Ազգային Կողմնացոյցով Մտասեւեռեալ Աշխատանք
Լեւոն փաշա Շաղոյեան ժայռ մաշեցնող հետեւողականութեամբ կը գործէր իր մտասեւեռումներուն եւ գաղափարներու յաջողութեանց համար: Այս իմաստով յիշենք, թէ 1921 թուականի յունուարին հայրենի իշխանութեանց յուսահատեցուցիչ պատասխան-նամակն անգամ, որ կը մերժէր Վասպուրականի գաղթական ժողովուրդը Հայաստան բնակեցնել, թեւաթափ չըրաւ փաշան եւ իր մտասեւեռումը: Այլ ընդհակառակն, այդ անբաղձալի պատասխանը նոր հնարքներու մասին մտածելու առիթ տուաւ իրեն: Լիովին եւ անսպառ կերպով օգտագործեց իր կապերը հայկական արտասահմանեան կազմակերպութիւններուն հետ եւ ի վերջոյ 1921 հոկտեմբերին, երեք տարբեր նաւերով, Միջագետքի մօտաւորապէս 8000 հայ գաղթականներ յաջողեցաւ հայրենի հող վերադարձնել: Հանդարտ եւ խաղաղ մտածելով, ճիշդ նախադրեալներով առաջնորդուելով եւ մտասեւեռուն, յամառ, հետեւողական աշխատանքով` հայ մարտիկը ի՛նք անձամբ կրցաւ պետութեան մը համար անկարելի համարուող օրուան հրամայականը յաջողութեամբ պսակել, անշուշտ` միշտ հաւատարիմ մնալով իր լուռ ու լուսարձակներէ հեռու վարքագիծին: Լեւոն փաշան կը հաւատար, որ հայրենի հողէն բռնի հեռացուած հայը պէտք էր պահել հայրենիքին մօտակայ երկիրներու մէջ, որպէսզի դիւրին ըլլար անոնց վերադարձը: Այդպէս ալ ըրաւ:
Ուրեմն ինչպէ՞ս չյարգել այս հերոսը, ինչպէ՞ս չանսալ անոր ազգային կոչերուն, ինչպէ՞ս չմեծարել այն տիպարը, որ զարմացուց, հմայեց բոլորը` ուսեալ, զարգացած օտար զինուորականներէն, տեղական պետական այրերէն մինչեւ իսկ թշնամին, բայց մանաւանդ հայ հողագործ գաղթականը, որ Լեւոն փաշայի զօրակցութիւնը կը վայելէր որպէս խարիսխ` վերջապէս ինքզինք խաղաղ նաւահանգիստի մը մէջ զգալով:
Ազգային մեր իրականութիւնը բեղուն էր բնատուր ղեկավարներով, որոնցմէ էր անկասկած Լեւոն Շաղոյեանը: Անոնց արժանիքներն ու իրագործումները համագործակցութեան կայուն հարթակ կը պատրաստէին ուսեալ ու զարգացած ղեկավարութեան եւ պարզ ժողովուրդին միջեւ: Ան թէ՛ կը մասնակցէր եւ լսելի կարծիքներ կը յայտնէր վճռորոշ ժողովներու` իր ներդրումը ունենալով ճակատագրական որոշումներ կայացնելու ժամանակ, եւ թէ գիտէր իր ժողովուրդին հետ ի հարկին ջաղացպանութիւն ընել` քարէն հանապազօրեայ հաց ապահովելու կենսական գործին համար:
Ժողովուրդին Համեստ Դաշնակցական Ղեկավարը
Լեւոն փաշան մասնակցած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներէն ութին, որոնք կայացած են 1933-էն մինչեւ 1967: Սակաւախօս էր, բայց հեղինակաւոր ներկայութիւն էր կուսակցական շարքերէն ներս: Ժողովներուն ընթացքին, երբ հրատապ հարցեր կ՛արծարծուէին, փաշան երկար կը խօսէր եւ կը փորձէր իր մտածումները առակներով բացատրել ու ժողովը բերել իր տեսակէտին, որովհետեւ իր տեսակէտները իր մտասեւեռումներն էին, որոնք կու գային տիպար եւ հաւատաւոր դաշնակցականի էութենէն: Ընկերները վկայած են, որ նոյնիսկ եթէ որոշ հարցերու մէջ տարակարծիք եղած են, սակայն մի՛շտ յարգած են անոր տեսակէտը:
Ան ընտանիք եւ զաւակ չունեցաւ, որովհետեւ ազգին տրամադրելիք ժամանակէն չէր կրնար խլեր իր անձնական կեանքին համար: Բայց ան հազարաւոր ընտանիքներու եւ տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու մտահոգութիւնը, յաջողութիւնը, ցաւն ու վիշտը իր սեփականը համարեց: Օրինակելի եւ տիպար հայրը դարձաւ բոլորին, եւ ժողովուրդը զինք իր սեփական հօրը պէս սիրեց, յարգեց ու անոր յիշատակը վառ պահելու համար ամէն ջանք ի գործ դրաւ: Ազգի երախտապարտ զաւակները երգ նուիրեցին անոր յիշատակին, հրատարակեցին անոր սխրագործութիւնները ներկայացնող գիրք, ուր հերոսական կեանքի մը պատումը ազգի մը պատմութիւնն է, ու թէեւ քիչ խօսուած եւ գրուած է այդ մասին, բայց շատ բան կայ թաքնուած հոն:
Մինչեւ 1929 թուական գաղթականները ապրեցան Պաղտատի եւ Պասրայի վրանաքաղաքներուն մէջ, իրենց առօրեայ կենցաղային դժուարութիւններով: Ժամանակ մը վերջ, այլեւս յարմար վայր մը չէր վրանաքաղաքը: Անգլիացիները արդէն դուրս եկած էին, իսկ երկրի կլիման երբեք չէր համապատասխաներ լեռնցի վասպուրականցիին խրոխտ հոգիին ու ամուր կազմուածքին: Հարկ էր գտնել նոր վայր մը, որուն կլիման յարմար ըլլար հողագործութեան, բնութիւնը աւելի յարիր ըլլար իրենց հայրենի բնութեան եւ մանաւանդ աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ ըլլար Վասպուրականին: Այս մտածումներով ալ, Լեւոն փաշա Իրաքի հիւսիսը գտաւ Հաւրէզք շրջանը, որ ազատ հողատարածք էր` առանց կառոյցներու եւ շէնքերուն, Մուսուլէն 40 մղոն հեռու: Ան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ արտասահմանեան կազմակերպութիւններու հետ եւ նիւթական ապահովեց, որպէսզի բնակավայր հիմնէ, հողագործին դաշտեր տրամադրէ, հայուն կեանքը շէնցնէ, անոր ազգային ոգին ծաղկեցնէ, դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ եռանկիւնը հիմնէ, մշակութային կեանքը պայծառացնէ նոր սերունդ պատրաստելու համար, մինչեւ որ վերադառնան իրենց սեփական հողին տէրն ու տիրականը դառնալու համար: Իսկ ինք դարձաւ ջաղացպան` պատառ մը հաց ունենալու պերճանքով հարբելու համար:
Հայոց Հայրիկին Արդար Ժառանգորդին` «Փաշա»-ին Պատգամը
1924-ին ՀՅԴ Իրաքի անդրանիկ Ներկայացուցչական ժողովը Լեւոն փաշային կ’առաջարկէ դառնալ կոմիտէի նախագահը. ան կը մերժէ` ըսելով, որ իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է Պասրայի (Նահր Օմար) վրանաքաղաքին մէջ, որովհետեւ տակաւին հոն քանի մը հազար հայութիւն կար: Այս համեստ հերոսը իր գիտակցութեամբ դարձաւ Իրաքի հայութեան հեղինակաւոր հայրը, բայց նաեւ` բոլորիս հայրը, միաժամանակ` Հայոց Հայրիկին արդար ու հաւատարիմ ժառանգորդը, որ միշտ պիտի յիշուի, յարգուի եւ արժանաւոր կերպով դասուի մեծերու շարքին:
Լեւոն Շաղոյեան միշտ մնաց Հաւրէզք գիւղը` իր ժողովուրդին հետ: Միայն կուսակցական պարտականութեան համար ժամանակաւոր կերպով բացակայեցաւ: Եկան օրեր, երբ ունեցաւ առողջական հարցեր: Այդ օրերուն ան ստիպուած էր ճամբորդել` դարմանումներու համար:
Լեւոն փաշա Իրաքի հիւսիսը գտնուող Հաւրէզք շրջանը ընտրեց, որպէսզի անիկա ըլլայ ամփոփուած գիւղ մը` վրանաքաղաքի կազմաքանդումէն ետք Իրաքի մէջ ցրուած հայ գաղթականները հաւաքելու համար: Երբ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ համար բերած եւ հաստատած է Հաւրէզք, ան կը պատասխանէ. «Հայրենիքի մէջ շատ անգամ ձմրան քաղցած կը մնային, հակառակ անոր որ քիչ մը ցորեն կ՛ունենային, բայց այդ հոգեպահուստ ցորենին ձեռք չէին տար, որպէսզի գարնան ցանէին եւ նոր հունձք ստանային: Այդ ցորենը կը կոչուէր «սերմնացու»: «… Ես էլ այս ժողովուրդը բերել եմ ու պահում եմ որպէս սերմնացու, որպէսզի երբ մի օր վերադառնանք մեր աւեր վաթանը, գիւղացի ունենանք, գութան, մաճ եւ արօ՜ր բռնող ունենանք»: Շարունակելով իր պարզաբանումը` կը նշէ, որ երբ գիւղացին բնակութիւն հաստատէ քաղաքին մէջ, ան կը դառնայ «քաղքցի», կը վարժուի քաղաքի սովորութիւններուն, կենցաղին եւ կը դադրի գիւղացի ըլլալէ: Կը դառնայ շոֆէօր, խանութպան, կը մոռնայ գութանն ու արօրը: Ան կը շեշտէր, որ իր նպատակն է այս ժողովուրդը կապել հողին, որպէսզի հայրենիք վերադարձին գիւղացի ունենաք եւ ոչ թէ չարչի:
Կասկած կա՞յ, որ այս պատգամը կու գայ վանեցի Խրիմեան Հայրիկէն, նշանաւոր «Պապիկ եւ թոռնիկ» հատորին պատգամներէն: Հոն Խրիմեան Հայրիկ, երբ կը պսակէ իր թոռնիկը, անոր ամուսնութեան օրը կ՛ուզէ զայն պսակել նաեւ հողին հետ, որովհետեւ հողին հետ պսակուիլը անքակտելի է, միայն այդպիսով ան իր հարսը` Շուշանը եւ ընտանիքը պիտի կարենայ պահել: Ան կ’ըսէ. «Այսպէ՛ս, Թոռնի՛կ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն. չթողուս, որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշտակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս»:
Հայոց Հայրիկին կտակը հասած էր իր թոռնիկներէն Լեւոն փաշային, նաեւ հասած է մեզի եւ Լուսաւորչի կանթեղին հաւատացողներուն մտքերուն ու հոգիներուն: Հողին ձայնը կը համարենք մեր ինքնութեան եւ էութեան կանչը: Առանց անոր` մենք կը մնանք…
Կեանքի վերջին երկու տարիներուն, Լեւոն փաշայի առողջութիւնը քայքայուած էր, ու ան կ’ապրէր Պաղտատի մէջ: 6 օգոստոս 1974-ին, թոքատապէ երկար տառապելէ ետք, ան իր աչքերը փակեց Պաղտատի Սեն Ռաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ եւ երեք օր ետք յուղարկաւորուեցաւ:
Եզրակացութիւն: Այսօր մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է մեր ապրած եւ վայելած յարմարաւէտ պայմաններուն մէջ լաւագոյն ձեւով հայ ապրելու ճիշդ բանաձեւը գտնել: Եթէ նախորդ սերունդները իրենց ապրած աննպաստ ու ծանր պայմաններուն տակ կրցան մեզի հայ կեանք կտակել, ուրեմն մենք ապագայ սերունդին աւելի պայծառ ու խոստմնալից հայու ապագայ կտակելու պարտաւորութիւնը ունինք:
Լեւոն փաշային ու անոր ժամանակակից` տեսլականի տէր ազգային հերոսներու կտակած պատգամները կրնանք ամփոփել հետեւեալ ձեւով.
1.- Ինքնազարգացման անհրաժեշտութիւն,
2.- Համեստ բնաւորութիւն, բայց` ոչ համեստ արժանիքներ,
3.- Անդուլ աշխատանք եւ պողպատեայ կամք,
4.- Հողին կառչիլ` որպէս սրբութիւն,
5.- Ազգային ոգին վառ պահել եւ անով առաջնորդուիլ,
6.- Սփիւռքի գաղութները կազմակերպել ու զարգացնել,
7.- Բանակցիլ եւ լեզու գտնել միշտ եւ բոլոր մակարդակներով` յանուն ազգին եւ հայրենիքին:
Այս դաստիարակիչ պատգամները մեզ կը մօտեցնեն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մարդու եւ հայու տեսակին, որուն նմանները հրատապ անհրաժեշտութիւն են այսօր, մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ, որպէսզի սպասուած հրաշքները գործեն:
Անգամ մը եւս յարգանք եւ պատիւ այն հերոսին, որ կրցաւ ամբողջ կեանքի ընթացքին իր կուսակցութեան` Դաշնակցութեան ճամբով ժողովուրդին ու ազգին ծառայել եւ նուիրուիլ, ու այդպիսով դարձաւ ազգային տիտան, որուն հսկայական վաստակին ու անթառամ յիշատակին առջեւ սերունդներ պիտի խոնարհին:
(Շար. 3 եւ վերջ)
——-