Եւրոպայի մէջ տեղի կ՛ունենան բաժակի մրցաշարքեր, որոնց ընթացքին առիթ կը տրուի նաեւ պահեստի մարզիկներու, մինչ կարգ մը աստղեր կ՛ուզեն հանգիստ ընել` աւելի լաւ շարունակելու տարեշրջանը:
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցան «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակի կիսաւարտականի երթի մրցումները: «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը` Լիվըրփուլ եւ Արսենալ, երթի իրենց մրցումները պարտութեամբ աւարտեցին:
Արսենալ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Նիւքեսըլի դէմ: Նիւքեսըլ, որ 1955-էն ի վեր որեւէ տիտղոս չէ շահած, մեծ քայլ մը առաւ դէպի տիտղոս, երբ Ալեքսանտր Իզաքի եւ Անթոնի Կորտընի կոլերուն չկրցաւ պատասխանել Արսենալ: 5 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ դարձի մրցումը` Նիւքեսըլի դաշտին վրայ: 2010-էն ի վեր Նիւքեսըլ Լոնտոնի մէջ չէր կրցած յաղթել Արսենալին, որ անցեալ ապրիլէն ի վեր առաջին պարտութիւնը կը կրէր իր դաշտին վրայ: Իզաք, որ Արսենալի յառաջիկայ նպատակներուն մէջ կը գտնուի, իր 14-րդ կոլը նշանակեց 15 մրցումներու ընթացքին: Շուէտացի յառաջապահը երկրորդ կոլին մէջ ալ մեծ դեր ունէր, երբ անոր ուժգին հարուածը չկրցաւ լաւապէս զսպել Արսենալի բերդապահ Տաւիտ Ռայան: Գնդակը հասած էր Կորտընի, որ նշանակած էր իր 2-րդ կոլը: 2021-ին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանը ձեռք ձգած էր Նիւքեսըլը, որ մինչեւ օրս միայն մէկ անգամ` 2023-ին հասած էր նոյն այս լիկայի բաժակի («Ի. Էֆ. Էլ.») աւարտական եւ պարտուած Մանչեսթըր Եունայթըտէն:
Օր մը ետք, Լիվըրփուլ Լոնտոնի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թոթենհամէն:
Լիվըրփուլ համեմատաբար աւելի լաւ էր, քան Թոթենհամ, բայց Թոթենհամ կրցաւ կոլ նշանակել` օգտուելով Լիվըրփուլի «անհոգ» պաշտպանողական սխալէ մը: Շուէտացի Լուքաս Պերկվալ (18 տարեկան) Տոմինիք Սոլանքէի փոխանցումէն ետք 86-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Սոլանքէ 76-րդ վայրկեանին նշանակած էր կոլ մը, սակայն ՎԱՐ-ի վրայ քննարկելէ ետք օֆ-սայտ յայտնուած էր եւ կոլը չեղեալ նկատուած: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 6 փետրուարին` Լիվըրփուլի մէջ:
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ գերբաժակի կիսաւարտականի գծով Աթլեթիք Պիլպաոյի եւ Պարսելոնայի ճակատումը:
Սպանիոյ գերբաժակ է, բայց մրցումը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ (Ժետտայի մէջ), ուր Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Պալտէի հետ փոխանցումներ փոխանակուելէ ետք, Կաւի 17-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսելոնայի առաջին կոլը:
52-րդ վայրկեանին Լամին Եամալ նշանակեց Պարսելոնայի 2-րդ կոլը, Կաւիէն փոխանցում մը ստանալէ ետք:
Պիլպաօ 2 անգամ կոլ նշանակեց, սակայն ՎԱՐ-ը չվաւերացուց երկու կոլերն ալ:
Պարսելոնա հասաւ աւարտականի եւ պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտ – Մայորքա մրցումի յաղթականին դէմ:
Այսօր կը վերադառնայ Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ն եւ Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ն, Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի կողքին:
Գերմանիոյ մէջ Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Լեւերքուզընը, Իտալիոյ մէջ Լացիօ Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Քոմոն, Ֆրանսայի մէջ Նանթ պիտի հիւրընկալէ Մոնաքոն, իսկ Օքսեռ` Լիլը, մինչ Սպանիոյ մէջ Ռայօ Վայեքանօ պիտի հիւրընկալէ Սելթա Վիկոն:


