մէջ կը յառաջացնէ հատուածական մտայնութիւն, «ինքն իր իւղով տապկուելու» ինքնաբաւութիւն եւ սեփական միջոցներով միայն տեղական կարիքները գոհացնելու տրամադրութիւն:

Երբ չկայ ընդհանրական նպատակ, կայ ինքնանպատակ կեանք: Կան տեղայնական մտահոգութիւններ, անտեղի մրցակցութիւններ եւ հարցեր, որոնք կը մաշեցնեն մեծամասնութեան առօրեան, կը խլեն ահագին ճիգ ու ժամանակ… վասն ոչինչի: Ինքնանպատակ ըլլալ` կը նշանակէ մեկուսանալ, լճանալ եւ անխուսափելի կործանումի ճամբան բռնել: Աւելի պատկերաւոր, կը նշանակէ վերածուիլ աւազի հատիկներու, որոնք առանց նպատակ ու արժէք ունեցող շաղախի, չեն կրնար որեւէ բան ոտքի պահել, ո՛ւր մնաց… կերտել:

Անպայման հեռատեսներ էին ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ ընդհանուր ժողովը եւ առաջին Կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը կազմակերպողները, որովհետեւ անոնք կ՛անդրադառնային, եւ ճի՛շդ կերպով, որ միայն ընդհանրական նպատակներու հետապնդումով եւ հաւաքական ճիգերու ներդրումով իմաստ կ՛ունենան հայութեան ցիր ու ցան հատուածները: Հայութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն ընդդէմ, բոլորը կոչուած են` զիրար լրացնելու, իրարու աջակցելու, իրարու զօրացնելու եւ իրենց ծրագիրներն ու գործունէութիւնը իրարու հետ համակարգելու` յանուն ընդհանուրի շահին, հաւաքական նպատակին:

1974-ին միութեան համագաղութային կառոյցին ստեղծումը եւ 15 տարի ետք` Հայաստանի ՀՄԸՄ-ին միացումով համահայկական կառոյցի վերածումը ծառայեց ա՛յս նպատակին, համագաղութային մտայնութեան եւ գործի տարածման, «Մէկը բոլորին եւ բոլորը մէկուն» գործելակերպի որդեգրման, ի շահ միջգաղութային յարաբերութիւններու սերտացման, ամրապնդման ու զարգացման:

Թէեւ պէտք է խոստովանիլ, որ այս գործելակերպը բոլորովին նորութիւն մը չէր ՀՄԸՄ-ին համար: Նորութիւնը անոր կանոնագրային հիմք եւ կառուցային ձեւ ստանալն էր: Արդարեւ, ո՞վ կրնայ ժխտել 1920-ական եւ 1930-ական տարիներու Ս. Զատկուան միջմասնաճիւղային խաղերուն ազդեցութիւնը` Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին: Ո՞վ կրնայ ուրանալ 1937-էն սկսեալ համախմբողի դերը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի Շրջանային վարչութեան, որ ժամանակի ընթացքին կազմակերպական իր հովանիին տակ առաւ նաեւ Յորդանանի շրջանը եւ 1960-ին դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութիւն, շա՛տ աւելի լայնածիր առաքելութեամբ:

ՀՄԸՄ-ը, սակայն, միայն Միջին Արեւելքի համար ստեղծուած միութիւն չէր: Իր հիմնադրութեամբ իսկ ան Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն էր: Ցիր ու ցան մասնաճիւղեր ունէր քիչ մը ամէն տեղ` Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա եւ հեռաւո՜ր Աւստրալիա: Հետեւաբար 1974-ի պատմական քայլը` իբրեւ պահանջ եւ պարտաւորութիւն, ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը նախ իրարու կապեց եւ ապա մէկ ու միեւնոյն կեդրոնին միացուց` այդպիսով միութեան բոլոր ուժերը, բոլոր միջոցները, ամբողջ եռանդն ու փորձառութիւնը ուղղելով մէ՛կ նպատակի, ինչ որ յատուկ իմաստ եւ նշանակութիւն տուաւ մասնաճիւղերու գոյութեան, հեռացուց զանոնք ինքնանպատակ գործունէութենէ, ստեղծեց ներքին միութիւն եւ միասնականութիւն, համախմբուածութիւն եւ զօրութիւն: Զօրութիւն` ո՛չ միայն միութեան այս կամ այն շրջանին, այլ մանաւանդ` անհատ միութենականին, որ ապրեցաւ արդար հպարտութիւնը` պատկանելու հազարաւոր անդամներ հաշուող այս մեծ միութեան:

Ժամանակն է, եթէ ուշ չէ, գնահատելու համագաղութային կառոյցին միութեան թէ հայութեան ունեցած անփոխարինելի բարիքը:

Համագաղութային-համահայկական կառոյցը ջնջեց միութեան աշխարհասփիւռ միաւորներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները եւ բոլորին պարզ դարձուց, որ ՀՄԸՄ-ի մէջ չկան առաջնակարգ ու երկրորդական շրջաններ, մեծ ու փոքր մասնաճիւղեր. առաջնութեան եւ մեծութեան ցուցանիշը բոլորին համար ՀՄԸՄ-ի նպատակին իրագործման մասնակցութեան չափն է, ընդհանրական գործին   կատարուած ներդրումն է:

ՀՄԸՄ անցնող 50 տարիներուն իրականացուց համագաղութային-համահայկական բնոյթի 100 նախաձեռնութիւն: Շրջաններ, մասնաճիւղեր, հայութեան ցիր ու ցան հատուածներ 100 անգամ դուրս եկան իրենց տեղական-տեղայնական պայմաններէն եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ, իրենց գործունէութեան կարկինը լայն բանալով, կարողացան նոյն աչքերով ու նոյն հեռանկարներով տեսնել անցեալը, ներկան ու վաղուան գալիքը:

Եւ դեռ, Կեդրոնական վարչութիւնը կապ ու կամուրջ ունենալով, անցնող 50 տարիներուն ՀՄԸՄ-ի շրջաններ, մասնաճիւղեր 100 անգամ կապուեցան իրարու, միասնաբար` հայութեան եւ հայրենիքին: Համագաղութային ձեռնարկներով անոնք եկան քով-քովի, ապրեցան գաղափարական նոյն ոգիով, ազգային նոյն խանդավառութեամբ եւ, իբրեւ մէկ մեծ ընտանիք, միութեան տուին տարբեր որակ ու մակարդակ`

Համագաղութային նկարագիր ու հմայք:
Համահայկական ուժ եւ հեղինակութիւն:

Նախորդը

Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Թուրքիոյ Լոպիիստը Պէտք Է Իր Վաստակած Գումարը Նուիրաբերէ Հայերուն

Յաջորդը

Տպաւորութիւն. Լիիրաւ Կեանքը` Ներաշխարհի Լուսամուտէն Դիտուած

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?