Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Թրէյ Եանկի Պազըր Պիթըրը Յաղթեց Եութա Ճեզին

January 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն գծով ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցում մը իրար դէմ հանեց Եութա Ճեզը եւ Աթլանթա Հոքսը:

Եութա իր վերջին 2 մրցումները յաղթելով բաւական ներշնչուած ներկայացած էր դաշտ` հիւրընկալելով Աթլանթայի Հոքսը, որ 3 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր մեծ տարբերութեամբ:

Թրէյ Եանկ շատ լաւ ձեւով ղեկավարեց Աթլանթայի խաղը` կատարելով 20 էսիսթ եւ նշանակելով 24 կէտ:

Մրցումի աւարտէն 2 երկվայրկեան առաջ, Քոլին Սեքսթըն 3 կէտնոց յաջող կողով մը նշանակեց ի նպաստ Եութայի` արդիւնքը հաւասարեցնելով 121-ի վրայ: Սակայն Աթլանթա շատ արագ խաղցաւ, եւ Եանկ դաշտին կեդրոնի գիծը չհասած բաւական դժուար դիրքէ նշանակեց շատ գեղեցիկ կողով մը: Վերջինս նշանակուեցաւ մրցումի ազդանշանէն քիչ ետք, երբ արդէն գնդակը «ղրկուած» էր Եանկի կողմէ պազըր պիթըրէն առաջ: Աթլանթա 124-121 արդիւնքով յաղթեց` արձանագրելով 19-րդ յաղթանակը 18 պարտութեան դիմաց, մինչ Եութա կրեց իր 26-րդ պարտութիւնը` 35 մրցումներու ընթացքին:

Անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս, որ իր վերջին մրցումին 105-92 արդիւնքով պարտուած էր Օքլահոմա Սիթի Թանտըրէն, վերագտաւ ինքզինք եւ 118-106 արդիւնքով յաղթեց 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցի դաշտին վրայ: Տենվըրէն կը բացակայէր սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչ, որ հիւանդ էր:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ, որ Օքլահոմայէն 1 մրցում նուազ պարտութիւն կրած է (4), իր վերջին մրցումին 115-105 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Չարլոթ Հորնեթցը:

Տարիըս Կարլենտ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Լամելօ Պոլ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Չարլոթի:

Սթեֆ Քըրրի 31 կէտ նշանակեց, բայց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 98-114 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մայեմի Հիթէն: Պամ Ատեպայօ 19 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մայեմիի:

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ իր յաջորդական 2-րդ մրցումը յաղթեց` 104-97 արդիւնքով յաղթելով Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի:

Անթոնի Էտուըրտծ 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի: Էտուըրտծ մրցում մը առաջ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ 37 կէտ նշանակած էր, իսկ կիրակի օր 53 կէտ` Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ պարտութեան ժամանակ (119-105):

Տալաս Մեւրիքս 5 յաջորդական պարտութիւններէ վերջապէս յաղթանակ մը արձանագրեց նոյնիսկ առանց Տոնչիչ-Քայրի զոյգին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վրայ 118-97 արդիւնքով:

Ստորեւ` վերջին երկու օրերու մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ֆինիքս Սանզ 99-109
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 118-115
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս 104-128
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք 94-103
Պրուքլին Նեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 99-113
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 108-106
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մեւրիքս 119-104
Շիքակօ Պուլզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114-110
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մայեմի Հիթ 123-118

ԵՐԷԿ

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Հիուսթըն Ռոքեթց 112-135
Չարլոթ Հորնեթց – Ֆինիքս Սանզ 115-104
Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 118-97
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 97-104
Եութա Ճեզ – Աթլանթա Հոքս 121-124
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ 98-114
Տենվըր Նակեթց – Պոսթըն Սելթիքս 106-118

Նախորդը

Գառնի՛կ, Չենք Կրնար Մոռնալ Քեզ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ա. Սէ. Միլան Խլեց Գերբաժակը Ինթերէն. Եունայթըտ Լաւ Ելոյթ Ունեցաւ Լիվըրփուլի Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.