Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թուրքիան Շուտով Հալէպի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ»

December 27, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ շուտով Հալէպի մէջ պիտի բացուի Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսարանը, եւ Անգարան պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն մէջ աջակցիլ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն:

«Մենք վերաբացած ենք Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատունը եւ շուտով Հալէպի մէջ պիտի բանանք մեր ընդհանուր հիւպատոսարանը: Մենք կը տեսնենք, որ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավարը շատ լաւ կառավարեց հոլովոյթը, եւ անոր չափաւորութիւնն ու կառուցողականութիւնը գնահատուեցան:

«Մենք պիտի աջակցինք Սուրիոյ այն ամէնին մէջ, ինչ որ անհրաժեշտ է` ուժանիւթէն մինչեւ կրթութիւն եւ առողջապահութիւն, անվտանգութենէն մինչեւ առեւտուր: Մենք նոր իշխանութիւններուն պիտի օգնենք, որպէսզի Սուրիան վերականգնի, ուժեղացնէ իր ներուժը եւ պետական հաստատութիւններուն արտօնէ կրկին կատարել իրենց հիմնական պարտականութիւնները», ըսած է Էրտողան` խորհրդարանին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում խմբակցութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ Սուրիոյ քիւրտ զինեալները կա՛մ վար կը դնեն զէնքերը, կա՛մ կը թաղուին իրենց զէնքերուն հետ: «Անջատողական մարդասպանները կա՛մ հրաժեշտ կու տան իրենց զէնքին, կա՛մ կը թաղուին սուրիական հողին մէջ իրենց զէնքերուն հետ միասին», ըսած է Էրտողան:

«Մենք պիտի ոչնչացնենք ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ կը փորձէ արեան պատ կառուցել մեր եւ մեր քիւրտ եղբայրներուն միջեւ», աւելցուցած է ան:

 

Նախորդը

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Նախարարաց Խորհուրդը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Վերցնելու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Կիներէ Բաղկացած Անձնակազմով Օդանաւ Մը Թռիչք Կատարած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.