Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի (2025) – Հայրապետական Հռչակագիր

January 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարկ Է Վերաշեշտել Աւանդութեան Առանցքային
Կարեւորութիւնը Հայ Կեանքէն Ներս

Ինչպէս տեսանք, աւանդութիւնը բոլոր ժողովուրդներու ու կրօններու կեանքէն ներս կենսական նշանակութիւն ու յատուկ կարեւորութիւն ունի: Նո՛յնն է պարագան, եւ աւելիո՛վ, մեզի համար, որպէս տառապալից պատմութիւն ու լայնատարած սփիւռք ունեցող եւ համեմատաբար փոքր ժողովուրդ: Արդ, անհրաժեշտ է մեր պատմութեան փորձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.

Ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է: Ճի՛շդ է` հաւատքը, մշակոյթը, հայրենիքը, լեզուն եղած են եւ կը մնան մեր ժողովուրդի գոյութեան հզօր սիւները, սակայն յիշեալ արժէքները պահողը, ամրացնողը եւ անոնց իւրայատկութիւնը երաշխաւորողն ու զանոնք իրարու կամրջողը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցողը աւանդութիւնն է:

Բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ աւանդութիւնն է որ ժամանակի ու միջոցի սահմանները անդրանցնելով` ամուր կը պահէ ու կը պահպանէ մեր ազգի պատմութեան անշեղ ու յարատեւ ընթացքը:

Գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է: Պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, որ յաճախ գաղթի ենթարկուած եւ զարգացման տարբեր հոլովոյթ ունեցող մեր ժողովուրդին բեկորներուն մօտ մէկ ազգի պատկանելիութիւնը զօրեղ պահողը միշտ եղած է աւանդութիւնը:

Դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է: Ինչպէս որեւէ ազգի պարագային, նաեւ մեր մօտ, մեր ժողովուրդը, եկեղեցին ու մշակոյթը ուրիշներէն զանազանողը աւանդութիւնն է: Այլ խօսքով, մեր ազգի իւրայատուկ ինքնութեան կարեւոր արտայայտիչներէն մէկն է աւանդութիւնը:

Ե) Մեր արժէքներն ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պահողն ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդութիւնն է:

Զ) Վերջապէս, սփիւռքի տարածքին հայապահպանման զօրեղ ազդակներէն մէկն է աւանդութիւնը:

Յիշեալ հաստատումները տեսական չեն, այլ` մեր ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի պատմութենէն      ու կեանքի փորձառութենէն թելադրուող կարեւոր յիշեցումներ: Երբեմն սխալ ըմբռնում կը նկատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ` աւանդութիւնը համարելով պարզապէս անցեալ, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներուն անյարիր: Մերժելի է նման մտայնութիւն ու մօտեցում: Ժողովուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ պատմութեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’արտայայտէ միջավայրի մը մէջ: Իր աւանդութիւններու ճամբով իր սեփական արժէքներն ու իտէալները կը փոխանցէ գալիք սերունդներուն: Աւանդութիւնը ո՛չ անցեալ է եւ ո՛չ ալ անցեալի մէջ կը պահէ անոր հետեւողը: Ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է անոր աւանդութիւնները ճանչնալ:

* * *

Հարկ Է Աւանդութիւնները Դարձնել
Համահունչ Ներկայ Ժամանակներուն

Համաշխարհային մշակոյթով տիրապետուած, գիտութեամբ ու ճարտարագիտութեամբ շաղախուած ներկայ ժամանակներուն, աւելի քան երբեք, աւանդութիւնը կը նկատենք հրամայական, յատկապէս` մեր փոքր ազգին, եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար: Հետեւաբար հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն` ո՛չ աւանդամոլ: Հարկ է ըլլալ հաւատարիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվերածել անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի: Համոզուած ենք, որ ինքնութիւն կլանող, արժէքներ ու աւանդութիւններ ջլատող, իւրայատկութիւններ այլափոխող ու ամէն տեղ մեզ շրջապատող համաշխարհային մշակոյթին դիմաց` աւանդութիւնը ինքնապաշտպանութեան, ինքնահաստատման, ինքնարտայայտութեան կարեւոր գործօն մըն է: Եւ որպէսզի այս գործօնը դառնայ աւելի զօրեղ ու ազդու.

1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդութիւնները վերանայման ենթարկուին: Պատմութեան ընթացքին, միջավայրի ազդեցութիւնը կրած մեր աւանդութիւնները պէտք է որ դառնան համահունչ` ներկայ ժամանակներու ոգիին ու պայմաններու դրուածքին ինչպէս նաեւ` մեր սպասումներուն ու կարիքներուն, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց հիմնական տարրերն ու իւրայատկութիւնը: Այլ խօսքով, հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը:

2) Անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները դարձնելով աւելի գրաւիչ ու մատչելի, զանոնք տանինք ժողովուրդին` յիշեցնելով անոնց կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդին ամբողջականութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով, յատկապէս` սփիւռքեան պայմաններուն մէջ:

3) Անհրաժեշտ է, որ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան նոր տիպի աւանդութիւններ մշակենք, որպէսզի կարելի դառնայ նոր սերունդները ներգրաւել մեր կեանքէն ներս: Սակայն հարկ է, որ նոր աւանդութիւններու հաստատումը համապատասխանէ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն:

4) Վերջապէս, անհրաժեշտ է, որ աւանդութիւնները սոսկ չպահենք, այլ զանոնք աւելի հարստացնենք, սոսկ անցեալի չվերածենք, այլ ներկային մէջ ապրի՛նք` անոնցմէ եկող ոգին ու պատգամը մեր կեանքին մէջ թարգմանելով:

Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեաներուն պատգամ մը կ’ուղղէ` ըսելով` ձեր հայրերու աւանդութիւններուն ամուր կառչեցէք (Բ. Թես 2.15): Այսօր առաքեալին խօսքը փոխ առնելով` որպէս հայրական պատգամ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ջերմօրէն կը թելադրենք` ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զոհողութեան պահուած աւանդութիւններուն` այն հաստատ համոզումով ու խոր գիտակցութեամբ, որ`

– Մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր` պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց:

– Մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին` ինքնութիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:

– Մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ` պայմաններուն պարտադրած վերիվայրումին դիմաց:

– Մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներ` մարդկութեան լռութեան դիմաց:

Այո՛, այսպէ՛ս եղան աւանդութիւնները մեր ժողովուրդին համար իր ողջ պատմութեան ընթացքին: Այսպէս են նաեւ այսօ՛ր` ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ:

Այլ եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու տուած Մեր այցելութիւններուն ընթացքին տեսած ենք, թէ ինչպէս անոնք անշեղօրէն եւ հաւատարմօրէն կառչած են իրենց աւանդութիւններուն, երբեմն նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն անյարիր ու տարօրինակ թուացող աւանդութիւններուն` կենցաղային պայմաններէն սկսեալ մինչեւ կրօնի ու մշակոյթի հետ աղերս ունեցող մարզեր: Այդ ամուր կապուածութիւնը աւանդութիւններու արտաքին ձեւէն անդին` առնչուած է անոնց ճամբով արտայայտուող արժէքներուն, ոգիին, գաղափարին, ինքնութեան ու տեսլականին: Նո՛յն մօտեցումը ու հաւատարմութիւնը պէտք է ունենանք նաեւ մե՛նք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն նկատմամբ:

Հարկ է, որ մեր ժողովուրդին մօտ աւանդութեան նկատմամբ որեւէ ձեւի մակերեսային վերաբերում, անտեսում կամ անտարբերութիւն փոխուի: Արդարեւ, մեր անցեալը ներկային կապող, ներկան ամրապնդող ու ապագային բացող ու մեր ժողովուրդի ոգին, հաւատքն ու տեսլականը արտայայտող աւանդութիւններուն նկատմամբ անհրաժեշտ է ունենալ հաւատարմութիւն ու նախանձախնդրութիւն:

Աւանդութիւններուն
Վերակենսաւորումը Հրամայական Է 

Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատասխանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնահերթութիւն: Բազմաթիւ են ու բազմազան անցեալէն եկող աւանդութիւնները: Անհրաժեշտ է կարեւորութեան ու այժմէականութեան կարգով վերադասաւորումի ենթարկել մեր աւանդութիւններն ու զանոնք վերականգնելու, վերանորոգելու եւ ներկայ պայմաններուն պատշաճեցնելու ուղղութեամբ լծուիլ աշխատանքի: Անցեալին այս գծով որոշ փորձեր կատարուած են: Անհրաժեշտ է աւելի լայն ծաւալով ու համապարփակ կերպով ձեռնարկել նման  կարեւոր գործի: Այս ծիրէն ներս եկեղեցին, դպրոցն ու մեր մտաւորականները կարեւոր դեր ունին կատարելիք:

Հետեւաբար կը թելադրենք, որ`

1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հոգեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:

2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յատուկ գրքոյկներ պատրաստուին` աւանդութիւններու ծնունդը, հոլովոյթը եւ նպատակը պարզող:

3) Հոգեւոր հայրեր թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ՛ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին յիշեցնեն մեր աւանդութիւններուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:

4) Մեր կառոյցները, յատկապէս` տիկնանց միութիւնները, ժողովրդային յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն` աւանդութիւններ բացատրող ու անոնց դերն ու այժմէականութիւնը պարզող:

Վստահ ենք, որ յիշեալ գործնական քայլերը մեր զաւակները պիտի մղեն վերականգնելու, վերարժեւորելու ու վերակենսաւորելու մեր այնքան գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութիւնները ներկայ ժամանակներու լոյսին տակ:

Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս մեր հայրական օրհնութիւնը կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով պայծառակերպէ մեր ժողովուրդին կեանքը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Աղօթարար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 յունուար, 2025
Անթիլիաս, Լիբանան

(Շար. 2 եւ վերջ)

—–

(Շար. 1)

Նախորդը

Տիտան Լեւոն Փաշա Շաղոյեան` Ազգային Պանթէոնը Կերտած Հսկաներէն

Յաջորդը

Լիբանանի Վերջին Զարգացումները` Թուրք-Սէուտական Մրցակցութեան Պրիսմակէն Դիտուած

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.