Լեւոն փաշա Շաղոյեան մեր իրականութեան մէջ եղաւ այնպիսի բացառիկ անձնաւորութիւն մը, որ իր կեանքով, անսակարկ նուիրումով ծառայեց իր ազգին ու հայրենիքին, տուաւ ամէն ինչ եւ ունեցաւ ոչինչ:
Լեւոն փաշա Շաղոյեան` յեղափոխական մարտիկ, Վասպուրականի հերոսամարտի ղեկավարներէն, դաշտի հերոս, զինուորական մարմինի անդամ, Վասպուրականի Գաւաշ շրջանի գաւառապետ: Իր ընկերներուն հետ ղեկավարելով Վասպուրականի վերջին գաղթը` ժողովուրդը Պարսկաստանի վրայով հասցուցին Իրաք: Հիմնեց Հաւրէզք հայկական առաջին գիւղը սփիւռքի մէջ եւ այլն:
Կարեւոր է այդ նուիրեալին յիշատակը յարգել եւ մահուան 50-ամեակին առիթով կազմակերպել յարգանքի եւ երախտագիտութեան ձեռնարկ:
Լեւոն փաշան կը պատկանի նախավերջին շրջանի մեր պատմութիւնը կերտող այն անկրկնելի սերունդին, որուն ներկայացուցիչները շունչ տուին մեր ազգին, անոր պայքարելու ոգին արթնցուցին, հայրենիք կերտեցին ու ժողովուրդը ղեկավարեցին: Անոնք միշտ մեզի ըսելիք ունին, պատգամ ունին թողած:
Այս օրերուն, երբ ազգովին կ՛ապրինք յուսահատութեան, լքումի, ճակատագրական ու դժուարին այս ժամանակները, անոնց յիշատակը մեր սրտերուն ուժ, մեր հոգիներուն կորով, մեր քայլերուն վստահութիւն կը ներշնչէ:
Այո՛, այս օրերուն որքան կարիքն ունինք անոնց հաւատքը շարունակելու, անոնց կամքն ու պայքարի ոգին օրինակ ունենալու:
Յարգա՛նք անոնց յիշատակին:
* Բացման խօսք` Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 50-ամեակին նուիրուած յարգանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյին: