Աքթաու քաղաքի մօտ ազրպէյճանական օդանաւային ԱԶԱԼ ընկերութեան օդանաւի ջախջախման պատճառներու հետաքննութիւնը կը վարէ ազգային յանձնախումբը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Ազրպէյճանի եւ Պրազիլի ներկայացուցիչները: Այս մասին կը հաղորդէ Ղազախստանի փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքային թռիչքի պետական գործակալութեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ ԱԶԱԼ-ի ներկայացուցիչները հասած են Ղազախստան: Տեղւոյն վրայ աշխատանքները կը կատարուին Ազրպէյճանի թռիչքներու իշխանութիւններու հետ սերտ համագործակցութեամբ: Օդանաւ արտադրող «Էմպրաէր»-ի եւ ՍԵՆԻՓԱ-ի (Օդանաւային արկածներու հետաքննութեան եւ կանխարգիլման կեդրոն, Պրազիլ) ներկայացուցիչները նոյնպէս հասած են Ղազախստան», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Այժմ յանձնախումբի աշխատակիցները կը գտնուին արտակարգ դէպքի վայրին մէջ եւ կը կատարեն դաշտային հետազօտութիւններ:
Ղազախստանէն հասած յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած էին փոխադրամիջոցներու նախարարութեան, Քաղաքային թռիչքներու յանձնախումբի եւ «Քազաերոնավիկացիա» հանրապետական պետական ձեռնարկութեան ներկայացուցիչներ: Յանձնախումբը կը գլխաւորէ Ղազախստանի փոխվարչապետ Քանաթ Պոզումպայեւ:
Վերջինս նախապէս հապճեպ եզրակացութիւններ չէր ըրած արկածի պատճառներուն մասին` նշելով, որ մասնագէտները պէտք է հասկնան զանոնք: Ան ընդգծած է, որ քանի որ օդանաւը արկածի ենթարկուած է Ղազախստանի մէջ, հանրապետութեան իրաւասու մարմինները պիտի հետաքննեն միջադէպը, սակայն անոնք պատրաստ են հաղորդակցիլ այլ երկիրներու գործընկերներու հետ:
Օդանաւը ջախջախուած էր 25 դեկտեմբերի առաւօտեան: Օդանաւին մէջ եղած է 67 մարդ, ներառեալ անձնակազմի 5 անդամներ: Հիւանդանոց տեղափոխուած է 14 մարդ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ մը թերեւս վնասած է ազրպէյճանական օդանաւին:
Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ եթէ հաստատուի, թէ ցուցանիշերը ճիշդ են, ապա Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ Ռուսիոյ անպատասխանատու վարմունքը պիտի հաստատէ:
Ազրպէյճանական կառավարութեան աղբիւրները «Եուրոնիուզ»-ին հաստատած են, որ Աքթաուի մէջ ազրպէյճանական օդանաւի ջախջախումը տեղի ունեցած է ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգէ արձակուած հրթիռին պատճառով:
Ըստ աղբիւրներու, հրթիռը արձակուած է 8432 թռիչքին ուղղութեամբ Կրոզնիի վերեւ անօդաչու թռչող սարքի գործունէութեան ժամանակ, եւ օդին մէջ պայթելէ ետք անոր բեկորները հարուածած են ճամբորդներուն ու անձնակազմին:
Կառավարութեան աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ վնասուած օդանաւին չեն արտօնած էջք կատարել Ռուսիոյ օդակայաններուն մէջ, հակառակ օդաչուներու կողմէ արտակարգ վայրէջք կատարելու խնդրանքին: Փոխարէնը անձնակազմին յանձնարարուած է Կասպից ծովուն ճամբով ուղղուիլ Ղազախստանի Աքթաու քաղաք:


