Իրանեան «Ասեման» օդանաւային ընկերութեան կիներէ բաղկացած անձնակազմով օդանաւը 22 դեկտեմբերին էջք կատարած է Իրանի Մեշհետ քաղաքի օդակայանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Անձնակազմէն բացի, օդանաւին մէջ եղած են 102 կին ճամբորդներ:
Իրանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով օդանաւը կառավարած է կին օդաչու Շարզատ Շամս:
Թռիչքը նուիրուած էր մայրերու օրուան տօնակատարութեան: