Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը Հայաստանի Վերամիաւորելու Երկարատեւ Պայքարը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

December 3, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի Գրողներու միութեան ղեկավար Բագրատ Ուլուբաբեանի գլխաւորութեամբ 1965 յունիսին գրուած եւ Խորհրդային Միութեան կուսակցական եւ պետական ղեկավարութեան ուղղուած նամակը` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Հայաստանի վերամիաւորելու հարցով, մեծ աղմուկ բարձրացուց:

Նամակը երկրի ղեկավարութեան անձամբ յանձնած էր Բագրատ Ուլուբաբեան: Մոսկուայի մէջ ան հանդիպում ունեցած էր Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ:

Ազրպէյճան կատաղի թշնամութեամբ ընդունեց խորհրդային ղեկավարութեան ուղղուած դիմումը եւ Բագրատ Ուլուբաբեանն ու անոր աջակիցները մեղադրեց ահաբեկչական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ:

Պաքուէն սպառնական նամակներ ուղարկուեցան Բագրատ Ուլուբաբեանի եւ անոր աջակիցներուն:

* * *

Երեւանի մէջ 1966-ին 150 էջնոց մեքենագիր եւ անստորագիր բնագիր մը յայտնուեցաւ, որուն հեղինակը դարձեալ Բագրատ Ուլուբաբեանն էր: Բնագիրը բազմագրուեցաւ եւ տարածուեցաւ:

Բնագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ Արցախի հայութիւնը Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ կը հեծէ եւ դժուարին պայմաններու տակ կը գոյատեւէ:

Այնուհետեւ Բագրատ Ուլուբաբեան կազմեց եւ նոր բողոքագիր ուղարկեց Մոսկուա, Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին:

Բողոքագիրին հետեւեցան համանման համախօսականներ Երեւանէն եւ Խորհրդային Միութեան հայաբնակ տարբեր շրջաններէ: Միայն Լեռնային Ղարաբաղէն Կեդրոնական կոմիտէին հասած դիմումներուն տակ ստորագրած էին 45 հազար հայեր:

* * *

Հայրենի խումբ մը մտաւորականներ 1966 օգոստոսին նամակ յղեցին Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Լէոնիտ Պրեժնեւի եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի վերամիաւորելու առաջարկով: Դիմումին մէջ կ՛ըսուէր.

«Ղարաբաղը Հայաստան է տարածքով եւ ազգային կազմով, Հայաստան է կենսաձեւով, հոգեւոր կերտուածքով եւ կենցաղով: Ղարաբաղի պատմութիւնը Հայաստանի պատմութիւնն է, հայկական է Ղարաբաղի լեզուն, արուեստը եւ գրականութիւնը: Եւ քանի որ գոյութիւն ունի Խորհրդային Հայաստանը, նպատակայարմար չէ անոր անբաժանելի մասը արհեստականօրէն կտրել Խորհրդային Հայաստանէն:

Կը հաւատանք, որ դուք կը դառնաք այս հարցին նախաձեռնողները: Մենք կը հաւատանք, որ այս հարցի լուծումը աւելի կ՛ամրապնդէ մեր ժողովուրդներու համագործակցութիւնը, իսկ սահմաններու անհրաժեշտ ճշդումը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ մեր ժողովուրդներու եղբայրութիւնը եւ դրամատիրական աշխարհին ցոյց կու տայ, որ ընկերվարութեան երկնակամարի տակ կ՛իշխէ փոխըմբռնման ոգին, որ ազգամիջեան բոլոր հարցերը կը վճռուին համայնավարական բարձր գիտակցութեամբ:

Մենք երկիւղածութեամբ կը փայփայենք մեր լինելիութեան հիմքերուն հիմքը` մեր բարեկամութիւնը: Մեր երկու ժողովուրդները հոգեբանօրէն շատոնց հասունցած են հարցի նման լուծման համար: Դեռ աւելին, մենք վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր ազրպէյճանցի իր հոգիի խորքին մէջ համոզուած է հայ եղբայրներու պահանջներու արդարացիութեան մէջ:

Մեր երկու ժողովուրդները հոգեբանօրէն պատրաստ են հարցի նման լուծման համար, քանի որ խորհրդային կարգերու յիսուն տարիներու ընթացքին դաստիարակուած ենք միջազգայնականութեան ոգիով, եղբայրութեան ոգիով: Մենք արմատախիլ ըրած ենք ազգամիջեան հակակրանքներն ու նախախորհրդային շրջանի բացասական տրամադրութիւնները եւ նման հարցեր վճռելու ժամանակ պէտք է յենինք ոչ թէ ինչ որ մտացածին տարաձայնութիւններու, այլ մեր համայնավարական փոխըմբռնման եւ անկեղծ համագործակցութեան վրայ»:

* * *

Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Անտոն Քոչինեան  30 սեպտեմբեր 1966-ին իր եւ նախարարաց խորհուրդի նախագահ Բադալ Մուրադեանի անունով դիմեց Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին, Լեռնային Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորելու հարցով:

Դիմումը ներկայացնելու ժամանակի ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան նոր նախագիծի քննարկման հետ, որ կրնար յարմար առիթ ըլլալ տարածքային փոփոխութիւններ կատարելու համար:

* * *

Հայրենի շարք մը մտաւորականներ` Պարոյր Սեւակ, Մարտիրոս Սարեան, Գոհար Գասպարեան եւ այլք 1971-ին նամակով դիմեցին Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան, ընդգծելով այն անօրինական միջոցառումներու մասին, որոնք կը կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Նամակին մէջ կ՛ըսուէր.

«Պաքուէն անվերջ եկող միլիսներ եւ պետական անվտանգութեան այլազգի զինուորներ լեցուած, պաշարած են մարզին կեդրոնը: Չդադրող հարցաքննութիւններու ու հետապնդումներու միջոցով կը ստորնացրեն անոր բնակիչները: Ամէն օր բանտ կը քշուին ազնիւներն ու համարձակները, կը պաշտօնազրկուին ու կը հալածուին կամայականութիւններու դէմ բողոքողները: Մարզի հայութեան ճակատագրի տնօրէններ կարգուած են հին ու նոր դաւաճանները, ուրացողներն ու մատնիչները: Այս բոլորին վերջը չերեւիր: Իսկ եթէ կ՛երեւի, ապա ատիկա վերջն է ամէն հայկականի, որ կենաց ու մահու գոյամարտերով պաշտպանուած է մինչեւ այսօր»:

* * *

Խորհրդային Միութեան նոր սահմանադրութեան նախագիծի համաժողովրդական քննարկման ժամանակ, 1976-ին, կրկին անգամ արծարծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը:

Խորհրդային Միութեան նախարարաց խորհուրդի նախագահութեան արձանագրութեան մէջ կ՛ըսուի.

«Պատմական շարք մը հանգամանքներու հետեւանքով քանի մը տասնամեակ առաջ Լեռնային Ղարաբաղ արհեստականօրէն միացուած է Ազրպէյճանի: Նկատի չէին առնուած մարզի պատմական անցեալը, անոր ազգային կազմը, ժողովուրդին ցանկութիւնը եւ տնտեսական շահերը: Անցած են տասնամեակներ եւ Ղարաբաղի հարցը կը շարունակուի հոլովուիլ, յառաջացած է անհանգստութիւն եւ անբարեացակամութեան պահեր դարաւոր բարեկամութեամբ իրարու հետ կապուած ժողովուրդներու միջեւ: Անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղը (հայերէն` Արցախ) միացնել Խորհրդային Հայաստանի: Այդ ժամանակ ամէն ինչ կը բռնէ իր օրինական տեղը»:

* * *

Միխայիլ Գորբաչով 11 մարտ 1985-ին ընտրուեցաւ Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար, յաջորդելով Կոնստանդին Չեռնենքոյի:

Երկրին նոր ղեկավարութիւնը Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի 1985-ի ապրիլեան պլենումին, իսկ յետոյ` նաեւ կուսակցութեան 27-րդ համագումարին, 1986 փետրուարին, տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրներ մշակեց ու երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս նոր ուղեգիծ մշակեց:

Գորբաչովի նախաձեռնած «կլասնոսթ»-ը (հրապարակայնութիւն) եւ «փերեսթրոյքա»-ն (վերակառուցում) յայտարարուեցան իբրեւ պետական նոր քաղաքականութիւն:

* * *

Քաղաքական համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններու տակ, հայեր կրկին անգամ ձայն բարձրացուցին Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորելու հարցով:

Հայ հինգ ակադեմականներ, երեք զօրավարներ եւ երեք դերասաններ 1986 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի հարցով նամակ ներկայացուցին Միխայիլ Գորբաչովի եւ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Անտրէյ Կրոմիքոյի:

Ստեփանակերտի մէջ 1986 յուլիսին Արկադի Կարապետեանի ղեկավարութեամբ ընդյատակեայ «Արցախեան միութիւն» կազմակերպութիւնը հիմնուեցաւ: Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի վերամիաւորելու ոչ պաշտօնական հանրաքուէ կազմակերպեց եւ ութսուն հազար ստորագրութիւն հաւաքեց:

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը Իգոր Մուրադեանի գլխաւորութեամբ 1 դեկտեմբեր 1987-ին Մոսկուա մեկնեցաւ եւ կուսակցական ու պետական մարմիններուն հանրագիր ներկայացուց, որուն տակ դրուած էին աւելի քան ութսուն հազար ստորագրութիւն:

Կուսակցական եւ պետական ներկայացուցիչներ պատուիրակներուն հաւաստիացուցին, որ Ղարաբաղի հարցը արդարացի լուծում կը ստանայ:

Ոգեւորուած կեդրոնական իշխանութիւններու բարեացակամ վերաբերմունքէն, Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Վազգէն Բալայեանի գլխաւորութեամբ Երեւանէն, 5 յունուար 1988-ին նոր պատուիրակութիւն մեկնեցաւ Մոսկուա: Պատուիրակները յունուար 8-ին ընդունուեցան Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահի տեղակալ եւ Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի բիւրոյի անդամ Փիոթր Դեմիչեւի կողմէ եւ անոր յանձնեցին Լեռնային Ղարաբաղի պատգամաւորներու եւ ղեկավար աշխատողներու 260 ստորագրութեամբ հանրագիր, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կազմէն ներս ինքնավար մարզի բացարձակ մեծամասնութիւնը կազմող հայ բնակչութեան անտանելի վիճակի վերաբերեալ ութսունէ աւելի փաստաթուղթ ներկայացուցին:

Դեմիչեւ յուսադրեց պատուիրակութեան անդամները եւ ըսաւ որ անպայման կը ստեղծուի Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի յատուկ յանձնախումբ` հարցը հանգամանօրէն ուսումնասիրելու համար:

* * *

Ստեփանակերտի մէջ 13 փետրուար 1988-ին տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Հայաստանին միաւորելու պահանջով:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտահերթ նիստը տեղի ունեցաւ 20 փետրուար 1988-ին, Ստեփանակերտի մէջ: Որոշում տուաւ դիմել ազրպէյճանական եւ հայկական խորհրդային հանրապետութիւններու գերագոյն խորհուրդներուն, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Խորհրդային Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու պահանջով:

* * *

Ազրպէյճան հայոց պահանջատիրական ելոյթներուն հակադարձեց Սումկայիթի ջարդերով: Այնուհետեւ ջարդուեցան եւ բռնագաղթուեցան Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի հայերը:

Ազերի զինուած խմբաւորումներու սանձարձակ յարձակումները, բռնութիւններն ու սպանութիւնները դիմագրաւելու համար, Արցախի հայութիւնը դիմեց զինուած ինքնապաշտպանութեան: 2 սեպտեմբեր 1991-ին ընդունուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը: Շուշի ազատագրուեցաւ 9 մայիս 1992-ին: Արցախեան ազատամարտը 1994 մայիսին աւարտեցաւ յաղթանակով: 2020-ի քառասունչորսօրեայ պատերազմը աւարտեցաւ Արցախի մեծ մասի կորուստով:

Ազրպէյճանական զինուած ուժեր 19 սեպտեմբեր 2023-ին, ինը ամսուան ամբողջական շրջափակումէ ետք ներխուժեցին Արցախի հանրապետութիւն եւ ցեղային զտումի ձեռնարկեցին, որ աւարտեցաւ Արցախի ամբողջական հայաթափումով:

(Վերջ)

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Բաժանումներ Եւ Միութեան Երազանք

RelatedPosts

Քեսապ Եգիպտական Գրաւման Եւ Յաջորդող Խառնակ Ժամանակաշրջանին
Պատմական

Քեսապ Եգիպտական Գրաւման Եւ Յաջորդող Խառնակ Ժամանակաշրջանին

February 4, 2026
Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները.  Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը
Պատմական

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները. Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը

January 28, 2026
Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը
Պատմական

Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.