Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Հայաստանի Վերամիաւորելու Առաջարկներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

November 26, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք աւելի սրեցան: Լեռնային Ղարաբաղը Նախիջեւանի օրինակով հայաթափելու, շրջանին ժողովրդագրական պատկերը փոխելու քաղաքականութիւնը հետեւողական եւ լայն թափ ստացաւ:

Լեռնային Ղարաբաղ զրկուած էր տնտեսական ամէն ինքնուրոյնութենէ: Հայաստանի հետ բոլոր կապերը գործնապէս խզուած էին:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններէն ներս գտնուող շարք մը բնակավայրեր ազրպէյճանական շրջաններու կցուեցան:

Հարար գիւղը Քաշաթաղի շրջանին մէջ, Հագարի գետի ձախակողմեան լեռնալանջին

Այսպէս, Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող Հարար գիւղը 1925-ին ազրպէյճանական Լաչինի շրջանին կցուած եւ Ազրպէյճանի ղեկավար Միր Ջաֆար Բաղիրով անունով Ջաֆարապատ կոչուած էր: Բաղիրովի պաշտօնազրկումէն (1953) եւ գնդակահարումէն (1956) ետք գիւղը վերանուանուեցաւ Աշաղը Փարաջան: Հագարի գետի ձախակողմեան լեռնալանջին գտնուող եւ չորս թաղերէ բաղկացած Հարար Արցախը Հայաստանի կապող «վերջին թելը» կը նկատուէր:

* * *

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները աչալուրջ կը հետեւէին Հայաստանի մէջ, կամ հայերու կողմէ Արցախի հետ կապուած քայլերուն:

Ռուսագիր գրագիտուհի մոսկուաբնակ Մարիետա Շահինեան իբրեւ «Փրաւտա» թերթի թղթակից երկար ժամանակ մնացած էր Անդրկովկաս, ակնարկներ գրած էր Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մասին եւ նաեւ հրատարակած էր «Սովետական Հայաստան» գիրքը: Երեւանի մէջ 1946-ին լոյս տեսաւ անոր «Սովետական Անդրկովկաս» գիրքը, ուր Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած էր իբրեւ «Հայկական երկրամաս» եւ «Հայաստանի մէկ կտորը»:

Ազրպէյճանի ղեկավար, Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Միր Ջաֆար Բաղիրով 21 յունիս 1947-ին պաշտօնական նամակով դիմեց Մոսկուա, Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին, պահանջելով շրջանառութենէ հանել Մարիետա Շահինեանի «Սովետական Անդրկովկաս» գիրքը:

Երեւանի մէջ 1956-ին վերահրատարակուեցաւ Րաֆֆիի «Կայծեր» վէպը: Վերահրատարակութենէն ետք Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Իմամ Մուսթաֆայեւ նամակ գրեց Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին, բողոքելով որ «Կայծեր»-ը վտանգաւոր վէպ է եւ կը վնասէ ազգերու միջազգայնական բարեկամութեան»:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները տարբեր առիթներով ձայն բարձրացուցին Անդրանիկի մասին Հայաստանի մէջ տպագրուած գիրքերու, յօդուածներու, կամ անոր յիշատակին նուիրուած միջոցառումներու առիթով: Անոնք Մոսկուայի Կեդրոնական իշխանութիւններու կը փաստարկէին, որ Հայաստանի մէջ իբրեւ ազգային հերոս կը գովերգեն «դաշնակցական եւ հակախորհրդային գործիչ մը»:

* * *

Գրիգոր Յարութիւնեան

Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան 1945 նոյեմբերին նամակ գրեց Ստալինի, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի վերադարձնելու հարցով:

Յարութիւնեան կը գրէր.

«Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ,

Հայաստանի տարածքին յարող Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը 1923-էն կը գտնուի Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այդ մարզի բնակիչները գլխաւորաբար հայեր են: 153 հազար բնակիչներէն 137 հազարը հայեր են»:

Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարը այնուհետեւ փաստեր եւ հիմնաւորումներ կը թուէր, որոնք կ՛առնչուէին գիւղատնտեսութեան եւ կրթութեան, եւ կը շարունակէր.

«Նկատի ունենալով այս եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցանկութիւնը` Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայաստանի Ժողկոմխորհը Համամիութենական համայնավար (բոլշեւիկեան) կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ միութենական կառավարութեան քննարկման կը ներկայացնեն Խորհրդային Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը իբրեւ Ղարաբաղի մարզ, Խորհրդային Հայաստանի կազմ ներգրաւելու հարցը: Հարցին դրական լուծում տրուելու պարագային Հայաստանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ժողկոմխորհը կառավարութիւն կը մտնեն Ղարաբաղի նախկին կեդրոն` սովետական կարգերու հաստատումէն առաջ աւերուած Շուշի քաղաքը վերականգնելու առաջարկով»:

* * *

Համամիութենական Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Գէորգի Մալենքով Ստալինի ուղղուած Գրիգոր Յարութիւնեանի նամակը Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար Միր Ջաֆար Բաղիրովի ուղարկեց` ծանօթանալու եւ առաջարկներ ընելու համար:

Պատասխան նամակին մէջ Բաղիրով մերժեց Գրիգոր Յարութիւնեանի բոլոր փաստարկները, սակայն միաժամանակ իր համամտութիւնը յայտնեց Խորհրդային Հայաստանի միացնելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը առանց Շուշիի շրջանին` բայց միայն այն պայմանով, որ Ազրպէյճանի կազմին մէջ մտցուին Խորհրդային Հայաստանի երեք շրջաններ, որոնք յարակից են Ազրպէյճանի եւ ազրպէյճանցի բնակչութիւն ունին:

* * *

Գրիգոր Յարութիւնեան Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նիստի ընթացքին

Գրիգոր Յարութիւնեան 1947 նոյեմբերին Մոսկուա այցելեց եւ հանդիպում ունենալով Ստալինի հետ անդրադարձաւ նաեւ Արցախը Հայաստանի միացնելու հարցին:

Ստալին պատասխանեց ըսելով, որ կարելի է հարցը քննարկել, բայց միայն այն պարագային, եթէ այդ խնդրանքով Հայաստանի ղեկավարը Ազրպէյճանի ղեկավար Բաղիրովի հետ միասին դիմէ միութենական կառավարութեան:

Ստալինի պատասխանը կը նշանակէր հարցը մերժել կամ փակուղի մտցնել, քանի որ պարզ էր որ Ազրպէյճան երբեք այդ քայլին պիտի չդիմէր:

Հետաքրքրական է նշել, որ Ստալինի մահէն ետք, Համայնավար կուսակցութեան 1953-ի նոյեմբերեան պլենումը, երբ լսեց Յարութիւնեանը աշխատանքէ ազատելու հարցը, ներկայացուած մեղադրանքներէն կամ միտում պարունակող հարցերէն մէկը եղաւ նաեւ անոր նամակը Ստալինին, որ ներկայացուեցաւ իբրեւ ազգայնամոլական պահուածքի դրսեւորում:

Խրուշչով անձնական հաշիւներ ունէր Յարութիւնեանի հետ, եւ կ՛ուզէր հաշուեյարդար տեսնել:

Զաւեշտական էր, որ Յարութիւնեան մեղադրուեցաւ յատկապէս այն պատճառով, որ ան Ղարաբաղի հարցը Քրեմլինի մէջ բարձրացուցած էր առանց Կեդրոնական կոմիտէի համաձայնութեան:

Գրիգոր Յարութիւնեան իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն պատասխանեց ըսելով որ Ղարաբաղի հարցով Ստալինի դիմած է սեփական նախաձեռնութեամբ, իբրեւ Խորհրդային Միութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Յարութիւնեան 28 նոյեմբեր 1953-ին ազատ կացուցուեցաւ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարի պաշտօնէն եւ զայն փոխարինեց Սուրէն Թովմասեան:

Պաշտօնազրկուելէն ետք Յարութիւնեան Էջմիածնի շրջանի Կալինինի անուան սովխոզի տնօրէն նշանակուեցաւ: Շատ չանցած ան Թիֆլիս տեղափոխուեցաւ, ուր մահացաւ 9 նոյեմբեր 1957-ին:

* * *

Արցախցի խումբ մը մտաւորականներ 1962-ին նամակ ուղարկեցին Խրուշչովի, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի վերամիաւորելու խնդրանքով:

Նամակին մէջ կը նշուէր, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ցուցմունքներով տեղական ամէն նախաձեռնութիւն կը ճնշուի: «Ինքնավար մարզի մասին որոշումը կը գործէ ոչ ամբողջ ուժով, իսկ յաճախ կը մերժուի հանրապետական (Ազրպէյճանի) իշխանութիւններուն կողմէ»:

Նամակագիրները կը շեշտէին, որ ժամանակի ընթացքին տեղի ունեցաւ այն, որ հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ բացառուած է մայրենի լեզուով հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասաւանդումը: Հայ մշակոյթի զարգացումը կրած է բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ արգելքներ, կաղապարներու մէջ առնուած է հայ ազգային մտածելակերպը, եւ կը բացակային կապերը մայր Հայաստանի հետ:

Նամակին հեղինակները կը խնդրէին մարզը միացնել Հայաստանի, նշելով որ Ղարաբաղի ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ մարզին միացումը Ազրպէյճանի կը հանդիսանայ ազգային ինքնորոշման խախտման կոպիտ քայլ:

* * *

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն եւ յարակից շրջաններէ շուրջ 2500 հայերու ստորագրութեամբ, 1963-ին նամակ ուղարկուեցաւ Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար եւ նախարարաց խորհուրդի նախագահ Նիքիթա Խրուշչովի:

Նամակին մէջ կ՛ըսուէր, որ Ղարաբաղի հայութիւնը երբեք չի հրաժարիր իր ազգային ինքնութեան վերականգնման եւ 1921-ի ապօրինի որոշումը չեղեալ համարելու անյողդողդ կամքէն:

Նամակին մէջ կը շեշտուէր, որ իրենց սեփական հայրենիքին մէջ խաթարուած են հայոց իրաւունքները եւ ղարաբաղցիք կը պահանջեն վերականգնել պատմական արդարութիւնը:

Այնուհետեւ կը ներկայացուէր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական անձուկ կացութիւնը` Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան հետեւանքով:

Նամակին մէջ կը նշուէր այն փաստը, որ հինէն ի վեր Ղարաբաղի հայութիւնը ապրած է Կուրի, Արաքսի եւ Սեւանայ լիճին միջեւ, եւ պատմականօրէն այդ երկրամասը կոչուած է Արցախ, որ անընդհատ ենթարկուած է քոչուորներու արշաւանքներուն: 1921 մարտին կնքուած դաշնագիրով Արցախը ապօրինաբար տրուած է Ազրպէյճանի, իսկ 1923-ին անոր լեռնային մասին տրուած է ինքնավարութիւն: Միւս կողմէ, գերակշռող հայ բնաչկութեամբ Շամխորի, Խանլարի, Դաշքեսանի եւ Շահումեանի շրջանները Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ մտցուած են:

* * *

Բագրատ Ուլուբաբեան

Լեռնային Ղարաբաղի տասներեք ղեկավար աշխատողներ, Գրողներու միութեան մարզային բաժանմունքի պատասխանատու քարտուղար Բագրատ Ուլուբաբեանի գլխաւորութեամբ 1965 յունիսին նամակ յղեցին Խորհրդային Միութեան կուսակցական եւ պետական ղեկավարութեան:

Նամակին մէջ անոնք հանգամանօրէն կը շարադրէին մարզին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին վիճակը, ցոյց կու տային Ազրպէյճանի ղեկավարութեան խտրական վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին նկատմամբ եւ յոյս կը յայտնէին որ Կեդրոնական կոմիտէն եւ խորհրդային կառավարութիւնը կ՛աջակցին Հայաստանի հետ մարզի միաւորման:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները.  Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը
Պատմական

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները. Օսմանեան Կայսրութեան Կազմէն Ներս Քեսապի Բնակչութեան Բազմացումը Եւ Բնակավայրին Ընդարձակումը

January 28, 2026
Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը
Պատմական

Քեսապ Անտիոքի Դքսութեան Կազմէն Ներս Եւ Մեմլուքներու Տիրապետութեան Ժամանակաշրջանը

January 21, 2026
Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան
Պատմական

Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.