ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ
Լեւոն Շաղոյեան, աւելի հանրահռչակ` Լեւոն փաշա անունով, մէկ անդամն է ամբողջ սերունդի մը, որ հսկայական գործ ըրած է անաղմուկ ու համեստօրէն: Եթէ ուզենք հերոսին վաստակն ու ժառանգութիւնը գնահատելու արագ փորձ մը ընել, հսկայ կառոյցի մը միայն ուրուագիծը պիտի կարենանք տեսնել: Հետեւաբար, այս աշխատասիրութեան ծաւալը կը նմանի ովկիանոսին մէջ ծփացող սառցալերան մը, որուն երեւցող բաժինը զանգուածին միայն մէկ փոքր մասն է, եւ մենք այդ երեւցող բաժինէն ընդհանուր գիծեր պիտի ներկայացնենք այս սիւնակներուն մէջ: Իրողութիւնը այն է, որ Լեւոն փաշային գործն ու էութիւնը նման են այն սառցալերան, որ ունի ջուրի մակերեսին տակ թաքնուած վիթխարի, անսասան եւ դիմացկուն գոյութիւն: Այնպիսի՛ գոյութիւն, որուն խորքը թափանցելով եւ անոր մէջ խորասուզուելով միայն կարելի է հասկնալ ու գնահատել ամբողջութիւնը:
Տիտան մըն էր Լեւոն փաշան, ինչպէս` մեր ազգին պանթէոնը կերտած հսկաները, որոնք աներեւակայելի ու անգնահատելի աշխատանք տարած են սահմանափակ պայմաններով: Մենք միշտ ալ սքանչացումով դիտած ենք այդ սերունդին ԳՈՐԾԸ, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդքան բան ընել մէկ կեանքի ժամանակամիջոցին: Այդպիսի գործերով է, որ անոնք կերտած են մեր ազգին պանթէոնը, եւ մենք պարտքը ունինք զիրենք բարձրացնելու իրենց արժանի պատուանդանին, ո՛չ միայն իրենց գործն ու կեանքը արժեւորելու, այլ նաեւ` այսօրուան եւ վաղուան մեր սերունդները իրենց համեստ նկարագիրով, բայց միաժամանակ հերոսական արժանիքներով դաստիարակելու համար: Այս հերոսներն են, որոնք գերմարդկային ուժերը լարելով եւ նուիրուելով, ստեղծեցին ու կերտեցին անկարելին եւ դարձան հրաշագործ արարիչները մեր արդի պատմութեան պանծալի էջերուն:
Ինչո՞ւ «Փաշա»
Հայ ազգը «Փաշա» տիտղոսը տուած է այն հեղինակաւոր եւ արժէքաւոր անձնաւորութիւններուն, որոնք ժողովուրդին յարգանքն ու ակնածանքը վայելած են` իրենց կեանքի ընթացքին ազգային անշահախնդիր գործին նուիրուելուն համար: Լեւոն Շաղոյեանն ալ արժանաւոր կերպով ստացած էր այդ տիտղոսը իր ժողովուրդէն: Ան այդ տիտղոսը չէ ընդունած որպէս փառքի ու պատիւի տիտղոս, այլ այդ տիտղոսը կրելով` յաւելեալ պարտականութիւն, պարտաւորութիւն եւ հոգատարութիւն զգացած է ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ: Ան «փաշա»-ն էր գիւղացիին, տառապողին, իրաւազրկուածին, որովհետեւ անոնց համար ծառայողն ու պայքարողն էր, ինչպէս` Անդրանիկը, Արամը, Ռուբէնը եւ բազմաթիւ ուրիշ հերոսներ, որոնք ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը վայելելով, նոյնինքն ժողովուրդէն ստացած են այդ տիտղոսը:
Ահա այդպիսիներուն շարքին կը դասենք Լեւոն Շաղոյեանը: Տարբեր «Սարերու Ասլան» մը, որ կրցաւ իր քաջութեամբ եւ ռազմական իմաստութեամբ Ցեղասպանութեան օրերուն Սալմաստի սարերու անցքերը պաշտպանել, մարտնչիլ թշնամիին դէմ ու կիրճերը մաքրել ոճրագործներէ: Այդպիսով` յաջողեցաւ փրկել հազարաւոր հայ եւ ասորի գաղթականներու կեանքերը` թրքական հալածանքներէն ու ստոյգ սպանդէն: Ան ուրիշ տեսակի Աւետիս Ահարոնեան մըն է, որ ո՛չ թէ իր գրիչով Հայաստանը ներկայացուց Եւրոպայի մէջ, այլ իր քաղաքական եւ ռազմական սուր միտքով ներկայացուց ու պաշտպանեց Իրաք ապաստանած հայ գաղթական ժողովուրդը` բրիտանական իշխանութեան մօտ, շահելով անոր յարգանքը եւ հետեւաբար` աջակցութիւնը: Ուրիշ տեսակի լեզուաբան Աճառեան մըն էր, որ ռազմագիտական բոլոր լեզուները փորձով իւրացուց եւ ապա այդ բարդ լեզուները համեմատեց իրարու հետ, գտնելու համար այն լեզուն, որ կրնայ վերծանել բոլոր ռազմական լեզուները եւ հաղորդակցիլ ու բանակցիլ քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ` յանուն հայ ազգի զաւակներուն ռազմական ապահովութեան եւ բարօրութեան:
Այս ու նման մտածումներով է, որ այս աշխատասիրութիւնը կը նուիրեմ մեր մեծ վեթերաններէն մէկուն: Անոր գործին ու այդ գործին տեսակին հանդէպ տածած յարգանքիս շնորհիւ այս ուսումնասիրութիւնը ուզեցի թուղթին յանձնել` հաւատալով, որ անիկա երբ հասնի ընթերցողին ու նոր սերունդին, ինքնաբերաբար անոր մէջ պիտի ծագի ու աճի յարգանք ու հիացմունք Լեւոն փաշայի գործին ու ծառայութեան նկատմամբ: Եթէ մենք կը յաւակնինք յայտարարել, թէ կը յարգենք եւ կը պատուենք մեր վեթերան հերոս ընկերները, ապա անոնց շարքին անվարան պիտի դասենք անշուշտ Լեւոն փաշա Շաղոյեանը:
Մահուան Յիսնամեակ Եւ
Անդրշիրիմեան Պատգամը
50 տարի առաջ, հայրենիքէն ոչ հեռու, բայց օտար հողին վրայ իր աչքերը փակեց Վասպուրականի այս հայ հերոսը` մեզի փոխանցելով ազգային արժանապատուութեան աւանդը եւ հայրենիքը պաշտպանելու գիտակցութիւնը: Ան իր կեանքով եւ ժառանգութեամբ մեր էութեան մէջ արմատացուցած է խոր յարգանք եւ ակնածանք` ամբողջ կեանք մը ի սպաս դրուած ազգային անսպառ գործին, բայց մանաւանդ` այդ գործին որակին ու բծախնդրութեան նկատմամբ:
Լեւոն փաշան, ինչպէս ժողովուրդը զինք պիտի կոչէր, անդրշիրիմեան անժամանցելի պատգամ մը կտակած է մեզի: Ան կը հաւատար, որ ազգային գործը կարելի է իրականացնել միայն հաւատքով, պայծառ տեսլականով եւ ազգային շահ հետապնդելու առաջադրանքով: Իր կեանքին ու ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու իրականացուցած գործին ծանօթանալով` կը հասկնանք, որ տագնապալի կամ խառնաշփոթ պահերուն անգամ պէտք է ուղղուիլ ազգային կողմնացոյցով, որովհետեւ անոր սլաքը միշտ ցոյց պիտի տայ բարոյականութիւն եւ անշուշտ` յաղթանակ:
Ան իր սեփական օրինակով փաստած է, որ աճիւններէ՛ն անգամ կարելի է յարութիւն առնել` յանուն ազգին եւ հայրենիքին վերակառուցման եւ անոնց խոստմնալից ապագային:
Լեւոն փաշան փակեց իր աչքերը 50 տարի առաջ, սակայն մեր բոլորին աչքերը բացաւ` ի տես նուիրագործուած եւ կատարելագործուած հերոսական կեանքի մը վրայ: Ան ներկայացուցիչն էր այն սերունդին, որ ո՛չ միայն բեկանուած ազգի մը հատուածները ոչնչացումէ փրկեց իր անշահախնդրութեան, իմաստութեան եւ քաջութեան շնորհիւ, այլ նոր կեանք պարգեւեց անոնց, նոր յոյսեր սերմանեց ամայացած անապատին մէջ` գալիք ովասիսներու եւ անդաստաններու տեսլականով:
Ան գիտէր, թէ ինչո՛ւ հայ ծնած է: Իբրեւ տիպար ու պարկեշտ մարդ` յանձնառու մնաց նախախնամութեան թելադրած առաքելութեան, մինչեւ իսկ եթէ անիկա երբեմն ԽԱՉի մը պէս ուսերուն ծանրանար. խոհեմութեամբ եւ համբերանքով յառաջ տարաւ այդ խաչը: Այս ձեւով է, որ կը բացատրուին իր մասին մտերիմներու եւ գործակիցներու այն յուշերը, ըստ որոնց, ան յաճախ անգիտակցաբար «օ՜ֆ» մը կ’արձակէր իր էութենէն: Այդ «օ՜ֆ»-ը դարձած էր իր տարբերանիշը, որուն հարազատութիւնը կրնանք հասկնալ միայն անոր նուիրեալ կեանքը ըմբռնելով:
Ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն ետք Իրաքի հայ գաղութը մարմնաւորած մեր օճախին մէջ, եզակի երեւոյթ մըն է Լեւոն փաշան, որուն վայելած յարգանքն ու պատիւը շատ արդար եւ ուսուցանելի են: Անմիջապէս ըսենք, որ Լեւոն Շաղոյեանի գործը միայն Իրաքի հայութեան կեանքով չէ պայմանաւորուած, սակայն իրաքահայ գաղութը արդարօրէն Ի՛Ր «Լեւոն փաշան» դարձուցած է զայն, եւ այդպիսով հերոսն ու գաղութը փոխադարձաբար որդեգրած են զիրար:
Գործնական Հայրենասիրութիւն
Իր մահուան յիսնամեակին առթիւ կը փառաբանենք անոր կեանքն ու գործունէութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս մեծն Թումանեանը ըսած է` «Մարդու գործն է միշտ անմահ»: Հետեւելով մեծին եւ հաւատալով այդ մտքին` կը հաստատենք, որ մարդուն վաստակը անժամանցելի արժէք մըն է, իսկ անհատին մատուցած ծառայութիւնները իր շրջապատին ու ազգին` միշտ ուսուցանելի են: Յառաջիկայ սերունդները յիսնամեակներ եւ հինգ հարիւր տարիներ շարունակ կարելի է դաստիարակել Լեւոն Շաղոյեանի ու իր սերնդակիցներուն աւանդին հանդէպ հաւատարմութեամբ: Ճանչնալով այս արժէքները եւ գնահատելով զիրենք, մենք առիթ կ՛ընծայենք լուսարձակի տակ բերելու, որ մեր իրականութեան մէջ բազմանան նմանօրինակ ղեկավարներ, որոնք իսկական առաջնորդներ եղած են, իսկ անոնց հետեւորդ դառնալը միայն պատիւ, պարծանք, ճշմարտութիւնը եւ յաջողութիւն կը պարգեւէ մեր ազգային հաւաքական կեանքին եւ հայրենիքին:
Այս աշխատասիրութիւնը կը միտի լուսարձակները կեդրոնացնել հերոսին կեանքին ու գործունէութեան վրայ` հաւատալով, որ անոր շունչն ու գործունէութեան կլանող ալիքները պիտի համակեն հայորդիներուն կեանքերը` հայօրէն աշխատանքի մղելով զիրենք, միաժամանակ պիտի մաքրեն եւ սրբագործեն մտքերն ու հոգիները կրակի մկրտութեամբ` բիւրեղացնելու համար այսօրուան ոչ բաղձալի եւ սրբագրութեան կարիքը ունեցող մեր իրականութիւնը:
Ազգային հերոս Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մասին խօսիլ` կը նշանակէ գործնապաշտ հայրենասիրութեան մասնագիտական վերլուծում ու վերծանում կատարել: Իր ժամանակակիցներն անգամ անոր մտքերը վերծանելու կարիքը զգացած են, երբ անոնք հեռու եղած են ազգային սլաքի մագնիսական դաշտէն, որուն ակնարկեցինք վերը: Հետեւաբար, խղճի պարտք է խօսիլ եւ գրել հերոսին կեանքին ու գործին մասին, սակայն միաժամանակ ակնածանք եւ յուզում կ՛ապրինք անոր մասին գիրով արտայայտուելու համարձակութեան համար, յանկարծ իր հաշուոյն անարդար որեւէ բան ըսելու կամ պակաս տեղ ձգելու մտավախութեամբ: Կարելի է նոյնիսկ գիրք մը գրել իր մասին, ինչպէս ըրած է Սեդա Տաճատ Օհանեանը, որ ՀՅԴ-ի արխիւները ուսումնասիրելով բծախնդրութեամբ ներկայացուցած է Լեւոն փաշային կեանքը եւ աշխատանքը: Այստեղ կանգ պիտի առնենք հերոսին աշխատանքային տարբեր կալուածներուն առջեւ, առանց անոնց ամբողջութիւնը ներկայացնելու: Միթէ կարելի՞ է նման բան…: Այս աշխատանքը կը կատարենք` խոնարհելով մեծ հայուն ազգային բեղուն եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ իր անմահ յիշատակին առջեւ, անձուրաց հայորդի մը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը ազգին համար եղաւ տեսակ մը Վանայ ծով:
Կենսագրական Հակիրճ Տուեալներ
Լեւոն Շաղոյեան ծնած է 1887-ին, Մեծ Հայքի Վասպուարկան նահանգի Հայոց Ձոր շրջանի Խարակաց գիւղը, որ կը գտնուէր Վանայ լիճին հարաւ-արեւելքը: Ունեւոր ընտանիքի մը զաւակն էր ան: Համիտեան ջարդերու օրերուն անոր ընտանիքը կորսնցուց իր ունեցուածքին մեծ մասը:
1905 թուականին կը մտնէ Աղթամարի թեմական դպրոցը, սակայն շուտով խնդիրներ եւ անարդարութիւններ կը ծագին դպրոցէն ներս. հինգերորդ կարգը կը փակուի, եւ աշակերտները դուրս կը մնան:
Անոր մէջ կանուխ տարիքէն ի յայտ կու գայ ըմբոստ եւ անարդարութեան չհանդուրժող նկարագիրը, նոյնիսկ եթէ այդ անարդարութիւնը եկած է ղեկավարներէն կամ կրթական համակարգի դաստիարակներէն:
Ան հմայուած էր Աղթամարի ճարտարապետական եւ պատմական մանրամասնութիւններով, եւ անոնց մասին իր ուսումնասիրութիւնները կատարած է` անձամբ կարդալով եւ պեղելով նորութիւններ: Անշուշտ ասիկա իր մէջ արմատացած է` ազգային արժէքներու հանդէպ ունեցած սէրէն ու իբրեւ հայ զանոնք իւրացնելու փափաքէն:
Ինչպէս գիտենք, քիւրտերը կը ճնշէին ու կը հալածէին հայ գիւղացիները գաւառներուն մէջ: Հայ գիւղացին նոյնիսկ արտը ջրելու ազատութիւն չունէր, եթէ քիւրտ բեկը ջուրը նախ չէր օգտագործած: Նման կենցաղային հարցերու համար օր մը քիւրտ բէկ մը կը ծեծէ Լեւոնին հայրը: Լեւոն հօրը վրէժը կը լուծէ` քիւրտ բէկը սպաննելով 1910 թուականին: Ասիկա կ՛ըլլայ իր առաջին յեղափոխական եւ արդարահատուցման կեցուածքը: Ան հազիւ 17 տարեկան էր…
(Շար. 1)