Ֆրանսայի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան նպատակ ունի լքել իր պաշտօնը` յառաջիկայ մոնտիալէն ետք:
56 տարեկան Տեշան, ըստ «Լ՛էքիփ»-ի եւ «Էր. Էմ. Սէ.»-ի, պիտի չերկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի 2026-ի ամրան:
Տեշան, որ իբրեւ մարզիկ մոնտիալը շահած էր 1998-ին, իր պաշտօնը ստանձնած էր յուլիս 2012-ին եւ գլխաւորած Ֆրանսան 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին` պարտութեան մատնելով Խրուաթիան աւարտականին:
2022-ի մոնտիալին Քաթարի մէջ Ֆրանսա հասաւ աւարտական եւ փենալթիներով պարտուեցաւ Արժանթինէն:
Եւրոպայէն 16 խումբեր պիտի մասնակցին 2026-ին կատարուելիք մոնտիալին, որուն առաջին անգամ ըլլալով 48 խումբեր պիտի մասնակցին: Մոնտիալը պիտի հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքօ:


