Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «գագաթի մրցումը» իրար դէմ հանեց այժմու լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած խումբեր Քլիվլենտ Քեվելիրզը եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը:
Ճերըթ Էլըն 25 կէտ նշանակեց, իսկ Էվըն Մոպլի աւելցուց 21 կէտ ի նպաստ Քլիվլենտի, որ վերջ դրաւ Օքլահոմայի 15 յաջորդական յաղթանակներու շարքին` 129-122 արդիւնքով յաղթանակով:
Սա Քլիվլենտի յաջորդական 11-րդ յաղթանակն էր եւ իր յաղթանակներու շարքը հասցուց 32-ի, որոնց վերջին 11-ը` յաջորդական: Քլիվլենտ ախոյեանի իր նշանները ցոյց տուաւ նոյնիսկ երբ խումբին թիւ 1 աստղ Տոնավըն Միչել իր լաւագոյն օրերուն մէջ չէր` նշանակելով 11 կէտ:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 31 կէտ նշանակեց եւ Ճէյլըն Ուիլիամս աւելցուց 25` ի նպաստ Թանտըրի, որ իր առաջին պարտութիւնը կրեց անցեալ 1 դեկտեմբերէն ի վեր:
Ճիշդ է, որ տակաւին յունուար ենք, եւ շատ մրցումներ կան տակաւին, բայց մրցումին մակարդակը այնքան բարձր էր, որ կրնայ կրկնուիլ աւարտականին` յառաջիկայ յունիսին: Որեւէ խումբ 9 կէտէ աւելի չկրցաւ հեռանալ իր մրցակիցէն, եւ երկու խումբերը կրցան արդիւնքով իրար անցնիլ 30 անգամ: «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան միայն երրորդ ճակատումն էր այս, ուր երկու մրցակիցներ իրար դէմ կը մրցէին յաջորդական 10-է աւելի յաղթանակներ արձանագրելէ ետք: Վերջին անգամ 1995-ին Եութա եւ Սիեթըլ իրար դէմ մրցած էին յաջորդական 10-է աւելի յաղթանակներէ ետք: Քլիվլենտ իր հաւասարակշռութիւնը ցոյց տուաւ նոյնիսկ պահեստի մարզիկներով, նոյնիսկ երբ Միչելի օրը չէր: Մոպլի-Էլըն զոյգը 22 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ կատարեցին միասնաբար: Տարիըս Կարլենտ 18 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Թանտըրի:
Միայն 4 խումբեր աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած են իրենց առաջին 36 մրցումներուն: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (34-2) 2015-2016 տարեշրջանին, Ֆիլատելֆիա (33-3) 1966-1967-ին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (33-3) 1971-1972-ին եւ Շիքակօ Պուլզ (33-3) 1995-1996-ին:
Նիւ Եորք Նիքս իր Մետիսըն Սքուեր Կարտընին մէջ 112-98 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի վրայ:
Քարլ-Անթոնի Թաունզ 27 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Օճի Անունոպի 27 կէտ աւելցուց ի նպաստ Նիքսի, որ 9 յաջորդական յաղթանակներէ ետք 3 պարտութիւններ կրած էր: Ճոշ Հարթ (21 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Ճէյլըն Պրանսըն (13 կէտ) եղան Նիւ Եորքի լաւագոյններէն:
Էմանուել Քուիքլի 22 կէտ նշանակեց իր նախկին խումբին (Նիքսի) դէմ, իսկ Սքոթի Պարնզ 18 կէտ աւելցուց ի նպաստ Թորոնթոյի, որ իր յաջորդական 2-րդ մրցումը պարտուեցաւ եւ վերջին 15-էն 14-ը:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ քիչ մնաց պարտութիւն կրէր իր դաշտին վրայ, ուր Ուաշինկթըն 4-րդ եւ վերջին մասին բաւական լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերեց: Ֆիլատելֆիա 109-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց առանց Ժոել Էմպիիտ – Փոլ Ճորճ – Քայլ Լաուրի – Անտրէ Տրամընտ քառեակին:
Թայրիս Մեքսի 29 կէտ նշանակեց եւ Կերշոն Եապուսելէ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի: Ուաշինկթընի լաւագոյններն էին Ճարետ Պաթլըր (26 կէտ), Քորի Քիսփերթ (23 կէտ) եւ Քայլ Քուզմա (16 կէտ):
Ճամալ Մարէյ – Ռասըլ Ուեսթպրուք զոյգը կրցան օգնել Տենվըր Նակեթցին, որ 126-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը:
Երկու խումբերէն ալ աստղեր կը բացակայէին, Քլիփըրզի մարզիկ Քուայ Լենըրտ վերադարձած էր Լոս Անճելըս` օգնելու իր ընտանիքին Քալիֆորնիոյ հրդեհներէն փախուստ տալու, մինչ Նիքոլա Եոքիչ (հիւանդ) յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով կը բացակայէր: Տենվըր առանց Եոքիչի 5 մրցումներ կատարած եւ կորսնցուցած է 3 մրցումներ:
Նորմըն Փաուըլ 30 կէտ նշանակեց, մինչ Ճէյմս Հարտըն 16 կէտ եւ Իվիցա Զուպաց 10 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Քլիփըրզի:
Մարսէյ 21 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Ուեսթպրուք 19 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Տենվըրի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 109-103
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 129-113
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 129-122
Պրուքլին Նեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 98-113
Նիւ Եորք Նիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 112-98
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 100-119
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 126-103
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 121-105


