Երէկ պատմական օր մըն էր Հնդկաստանի ճատրակի պատմութեան մէջ: 18 տարեկան Կուքեշ Տի շահեցաւ աշխարհի ախոյեանութիւնը Սինկափուրի մէջ, պարտութեան մատնելով չին Տինկ Լիրենը: Կուքեշ պատմութեան մէջ երկրորդ հնդիկն է, որ այս պատիւը կ՛ունենայ` յաջորդելով պատմական Վիշուանաթան Անանտի:
13 ճակատումներէ ետք արդիւնքը 6,5-6,5 էր, եւ 14-րդ ու վերջին ճակատումին, երէկ, 58 շարժումներէ եւ 4 ժամ պայքարէ ետք Կուքեշ յաղթեց` բարելաւելով 1985-ին Կերի Գասպարովի (22 տարեկան) մրցանիշը, որ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ ախոյեանը դարձած էր` յաղթելէ ետք Անաթոլի Քարփովին: