22 տարեկան հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ կը մասնակցի Հոպարթի (Աւստրալիա) աղջկանց մրցաշարքին, հասաւ կիսաւարտական:
Աւանէսեան 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթած էր չինացի Ուանկ Ժիյույի, ապա դուրս ձգած պելճիքացի Կրիթ Միննենը` 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին Էլինա Աւանէսեան պիտի մրցէր ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովայի դէմ, բայց վերջինս քաշուեցաւ: Էլինա Աւանէսեան կիսաւարտականին պիտի մրցի ամերիկացի Մաքարթնի Քեսլըրի դէմ (թիւ 67): Քեսլըր դուրս ձգած էր Տայանա Եասթրեմսքան (Ուքրանիա)` քառորդ աւարտականին:
Նշենք, որ կիրակի օր պիտի սկսի նաեւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը, որ այս տարուան առաջին կրան շլեմի մրցաշարքն է:
Աւանէսեան իր առաջին մրցումին պիտի մրցի ղազախ մարզիկ Եուլիա Փութինցեւային դէմ:
Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի զտումի մրցումները երէկ վերջ գտան, եւ լիբանանցի Հատի Հապիպ (թիւ 219) կրցաւ հասնիլ աւարտական մրցաշարքին` զտումի իր բոլոր մրցումները յաղթելէ ետք: Իր վերջին մրցումին, Հապիպ պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Քլեման Շիտեխը (թիւ 191)` 6-4, 3-6 եւ 7-6 (10-8) արդիւնքով:
Սակայն այլ լիբանանցի մը` Պենճամին Հասսան, չկրցաւ իր վերջին մրցումին յաղթել եւ տեղի տուաւ թունուզցի Ազիզ Տուկազի դէմ մրցումին` 3-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով:


