Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Կոչ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներուն` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը ՄԱԿ-ին եւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն յղեց հետեւեալ ուղերձը.
«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը` որպէս Արցախի ժողովրդի կողմից օրինական ընտրուած ներկայացուցչական մարմին, դեռեւս 2023 թուականի յուլիսի 27-ին միաձայն ընդունած ուղերձով դիմել է համաշխարհային հանրութեանը, ՄԱԿ անդամ պետութիւններին` կոչ անելով յանուն փրկութեան (Remedial Recognition) ճանաչել Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի անդամ պետութիւնները եւ այլ միջազգային դերակատարներ, չնայած բնակչութեանը ցեղասպանութիւնից պաշտպանելու իրենց միջազգային պարտաւորութիւններին (Responsibility to Protect), ցաւօք, բացարձակ անտարբերութիւն ցուցաբերեցին Արցախի խորհրդարանի ընդունած ուղերձի նախազգուշացումների հանդէպ Արցախի բնակչութեանը սպառնացող լրջագոյն գոյաբանական վտանգների մասին, եւ չկարողացան կամ չցանկացան պատշաճ կերպով խոչընդոտել Ազրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւնները, երբ վերջինս 2023 թուականի սեպտեմբերին ռազմական յարձակում իրականացրեց Արցախի դէմ եւ ցեղային զտումների ու ցեղասպանական գործողութիւնների արդիւնքում բռնազաւթեց Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքը:
«Մինչեւ Արցախի նկատմամբ հերթական ռազմական յարձակումը, Ազրպէյճանը, խախտելով 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, մասնաւորապէս` 6-րդ կէտը, 10 ամիս շարունակ արգելափակել էր Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` միջազգայնօրէն ճանաչուած արտատարածքային Լաչինի միջանցքը` անհնարին դարձնելով կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքների` սննդամթերքի, մանկական սննդի, դեղորայքի մատակարարումները, ինչպէս նաեւ` անտեսելով Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի 2022 թուականի դեկտեմբերի 21-ի եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 2023 թուականի փետրուարի 22-ի եւ յուլիսի 6-ի որոշումները` Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման վերաբերեալ:
«Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անպատիժ վարքագիծը ոգեւորիչ է այլոց համար: Աշխարհն օրէցօր ընկղմւում է նոր արհաւիրքների մէջ, որի գինը հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդկանց կեանքն է:
«Առաջնորդուելով Արցախը իր կազմի մէջ բռնի ուժով ընդգրկելու քաղաքականութեամբ եւ այդ տարածքից հայկական հետքը լիովին վերացնելու անթաքոյց մտադրութեամբ`
«Ներկայումս Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն ոչնչացնում կամ իւրացնում է հազարամեակների ընթացքում հայ ժողովրդի ստեղծած պատմամշակութային արժէքները, ապօրինի բնակեցնում դարերի պատմութիւն ունեցող հայկական գիւղերն ու քաղաքները, շարունակում պատանդ պահել տասնեակ մեր հայրենակիցների, այդ թւում` հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեանը:
«Այդ յանցագործ հակամարդկային քաղաքականութիւնը կանխելու եւ Արցախի քաղաքացիների` իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու միակ միջոցը ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնների կողմից Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է:
«Մինչեւ միջազգային հանրութեան կողմից Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը եւ պատմական հայրենիք հայ բնիկ բնակչութեան վերադարձի համար անվտանգ պայմանների ստեղծումը, անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցների միջոցով դադարեցնել այժմ ընթացող Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ այլ բնակավայրերի հայկական գերեզմանատների, եկեղեցիների, վանքերի եւ պատմամշակութային արժէքների, հանրային եւ մասնաւոր սեփականութեան թալանն ու բարբարոսական աւերումը` պահպանելով Արցախի բնակչութեան հարկադրաբար լքած անշարժ եւ շարժական գոյքը, բոլոր պետական եւ համայնքային շէնք-շինութիւնների, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնների եւ առեւտրային վայրերու անձեռնմխելիութիւնը:
«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը` որպէս առաջնային մանդատով օժտուած բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմին, ուղերձով դիմում է միջազգային հանրութեանը եւ կոչ անում ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններին.
«Առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով, հիմք ընդունելով 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին հռչակագիրը», 1991 թուականի դեկտեմբերի 10-ին կայացած անկախութեան համաժողովրդական հանրաքուէի արդիւնքները, ինչպէս նաեւ 1992 թ. յունուարի 6-ին ընդունուած հռչակագիրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին` ճանաչել Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան անկախութիւնը` յանուն Արցախի բնիկ ժողովրդի իր պատմական հայրենիք վերադարձի:
«ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնների կողմից Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը պատմական արդարութիւնը վերականգնելու միակ միջոցն է, այն կը դառնայ մեր ժողովրդի պաշտպանուածութեան յուսալի երաշխիքը, կը նպաստի 150 հազար հայերի արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձին իրենց պատմական հայրենիք` արդէն ճանաչուած միջազգային սահմաններում, պատմական բնակութեան վայրերում բնականոն կեանքի համար բարենպաստ պայմանների ստեղծմանը, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովի երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութիւն հարաւկովկասեան տարածաշրջանում»:
Երեւանի Մէջ` «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Միջազգային Համաժողով
12 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ համաշխարհային համաժողովը, որ ցեղասպանութեան յանցագործութիւններու քննարկման օրակարգով արդէն հինգերորդ անգամն ըլլալով Երեւանի մէջ կը համախմբէ` քաղաքական գործիչներ, միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ոլորտի յայտնի գիտնականներ, դատաւորներ, իրաւապաշտպաններ եւ քաղաքական հանրութեան ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւններու մասին աւելի շատ սկսած է խօսիլ եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ անոնք արդէն իսկ իրականացած փաստեր են:
Ան լուսարձակի տակ առաւ միջազգային հանրութեան ջանքերու արդիւնաւէտութեան պակասը կամ հաւաքական անկարողութիւնը` կանխելու աշխարհի մէջ տեղի ունեցող եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնները:
«Օրեր առաջ, դեկտեմբեր 9-ին` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը, նոյնիսկ անկէ երեք օր առաջ կամ երեք օր յետոյ, այսօր աշխարհի տարբեր տարածքներու եւ յատկապէս զինուած հակամարտութիւններու գօտիներու մէջ ականատես եղանք ցեղասպանական գործողութիւններու դրսեւորումներու ազդակներու, որոնք կը խօսին մարդկութեան դէմ հասունացող նոր յանցագործութիւններու մասին: Ցաւօք, միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւններու մասին սկսած է աւելի շատ խօսիլ եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ անոնք արդէն իսկ կայացած փաստեր են», ըսաւ Միրզոյեան, որ հաստատեց, թէ տարածաշրջանին մէջ ասոր ականատեսը եղած ենք ոչ միայն շուրջ 110 տարի առաջ` Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, այլ նաեւ` բառացիօրէն նախորդ տարի Արցախի մէջ, երբ կը թուէր, թէ աշխարհին տեսանելի են բաւարար վտանգաւոր գործօններ, որոնք կրնան յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու:
«Ցաւօք, մենք անկարող եղանք կանխել եւ այսօր ականատես ենք այդ անդառնալի հետեւանքներուն: Այս այն օրինակներէն է, երբ միջազգային կառոյցներու արձագանգը հաւասարազօր չէ վտանգի գործօններուն եւ տեղոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակին: Նշուած վտանգի գործօններէն ամէնէն էականը` ատելութեան տարածումը, ի վերջոյ ատելութեան խօսքէն վերածուեցաւ յանցագործութեան: Հայերու մասին բերածս օրինակը կը տարածուի բոլոր այլ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային ոճրագործութիւններու իրականացման հանգամանքներու եւ պատճառներու վրայ, որովհետեւ այս յանցագործութեան հիմքերը, ազդակները, վտանգի գործօնները բաւականին միանման են», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան շեշտեց, որ աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակը եւ ցեղասպանութեան վտանգաւոր միտումները պէտք է ստիպեն` գտնելու մարդոց կեանքերը փրկելու առաւել արդիւնաւէտ ուղիներ: Ազգային եւ ցեղային խումբերու պաշտպանութեան ապահովումը պէտք է շարունակէ ըլլալ մարդու իրաւունքներու միջազգային համակարգի ուշադրութեան կեդրոն: Ըստ Միրզոյեանի, միաժամանակ հասկնալի է, որ այդ առումով յաջողութեան միակ գրաւականը միջազգային սերտ համագործակցութիւնն է, որոնց կարգին` ՄԱԿ-ի կառոյցներու, տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, անդամ երկիրներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ այլ դերակատարներու միջեւ, ինչ որ ընդհանուր պատասխանատուութեան տակ կը դնէ բոլորը:
«Խօսքիս մէջ հնչած գնահատականները, կը խնդրեմ, ընկալէք իբրեւ կոչ` մէկտեղելու բոլորիս կամքը, գիտելիքները եւ հաստատակամութիւնը` պայքարելու ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու ուղղութեամբ: Միայն համախոհութիւնն է, որ թոյլ կու տայ յաղթահարել յուսահատութեան շղթան եւ պայքարել իրաւունքի վրայ հիմնուած աշխարհակարգի վերականգնման ուղղութեամբ: Խօսքս կ՛ուզեմ աւարտել ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւին շատ կարեւոր դրոյթով մը «Բոլոր ժողովուրդները իրենց ներդրումը ունին քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու բազմազանութեան եւ հարստացման գործին, որ կը կազմէ մարդկութեան ընդհանուր ժառանգութիւնը: Իսկ այդ ժառանգութեան պաշտպանութեան գործը իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է», եզրափակեց Միրզոյեան:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաժողովի մասնակցողներուն ուղերձ յղեց եւ շեշտեց, որ պէտք է ուժեղացնել կանխարգիլման գործիքները, ներառեալ` կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ` հակազդել ապատեղեկատուութեան, որ կրնայ խթանել ատելութեան խօսքը, ցեղասպանութեան մտադրութիւնները եւ գործողութիւնները: Այսօր «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատժելու մասին» համաձայնագիրը ընդունելու 76-ամեակն է: Անիկա ընդունուած է Ողջակիզման աներեւակայելի սարսափներու իբրեւ արդիւնք, գրաւական է ցեղասպանութենէն տուժածներուն եւ վերապրածներուն` ապահովելու, որ այս վայրագութիւնները երբեք չկրկնուին: Դժբախտաբար պառակտումներով, անվստահութեամբ եւ բռնութեամբ պատուած աշխարհի մէջ ցեղասպանութեան մութ ուրուականը տակաւին մեզի հետ է», ըսաւ Կութիերեշ:
Յանուն ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրածներուն` բոլոր կառավարութիւնները, ըստ Կութիերեշի, պէտք է վաւերացնեն եւ ամբողջութեամբ գործադրեն համաձայնագիրը` պատասխանատուութեան ենթարկելով մեղաւորները:
Ան շեշտեց, որ պէտք է իրականացնել Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները` համաձայնագիրի կիրարկման վերաբերեալ, պէտք է ամէն ինչ ընել նախազգուշացնող նշանները բացայայտելու եւ ահազանգելու համար: «Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրածները յարգելու լաւագոյն միջոցը այս դաժան յանցագործութիւնը կանխելու վերաբերող գործողութիւններու աշխուժացումն է», շեշտեց Կութիերեշ:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատար Վոլքըր Թիւրք իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ոճրագործութիւնները կանխելու կարեւորագոյն միջոցն է, որ բոլոր կառավարութիւնները եւ հակամարտող կողմերը լիովին յարգեն միջազգային իրաւունքը: «Որովհետեւ այս ծանրագոյն յանցագործութիւնները առանց պատճառի չեն ծնիր. անոնց կը նախորդեն համակարգուած խտրականութիւն, ատելութեան հրահրում եւ բացառման օրինաչափութիւն` հիմնուած ցեղային, ցեղապաշտական, կրօնական կամ այլ յատկանիշներու վրայ, ինչպէս նաեւ` մարդու իրաւունքներու այլ կոպտագոյն խախտումներ», ըսաւ Թիւրք, որ նաեւ շեշտեց, որ այսօր բազմաթիւ պետութիւններ կը ձախողին իրենց պարտականութիւններու կատարման մէջ:
«Հայաստանի այս կարեւոր հարթակէն ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր երկիրներուն` հաւատարիմ մնալու, պահելու պատերազմի կանոնները եւ խթանելու անոնց կիրարկումը», շեշտեց Թիւրք:
Ան նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութիւններուն` գործակցելու միջազգային յանցագործութեան, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ չարաշահումներու հետաքննութեան եւ հետապնդման ճիգին, ինչ որ կ՛ենթադրէ հետեւողականօրէն աջակցիլ հաշուետուողականութեան միջազգային գործիքակազմերուն, ներառեալ` Միջազգային քրէական դատարանին, բոլորովին յարգել անոնց որոշումները:
«Այդ կը նշանակէ` քննել ներկայի քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերուն տրամադրուող աջակցութիւնը` պատրաստ ըլլալով դադրեցնելու զայն, եթէ այդ աջակցութիւնը միջազգային իրաւունքի լրջագոյն խախտումներուն նպաստող յստակ վտանգներ կը պարունակէ: Մենք բոլորովին ալ անզօր չենք` կանխելու եւ նուազեցնելու ցեղասպանութեան ու այլ ոճրագործութիւններու վտանգը: Ազգային եւ տարածաշրջանային ռազմավարութիւններ` ատելութեան խօսքին դէմ ուղղուած, նախորդ ցեղասպանութիւններուն մասին իրազեկուածութիւն, ցեղապաշտական, կրօնական եւ ատելութեան այլ ձեւերու հրահրման հակազդող միջոցառումներ. այս բոլորը նախայարձակ քայլեր են, որոնց կը ձեռնարկեն կառավարութիւնները եւ հանրութիւնները` իմ գրասենեակիս եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան աջակցութեամբ», ըսաւ Թիւրք, ըստ որուն, բոլորն ալ պարտաւոր են ստանձնելու խաղաղութեան մշակոյթ ձեւաւորելու յանձնառութիւնը` մարդու իրաւունքներու ու մարդկային արժանապատուութեան վրայ հիմնուած:
«Կոչ կ՛ուղղեմ այս ֆորումի մասնակցողներուն` աշխուժ ներգրաւուածութիւն ցուցաբերելու այս բոլոր ջանքերուն մէջ այս բեկումնային ժամանակներուն», եզրափակեց Թիւրք:
Ազրպէյճանցիները Ամարասի Վանական Համալիրը Իբրեւ Աղուանական Կը Ներկայացնեն. «Գեղարդ» Հիմնարկ
Միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր վանական համալիրներէն մէկը Ամարասն է: Ըստ 5-րդ դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի Ամարասի Սուրբ Գրիգորիս եկեղեցին 4-րդ դարու սկիզբը կառուցած է Գրիգոր Լուսաւորիչ, իսկ աւարտին հասցուցած է անոր թոռը` Գրիգորիսը, որ, ըստ հայ պատմագիր Մովսէս Կաղանկատուացիի, թաղուած է եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը: «Անհնար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կարող է Արցախի եւ Ուտիքի հայութեան հոգեւոր-մշակութային կեդրոններէն Ամարասը ըլլալ «աղուանական» մշակութային կառոյց, երբ անգամ դուրս էր Բուն Աղուանքի տարածքէն», կը գրէ «Գեղարդ» հիմնարկը` արձագանգելով Ազրպէյճանի կողմէ այս կառոյցը իբրեւ աղուանական ներկայացնելու քայլին:
«5-րդ դարու սկիզբը Մեսրոպ Մաշտոց այստեղ հիմնած է Արցախի առաջին դպրոցը: Ամարասը եղած է Արցախ-Ուտիք երկրամասի հոգեւոր եւ եպիսկոպոսանիստ կեդրոններէն մէկը: Դարերու ընթացքին վանքը քանի մը անգամ աւերուած է օտար նուաճողներու կողմէ: 15-16-րդ դարերուն այստեղ գրուած եւ ընդօրինակուած են հայերէն բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ: 2023 թուականի սեպտեմբերին Ամարասը բռնագրաւուած է ազրպէյճանական զինուժին կողմէ», կը յայտնէ «Գեղարդ» հիմնարկը:
ՀՄԸՄ Արցախի Մեկուսի Շրջանը Կազմակերպած Է «Արցախի Համը« Խորագրով Հաւաքոյթ
ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի շրջանը դեկտեմբեր 9-ին Հայկ Յովսէփեան բանակավայրին մէջ կազմակերպած էր «Արցախի համը» խորագրով հաւաքոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան՜ մեկուսի վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները, Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամները, սկաուտներն ու իրենց ծնողները:
Հաւաքոյթի նպատակն էր համախմբել հոգեհարազատ մարդոց արցախեան բարբառին շուրջ:
Զահրատի 100-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, «Հայ արտ» կեդրոնին մէջ բացուած է Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս` «Կիկոյի հետ առաջ ու ետ» խորագրով:
Նկարիչ, շարանկարի բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Լեւոն Գիւլխասեանի գծանկարներով եւ հեղինակին` տարբեր տարիներու կրաֆիքական աշխատանքներով կը փորձուի ընթերցողը աւելի մօտեցնելու այն աշխարհին, զոր ստեղծած է Զահրատ:
Յղացումը հայելային է: Զահրատ ստեղծած է կերպար մը, որ իրականութեան մէջ ինքն է: Այդ կերպարը անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ յաճախ երեւցող Կիկոն է: Կիկոն Զահրատի կենսագրութիւնն է` միաձուլուած ծննդավայր քաղաքի` Պոլսոյ տեսարաններով, մարդոցմով, կենցաղով:
Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան) ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ինքնատիպ գրողներէն է: Հայաստանի մէջ հրատարակուած են անոր գիրքերը (1978, 2004, 2007), բայց հայաստանցի ընթերցողը բաւարար չափով ծանօթ չէ այդ ստեղծագործութիւններուն:
Այս ցուցահանդէսը յարմար առիթ մըն է` բացայայտելու Զահրատի բանաստեղծական աշխարհը, որ յուզական եւ խոհական բարդ հանգոյցներ ունի: