Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ Կայացաւ «Արցախեան 2-րդ Պատերազմին Զոհուած Մուսալեռցիներու Ժառանգորդները» Գիրքին Շնորհահանդէսը
«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից մուսալեռցի նահատակներու նուիրուած «Արցախեան 2-րդ պատերազմին զոհուած մուսալեռցիներու ժառանգորդները» գիրքին շնորհահանդէսը:
Երեկոն մեկնարկեց Արմաւիրի թեմի Մամբրէ քհնյ. Հմայակեանի աղօթքով:
Շնորհահանդէսին խօսք արտասանեց գիրքի խմբագիր Սեդա Գալստեանը, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան` ասմունքող Աստղիկ Փանոսեանը, երգիչ Վահէ Համբարձումեանը, շուիահար Նայիրի Մանիսաճեանը, տհոլահար Անդրանիկ Գէորգեանը, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի խորհրդատու Գաբրիէլ Փանոսեանը, Նանէ Այնթապլեանը:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին նահատակ մուսալեռցիներու հարազատները, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան անդամները եւ հրաւիրեալ այլ անձինք: Աւարտին «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան յուշամետալներ յանձնեց հերոսածին մայրերուն:
Նշենք, որ ձեռնարկը կազմակերպած էր «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւը:
Վերջերս Կայացաւ ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Վարչութեան Նախաձեռնած «Ժպիտ» Ամանորեայ Ձեռնարկը
11 եւ 12 յունուարին կայացաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնած «Ժպիտ» ամանորեայ ձեռնարկը: Ծրագիրը նախատեսուած էր 2020 թուականի պատերազմին նահատակուածներուն եւ անհետ կորածներուն 4-6 տարեկան, 19 սեպտեմբեր 2023-ի պատերազմին եւ 25 սեպտեմբերին վառելիքի պահեստի պայթիւնէն զոհուածներուն եւ անհետ կորածներուն 2-6 տարեկան Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար: Ծրագրին հովանաւորութիւնը առաւելապէս ստանձնած էր ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանը, որուն միացած էին` Ռուսիոյ մէջ գործող «Սասնայ տուն» հայոց լեզուի առցանց դպրոցը, «Լորիկ» բարեգործական հիմնադրամը, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի եւ Արցախի մասնաճիւղի անդամներ, նուիրատուներ:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ՀԱՍԵ Արցախի թեմի տրամադրած դահլիճին մէջ: Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւնը բոլոր երեխաներուն տրամադրեց փոքրիկներու համար նախատեսուած Աստուածաշունչ: Երեխաներուն այցելեց էլֆերը, որ խաղերու եւ մրցոյթներու միջոցով խինդ եւ ուրախութիւն պարգեւեց փոքրիկներուն: ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Ամանորն ու Ս. Ծնունդը եւ մաղթեց երջանիկ կեանք` խաղաղ երկինքի տակ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՕՄ-ի Արեւելեան շրջանին, Հայաստանի միաւորին, Արցախի թեմին եւ նախաձեռնութեան միացեալ բոլոր աջակիցներուն:
«Մեր կորուստը անչափելի է, բայց մենք պէտք է աւելի ուժեղ, աւելի յամառ գտնուինք եւ յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները: Մենք նաեւ այստեղ հաւաքուած ենք` հասկնալու, որ մինակ չենք, մեր կողքին կան այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մնայուն մտահոգ են մեր մասին եւ այս առումով կ՛ուզեմ յատկապէս շեշտել Հայ օգնութեան միութեան` հայ կիներու ամէնէն մեծ կառոյցին դերը», ըսաւ ան:
Մելանիա Բալայեան նշեց, որ ՀՕՄ-ը 1990-ական թուականներէն Արցախի կողքին է եւ բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է յանուն մեր հայրենիքի` Արցախի եւ արցախցիներուն: Այսօր ալ ՀՕՄ-ը արցախցիներուն կողքին է: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան շնորհաւորելով ամանորեայ տօները` մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ սիրոյ, հաւատքի, նուիրումի տարի: «Ի վերջոյ, ամէն ինչի հիմքին մէջ կայ սէրը: Եթէ բոլորս ապրինք սիրով ու հաւատքով, իրարու թեւ թիկունք ըլլանք, ամէն ինչ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Կ՛ուզեմ, որ դուք պահէք արցախցիի հոգիի ամրութիւնը, ձեր հոգիին մէջ պահէք այն մեծ սէրը, որ կայ Արցախի նկատմամբ, եւ հաւատացէք, որ Արցախը մերը պիտի ըլլայ, մենք պիտի վերադառնանք: Պահեցէ՛ք ձեր տեսակը, որ շատ հզօր է, պահեցէ՛ք ձեր հորովելը, որ եւս հզօր է», շեշտեց ան:
Լիբանանի Մէջ Հայ Որբերու Հիւսած Գորգը Նուիրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին
1920-ական թուականներուն Լիբանանի Ղազիր շրջանին մէջ գտնուող որբանոցին մէջ հայ որբերու հիւսած գորգը` Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի դասախօս, դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեան նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: Ան գորգը գնած էր համացանցային աճուրդի մը ընթացքին: Գորգը ունի ծաղկային պատկերներ եւ հիւսուած է 1923-ին հիմնադրուած գորգագործական գործատան մէջ:
Գործատունը հիմնադրուած էր Ղազիրի «Աղջկանց որբանոց»-ի տնօրէն, զուիցերիացի վիրաբուժ եւ բարեգործ Ճէյքըպ Քիւնցլէրի ջանքերով: Հայ որբերուն եւ դժուար պայմաններու մէջ յայտնուած անձերուն ցուցաբերած հոգատարութեան համար զայն անուանած են «Հայ որբերու հայր»: Գործատան աշխատանքները ղեկավարած է ուրֆացի Յովհաննէս Թաշճեան:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը Կը Հասնի Հայաստանի Աւելի Քան 10 Հազար Երեխաներու
Ամէն տարի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիներուն (ՀԱԵ) գործակցութեամբ, Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուծոյ սէրը բաժնեկցելու այդ ուրախութիւնը կը տարածէ Հայաստանի հազարաւոր երեխաներուն:
Աւետարանչական ընկերակցութեան 2025 թուականի Սուրբ Ծննդեան ձեռնարկները տեղի ունեցան 21 դեկտեմբեր 2024-էն 12 յունուար 2025-ի օրերու ընթացքին: Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ հազարաւոր երեխաներու, պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծահասակներու ներկայացուեցաւ Ս. Ծննդեան պատգամը թատերական ներկայացումներով` յայտարարելով, որ Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը կոչ կ’ընէ միջավայրի փոփոխութեան եւ փոխակերպութեան` դարձնելով զայն աւելի խաղաղ, ներդաշնակ եւ լուսաւոր:
22 Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիներ ամբողջ Հայաստանի տարածքին ներկայացուցին Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան այս ձեռնարկները: Անոնցմէ 20-ը բեմադրեց «Ձեռք ձեռքի» ներկայացումը, որ գրած էր Զոհրապ Բեկեանը` հիմնուած Եփեսացիս 4. 32-ի վրայ.- «Քաղցր եղէք իրարու հանդէպ, գթած` ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզ»:
Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան ձեռնարկներու այս ծիրին մէջ Երեւանի, Այնթապի եւ Աբովեանի 3200 երեխաներ եւ պատանիներ հաւաքուեցան Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնը` դիտելու աւետարանչականի «Հայասա» թատերախումբի ղեկավար եւ բեմագիր Նունէ Աբրահամեանին հեղինակած «Մէկ բարի գործ» ներկայացումը: Երկու օր շարունակ հանդիսատեսները քանի մը հերթափոխով վայելեցին մասնագէտ դերասաններու եւ «Հայասա» թատերախումբի երեխաներու ներկայացումը եւ իմացան, որ մէկ բարի գործ կրնայ վարակիչ ըլլալ եւ նորերու առիթ դառնալ:
Աւելի քան 10 հազար երեխաներ Հայաստանի 42 վայրերու, անոնց շարքին` 22 սահմանամերձ գիւղերու մէջ, լսեցին, տեսան եւ վայելեցին Աստուծոյ սիրոյ եւ Սուրբ Ծննդեան պատգամը:
Բոլոր ձեռնարկները աւարտեցան տօնական անակնկալով: Երեխաները տուն վերադարձան Սուրբ Ծննդեան նուէրներու փոքրիկ պայուսակով մը:
«Այնքան հոգեհարազատ է տեսնել այսքան երջանիկ երեխաներ: Երեխային դէմքին ժպիտը, իսկապէս, ամէնէն թանկ բաներէն մէկն է աշխարհի մէջ», ըսաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նորանշանակ գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեանը:
Ոսկեայ Դրոշմաթուղթ` Նուիրուած Ազնաւուրի Ծննդեան 100-Ամեակին
18 դեկտեմբեր 2024-ին հայկական դրոշմաթուղթերու հիմնարկը շրջանառութեան մէջ դրած է դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին:
10 հազար հայկական դրամ արժէքով, ընդամէնը 3 հազար օրինակով այս եզակի դրոշմաթուղթը պատրաստուած է բարձրորակ ոսկիէ: Ան ծածկուած է ակրիլային (acrylique) պատիճով եւ ներկայացուած է յատուկ նուէրի տուփով:
Նշենք, որ դրոշմաթուղթի ձեւաւորողն է Վահագն Մկրտչեանը, իսկ արտադրողը` Mason Fair Pty Ltd., Աւստրալիա, չափերը` 50,0 x 40,0 մմ:
Չեխական Նշանաւոր Կայք Մը Հայաստանը Ներառած Է 2025-ի Ամէնէն Հետաքրքրական Արձակուրդի Վայրերու Ցանկին Վրայ
Չեխական նշանաւոր Novinky.cz լրատուական կայքը Հայաստանը ներառած է 2025-ի ամէնէն հետաքրքրական արձակուրդի ուղղութիւններու ցանկին վրայ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս տեղեկութիւնը ընդգրկող յօդուածին մէջ կը նշուի, որ հարուստ պատմութիւնը եւ մշակոյթը, բնութեան անկրկնելի գեղեցկութիւնը եւ գինիի արտադրութեան հնագոյն աւանդութիւնները Հայաստանը ճանապարհորդներուն համար կը դարձնեն անզուգական ուղղութիւն մը:
Novinky.cz-ի յօդուածին մէջ Հայաստանի մասին կը խօսուի իբրեւ աշխարհի հնագոյն գինեգործական շրջաններէն մէկը, ուր յայտնաբերուած է ամէնէն հին խաղողի հնձանը` Արենի-1-ը, որ թուագրուած է ՆՔ 4100-4000 թուականով: Գինիի սիրահարներուն համար Հայաստանը կ՛առաջարկէ ոչ միայն համեղ գինիներ, այլ նաեւ եզակի կարելիութիւն` ծանօթանալու գինեգործութեան դարաւոր աւանդութիւններուն:
Յօդուածին մէջ կը խօսուի նաեւ Հայաստանի պատմական եւ մշակութային գանձերուն մասին: Երեւան, որ կը գտնուի Հայաստանի կեդրոնը, յարմարօրէն տեղակայուած է երկրի յայտնի տեսարժան վայրերը այցելելու համար: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են Խոր Վիրապի վանքը, ուրկէ կը բացուի հիասքանչ տեսարան մը դէպի Արարատ լեռը, ինչպէս նաեւ` Սեւանայ լիճը, Սեւանավանքը եւ ժայռափոր Գեղարդի վանքը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ է:
Յօդուածին մէջ Հայաստանը կը ներկայացուի` իբրեւ երկիր մը, որ կը յատկանշուի համեմատաբար մատչելի գիներով:
Հայաստանը նաեւ կ՛անուանուի քրիստոնէութեան բնօրրան, որ պիտի հետաքրքրէ նոյնիսկ այն ուղեւորները, որոնք սովորաբար չեն հետաքրքրուիր հոգեւոր վայրերով: Տեղւոյն հոգեւոր եւ պատմական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը կը խոստանան իւրայատուկ տպաւորութիւններ` իւրաքանչիւր այցելուի համար: