1912-ին ՀՅԴ-ի հրահանգով Լեւոն փաշա Շաղոյեան կ՛ահաբեկէ քիւրտ աւազակապետի մը մարդոցմէ մէկը, որ սպաննած էր Աղթամարի Ռաֆայէլ տեսուչը, եւ կը դառնայ փախստական: Այսպիսով, կը բացուի անոր ֆետայական-յեղափոխականի կեանքի մատեանին առաջին էջը: Արամ Մանուկեանի միջնորդութեամբ, ան կը միանայ Իշխանին ֆետայական խումբին:
1913-ին ՀՅԴ Վասպուրականի Շրջանային ժողովը կ՛ընտրէ Վասպուրականի Կեդրոնական կոմիտէն, որուն ամէնէն կրտսեր անդամն էր Լեւոն Շաղոյեանը` 26 տարեկան: Արամ Մանուկեանը, որ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ էր, կը ծրագրէ ինքնապաշտպանութեան խումբեր կազմել, որովհետեւ կազմակերպութեան պատասխանատուները կը տեսնէին երկրի անապահով վիճակը եւ մանաւանդ կ՛ուզէին սանձել քիւրտ ու թուրք աւազակներու ոտնձգութիւնները:
Լեւոնը գործի կ՛անցնի եւ իր ընկերներուն հետ կը շրջի Վասպուրականի շրջանները: Կը մարզեն երիտասարդները, որպէսզի կարենան դիմադրել թրքական եւ քրտական սադրանքներուն:
1914-ին օսմանեան Թուրքիան կը ներգրաւուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ, Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ կողքին: Նոյեմբերին «ժիհատ» կը յայտարարուի: Կեանքի պայմանները կը սկսին ծանրանալ, կենցաղային դժուարութիւններ եւ սաստիկ հալածանք, որոնց կը յաջորդէ նաեւ թրքական կառավարութեան յայտարարած զօրահաւաքը:
18-45 տարեկան բոլոր երիտասարդները զօրակոչի կ՛ենթարկուին: Վասպուրականի շրջանէն շատ փոքր թիւով երիտասարդներ կը յանձնուին, որովհետեւ ղեկավարութիւնը, յանձին Լեւոնին եւ իր ընկերներուն, դիւանագէտ հեռատեսութեամբ զգացած էր երիտթուրքերու կառավարութեան դաւադրական մտադրութիւնները: Հոս հարկ է յիշել, թէ օրուան ղեկավարութիւնը, Ատանայի 1909-ի ջարդերու փաստը աչքի առջեւ ունենալով, գիտէր, որ կեղծ շապիկ էին թուրքերուն բոլոր «բարի» արարքները կամ խոստումները: Հետեւաբար զօրահաւաքի փորձերուն կը դիմադրեն: Կ՛առաջարկեն փոքր թիւով երիտասարդներ յանձնել, իսկ մնացեալին համար ալ, զինուորագրման պարտաւորութենէն զերծ մնալու համար, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն յատուկ տուրք վճարել:
Վասպուրականի երիտասարդները նախապէս մարզուած էին` շնորհիւ Վասպուրականի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Այս իրավիճակը լուրջ դիմադրութեան վերածուեցաւ Բէլուի եւ Աթանանցի մէջ: Թուրք պաշտօնեաներ եւ ժանտարմներ սպաննուեցան, եւ դիակները պահեցին. անոնց օգնութեան փութացողներն ալ ո՛չ մէկ յաջողութիւն ձեռք ձգեցին, վախցած ու զարմացած` փախուստի դիմեցին, քաշուելով Ոստան շրջանը: Այս կռիւներուն ղեկավարն ու ոգին էր Լեւոն Շաղոյեան, որուն շնորհիւ 150.000 հայեր փրկուեցան ստոյգ մահէ եւ տեղահանութենէ:
Նմանատիպ դէպքերու եւ տեղական երիտասարդութիւնը մարզելու համար ո՛չ մէկ ջանք խնայած է Լեւոն Շաղոյեանը: Հիմնական երեւոյթը, որ իսկապէս նորութիւն էր հայութեան համար, այդ ալ դաս մը տալն էր կառավարութեան եւ քիւրտերուն` իրենց դարաւոր հալածանքները դադրեցնելու համար: Սաստելու փորձը նորութիւն չէր, կտրած էր Խանասորի արշաւանքին եւ այլ հերոսապատումներու փուլերը, եւ ահա դարձեալ կը յաջողէր դրօշը բարձր բռնողներուն կողմէ, եւ անկէ ետք կառավարութիւնն ու քիւրտերը սկսած էին Վասպուրականի հաշուոյն աւելի ուշադիր ըլլալ: «Ինքնապաշտպանութեամբ գոյութիւն ապահովել» պատգամը շատ յստակ էր, որուն անմիջական փաստը եկաւ քանի մը ամիս ետք, Վանի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ, որուն շունչն ու կազմակերպողը եղաւ Արամ Մանուկեանը` Արմենակ Եկարեանի, Պուլկարացի Գրիգորի, Հայկ Կոստանեանի, Լ. Շաղոյեանի եւ ուրիշ նուիրեալներու հետ, որոնք յարգելու եւ պատուանդանի վրայ զետեղելու պարտքը ունինք մենք` վերապրողներս: Հարկ է յիշել, որ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը ունէր այլ յատկանշական երեւոյթ մը. հակառակ գաղափարական տարբերութիւններուն` արմենական, հնչակեան եւ դաշնակցական մարտիկները իրենց հայրենի հողը պաշտպանեցին միասնաբար` հաւատալով, որ գաղափարական տարբերութիւնները պէտք է նպաստեն թշնամին կասեցնելու այլազան հնարքներ ստեղծելուն, որպէսզի հայրենիքը փրկուի: Երեւոյթ մը, որ մեզի կը յուշէ պատմական արժէքաւոր դաս մը:
Ազգային Յեղափոխական Գործունէութիւնը
Կը Շարունակուի
Այսպէս, այդ պայծառ դէմքերուն շուրջ բոլորուած քաջ երիտասարդութիւնն էր, որ յաղթանակով պսակեց Վանի հերոսամարտը` Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան, Ուրֆայի եւ այլ հերոսամարտերու հրագոյն շղթային վրայ աւելցնելով սքանչելի օղակ մը:
Վանի կարճատեւ ինքնավարութենէն ետք, պոլշեւիկեան գաղափարախօսութեամբ գինովցած լենինեան Ռուսիոյ հաշիւները կուլ տուին հայութեան յաջողութիւնները: Իբրեւ հետեւանք` Վանը գրեթէ պարպուեցաւ իր հայութենէն: Արամն ու տեղւոյն ղեկավարութիւնը Կովկաս գործուղուած էին արդէն: Լեւոն Շաղոյեան, Վասպուրականի այդ օրերուն Կեդրոնական կոմիտէի իր ընկերներուն հետ միասին, բնատուր եւ խիզախ ղեկավարի գիտակցութեամբ, կը փորձէ տեղւոյն հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանել ամէն գնով: Այդ օրերուն է, որ ան կը մերժէ Վասպուրականի կուսակցական գործերը դասաւորելու համար քանի մը ընկերներ Վան ղրկելու ՀՅԴ Բիւրոյի առաջարկը: Անոր փոխարէն` Բիւրոյին կ?առաջարկէ կուսակցական կնիքը վերադարձնել եւ առիթ տալ տեղւոյն Կեդրոնական կոմիտէին, որ Վասպուրականի կազմակերպական աշխատանքները Կեդրոնական կոմիտէն ստանձնէ: Իր կուսակցականի խիզախ նկարագիրով եւ կուսակցական կարգը յարգելու գնով, օրուան Բիւրոյին կը յիշեցնէ, որ Դաշնակցութեան կանոնագիրը Կեդրոնական կոմիտէն կը ճանչնայ իբրեւ շրջանի հայրը, հետեւաբար ան իր ընտանիքին, այսինքն շրջանին շահերը լաւագոյնս կրնայ ճանչնալ եւ պաշտպանել:
Քաղաքական Գործիչ Եւ Մարտական Ղեկավար
Լեւոն փաշան իր մարտական եւ կուսակցական ղեկավարի կարողութիւններուն կողքին, ունէր քաղաքական եւ ռազմական բացառիկ գիտելիքներ, զորս ամբարած էր մնայուն ընթերցասիրութեան շնորհիւ, իսկ գործնականացուցած էր շատ կանուխ տարիքէն յեղափոխական կուսակցութեան շարքերէն ներս քաղաքականացած ազգին համար գործելով: Քաղաքական-ռազմական գրականութիւնը եւ մամուլը իր ընթերցանութեան առանցքը կը կազմէին: Իր ժամանակակիցներուն մէջ իրեն չափ քաղաքական-ռազմական գրականութիւն կարդացող քիչ ունեցած ենք: Ան ամէն ջանք կը թափէր անգլերէն քաղաքական գիրքեր ու հրատարակութիւններ ձեռք ձգելու եւ հոն մատուցուած արժէքաւոր տեղեկութիւնները իւրացնելու` առանց անոնց մասին յոխորտալու կամ միայն խօսելու եւ գրելու:
Միայն գործնապաշտ յեղափոխական մը ըլլալով` ան հմտութեամբ այդ գիտելիքները ի գործ դրաւ, Արամ Մանուկեանի ու զինակիցներուն հետ միասին, Վանի ինքնապաշտպանութեան թէժ օրերու ճակատագրական պահերուն, նաեւ Վասպուրականի ժամանակաւոր կառավարութեան օրերուն, երբ իրեն յանձնուած էր Գեաւաշի գաւառապետութիւնը: Ան գրքունակ քաղաքագէտ կամ սալոնի յեղափոխական մը չեղաւ: Մարտի դաշտը իրեն համար յեղափոխականի հնոցը եղաւ, եւ ճակատագրական պահերուն միշտ իր գործնապաշտութեանը փաստերը ներկայացուց` փրկելով կացութիւններ ու ստեղծելով անհնար համարուող հնարաւորութիւններ: Օրինակ մը տալու համար ըսենք. Ոստանի յեղափոխական մարտերու ժամանակ հայ ֆետայիները չորս տարբեր խումբերու բաժնեց եւ կրցաւ յանկարծակիի բերելով` խուճապի մատնել հայկական վաշտին քանի մը անգամը հաշուող թուրք կանոնաւոր բանակը: Շնորհիւ մարտական եւ ռազմական իր հմտութեան ու հնարամտութեան, հազարաւոր գաղթական հայորդիներու կեանքը կրցաւ փրկել` ճիշդ ժամանակին նահանջելու եւ աւելի ապահով վայրեր անցնելու որոշումներ ու քայլեր որդեգրելով:
Խուճապէ Զուրկ Մարտնչում…
Այս մտասեւեռումներն էին, որոնք զինք մղեցին առաջին անգամ Վասպուրականէն դուրս ելած հայերը իրենց պապենական հողերուն վրայ վերաբնակեցնելու աշխատանքներ տանելու` 1916-ին: Վերաշինութեան անցաւ եւ գաղթական անօթեւան մնացած հայորդիները կրկին տեղաւորեց Վասպուրականի մէջ` որպէս հոգատար հայր: Տասնեակ հազարաւոր հայեր իրենց կեանքը վերսկսան աւերակ դարձած Հայրենի Ձոր շրջանին մէջ, որովհետեւ Լեւոն փաշան կը հաւատար, որ գիւղացին հողին պէտք է կապել եւ զայն ինքնապաշտպանութիւն վարժեցնել:
Թրքական բանակը կը շարունակէր հալածել եւ երկրորդ անգամ դուրս դնել Վասպուրականի գաղթական հայութիւնը: Անոնք իրենց հալածանքը շարունակեցին մինչեւ Սալմաստ: Հայ մարտական ուժերուն եւ մանաւանդ Լեւոն փաշայի վստահելի պաշտպանութեան շնորհիւ` գաղթականները ապահով կը մնային: Սակայն, երբ Սալմաստն ալ անապահով վայր մը դարձաւ գաղթականներուն համար, Կոստի Համբարձումեան եւ Լեւոն Շաղոյեան միասնաբար որոշեցին գաղթականները Ուրմիա առաջնորդել` նահանջի պահուն երեք կողմերէն թշնամական յարձակումները անընդհատ սանձելով: Այդ պահուն հազարաւոր հայ գաղթականներուն ֆիզիքական ապահովութիւնն էր գերխնդիրը եւ հետեւաբար` իսկական առաջնորդին մտասեւեռումը:
Գաղթի ճամբան երկար էր ու տաժանալից: Թշնամիին օղակը հետզհետէ աւելիով կը սեղմէր անզէն գաղթական ժողովուրդը: Պարսկաստանի հողատարածքը այլեւս ապահով չէր երբեք թշուառ գաղթականներուն համար: Միակ ելքը կը մնար Իրաք հասնիլը, ուր կը գտնուէին անգլիական ուժերը: Դէպի Իրաք ճամբան ոդիսական մըն էր, որուն ընթացքին Լեւոն փաշան կը կորսնցնէ իր գաղափարակից եւ հաւատաւոր զինակից ընկերը` Կոստի Համբարձումեանը, որ դաւադրաբար կը սպաննուի թուրքերուն կողմէ: Կոստիին վրէժը կը լուծէ իր գաղափարակից ընկերը, գաղթականներուն հետ նահանջի ճամբուն վրայ: Ան մէկ կողմէ հերոսաբար կը դիմադրէր թշնամիին յարձակումներուն, եւ միւս կողմէ 75.000 հայ եւ ասորի գաղթականները Վասպուրականէն, նաեւ ճամբուն ընթացքին իրենց միացող` Պարսկաստանի տարբեր շրջաններու գաղթականները ապահով կը հասցնէ Պաղտատ ու Պասրա:
(Շար. 2)
————–