Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Ընդհանուր Ժողովներէ Ետք. Այսօր Առանց Շուշիի, Իսկ Վաղը` Առանց Երեւանի, Եթէ…

Յունուար 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

29 յունիս 1992-ին ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովը սկսաւ ազատագրուած Շուշիի ոգիով: Երեք տարիներ առաջ, փետրուար 2022-ին սկսած ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը վերջինն էր, որ արիւնոտ, բայց պայքարող Շուշիի շունչով կ՛առաջնորդուէր:

34-րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատած էր, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ապազգային քաղաքականութեան շարունակութիւնը կը յանգեցնէ Հայաստանի թրքացման ու Արցախի հայաթափման: Ազգովին մտիկ չըրինք, իրօք զարթօնք չապրեցանք` դառնալով լուռ ու համերաշխ վկաները Արցախի ամբողջական յանձնումին: Նշեալ ժողովէն ամիսներ ետք, 27 սեպտեմբեր 2022-ին Արցախը յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին, Շուշին դարձաւ, այսպէս կոչուած, Շուշա, Ստեփանակերտը` Խանքենդի, յաղթական ու արդար իրականութիւնը` վերստին տեսլականի ու պարտուողական հոգեվիճակի:

Փետրուար 2025-ին պիտի սկսի ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը` առանց Շուշիին… Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ մարտավարութիւնը կանգ չէ առած: 34-րդ Ընդհանուր ժողովը լայնօրէն անդրադարձած էր Հայաստանի թրքացման վտանգին, եւ անցնող երեք տարիներու Հայաստանի իշխանութիւններուն իրերայաջորդ քայլերը ցոյց տուին, որ անոնք կը միտին` հայութիւնը պարպել հայկականութենէն, ազգայինէն, պատմութենէն, պայքարելու ունակութենէն, ժառանգութիւններէն եւ Հայ դատէն: Այս ռազմավարութեան մեկնակէտը Արցախի ճակատագիրի կրկնութիւնն է, Հայաստանի Հանրապետութեան քայքայումն է, հայ ժողովուրդի ջլատումն է:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ ալ ազգի ճակատագրորոշ պահերուն ջահակիրը հանդիսացած է հոսանքներուն դէմ կանգնելու եւ հայրենիքը փրկելու աշխատանքներուն մէջ: Անցնող տարիներուն բազմատեսակ պատճառներով հայրենիքի փրկութեան ճիգերը չարդիւնաւորուեցան, սակայն ժամանակն է, որ Դաշնակցութեան փրկարար ու ազդեցիկ քայլերով հանգուցալուծուին հիմնական ու այժմէական հարցերը` Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը, իշխանութիւններու պարտուողական, զիջողական եւ դաւաճանական երթի կասեցումը, Արցախի եւ արցախահայութեան հարցերու կարգավիճակի ճշդումը, ազգային-հոգեւոր արժէքներու դէմ ապազգային հոսանքի դադրեցումը եւ Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած Արցախի գործիչներու վերադարձը:

Ասկէ շատ աւելի դժուար պայմաններու մէջ Դաշնակցութիւնը ցնցիչ գործունէութեամբ եւ երբեմն ալ գործողութիւններով ազգը մահաքունէն դուրս բերած է:

Այսօր կայ միայն հիմնական մէկ օրակարգ եւ առաջնահերթութիւն` Հայաստանի թրքացման կասեցում: Այս պէտք է ըլլայ ժողովի քննարկումներուն հիմնական առանցքը, եւ ասկէ անդին` այսօրուան պայմաններուն մէջ ներկազմակերպական տարակարծութիւններով զբաղիլը նոյնինքն թշնամիներուն նպատակներուն սատարել է: Ազգովի պատերազմի մէջ ենք, առանց փամփուշտի աղմուկի` պատերազմները առաւել եւս վտանգաւոր են, եւ առ այդ, կարիքն ունինք մենք զմեզ համախմբելու եւ ապա ազգը քով-քովի բերելու, որպէսզի յաղթահարենք մարտահրաւէրները:

Շրջանային եւ միջազգային քաղաքական-ռազմական արագ զարգացումներու լոյսին տակ, այսօր Դաշնակցութիւնը 35-րդ Ընդհանուր ժողովով պէտք է նոր կարգախօսով, նոր ռազմավարութեամբ եւ նոր աշխատելաոճով  կասեցնէ անցնող տարիներու ազգակործման ու հայաթափման առաջնորդող աւերիչ քայլերը:

Պահն է, որ Դաշնակցութեան շարքերը վերադառնան Դաշնակցութեան գաղափարական արժանիքներուն եւ վերականգնեն տասնեակ տարիներու ընթացքին կազմուած դաշնակցականի համեստ, անշահախնդիր, ընկերասէր, նուիրեալ, կեցուածքի տէր, անսակարկ պայքարող ու երբեք չյանձնուող նկարագիրը:

Պահն է, որ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային մեկնարկը հանդիսանայ նոր զարգացումներու` վերականգնելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ յոյս ներշնչելու երիտասարդներուն ու պատանիներուն, որպէսզի վաղը առիթ ունենան վերականգնելու ա՛յն, ինչ որ մենք չկարողացանք պահել, որպէսզի ազատագրեն ա՛յն հայրենիքը, որուն տէր չկրցանք կանգնիլ:

Պահն է, որ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը խօսքը գործի վերածէ, եւ նորընտիր ղեկավարութիւնը ժողովի ոգին մարմնաւորէ ու ծրագիրը գործնականացնէ, որպէսզի ՀՅԴ 36-րդ Ընդհանուր ժողովին հայրենիքէն հեռու` չողբանք Երեւանի կորուստը, որպէսզի գալիք սերունդները «Հարսանիք լեռներում»-ը վերստին ապրելու ու ազգովին հպարտանալու առիթը ունենան…

 

 

 

Նախորդը

Տիտան Լեւոն Փաշա Շաղոյեան` Ազգային Պանթէոնը Կերտած Հսկաներէն

Յաջորդը

Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի (2025) – Հայրապետական Հռչակագիր

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?