Չորեքշաբթի օր ՖԻՖԱ յայտարարեց, թէ Սէուտական Արաբիա պիտի հիւրընկալէ 2034-ի մոնտիալը` «պարգեւատրելու» գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը, որ միլիառներ կը թափէ միջազգային ֆութպոլիստներու վրայ` երկրին ֆութպոլի մակարդակը բարելաւելու համար:
Սէուտական Արաբիան միակ թեկնածուն էր եւ արժանացաւ ՖԻՖԱ-ի աւելի քան 200 անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու ծափահարութիւններուն: Անդամները ուղիղ հեռարձակումով մասնակցեցան ժողովի մը, զոր Ցիւրիխէն կը վարէր ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ:
«Քուէարկութիւնը յստակ է», ըսաւ Ինֆանթինօ, որ համաձայն եղող պատգամաւորներէն խնդրեց ծափահարել:
Որոշումը միեւնոյն ատեն վաւերացում էր 2030-ի Մոնտիալի միակ թեկնածութեան ալ: Սպանիա, Փորթուգալ եւ Մարոք միասնաբար պիտի հիւրընկալեն 2030-ի Մոնտիալը, 6 երկիրներու համագործակցութեամբ, ուր Արժանթին, Փարակուէյ եւ Ուրուկուէյ 104 մրցումներէն մէկական մրցում պիտի հիւրընկալեն:
Հարաւային ամերիկեան երկիրներու «կապը» պիտի նշուի Մոնտիալի հարիւրամեակին առիթով, որովհետեւ 1930-ին Ուրուկուէյ հիւրընկալած էր առաջին Մոնտիալը:
Որոշումները ամբողջացուեցաւ 15 մեծ մասամբ ոչ թափանցիկ ամիսներու ժամանակամիջոցին, երբ Ինֆանթինօ օգնեց, որ բոլորին առաջադրումը ուղղուի դէպի Սէուտական Արաբիա, առանց այլ թեկնածուի, առանց որեւէ հարցումի պատասխանելու, ուր մարդկային իրաւանց մարմիններ ազդարարած էին օտար աշխատաւորներու կեանքը վտանգի տակ դնելու պայմանները:
ՖԻՖԱ եւ սէուտցի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ 2034-ի Մոնտիալը կազմակերպելը կրնայ արագացնել փոփոխութիւնները, որոնց կարգին` յաւելեալ ազատութիւններ եւ կիներու իրաւունքներ:
Արագ ճամբով յաղթանակ մը ՖԻՖԱ-ի օգնութեամբ անցեալ տարի` առիթ տալով 3 ցամաքամասերու հիւրընկալելու 2030-ի Մոնտիալը, օգնեց, որ 2034-ի Մոնտիալը կատարուի Ասիոյ կամ Ովկիանիոյ ցամաքամասին մէջ, բայց ՖԻՖԱ-ն 4 շաբաթէն աւելի կարճ ժամանակամիջոց տուաւ թեկնածութիւն առաջադրելու: Միայն Սէուտական Արաբիա թեկնածութիւն ներկայացուց:
Սէուտական Արաբիոյ յաղթանակով պիտի սկսի 10 տարուան խիստ հսկողութեան տակ աշխատանք մը, ուր մեծ մասամբ հարաւային Ասիայէն աշխատաւորներ պիտի օգնեն կառուցելու եւ նորոգելու 15 մարզադաշտեր, պանդոկներ եւ փոխադրութեան կեդրոններ` 104 մրցումներով տեղի ունենալիք մրցաշարքին համար:
Դաշտերէն մէկը պիտի կառուցուի գետնէն 350 մեթր բարձրութեան վրայ, Նէոմի մէջ, ապագայի քաղաք մը, որ տակաւին գոյութիւն չունի: Այլ դաշտ մը, որ պիտի կոչուի գահաժառանգ իշխանին անունով, պիտի կառուցուի Ռիատի մօտ 200 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ժայռի մը վրայ:
Սէուտական եւ միջազգային մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններ ազդարարած էին ՖԻՖԱ-ին, որ չէր սորված Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Մոնտիալի պատրաստութիւններուն սխալներէն: «ՖԻՖԱ-ն անհոգ եւ անտարբեր որոշում մը տուաւ` վաւերացնելով Սէուտական Արաբիոյ թեկնածութիւնը, առանց վստահելի խոստում ստանալու` պահպանելու մարդկային իրաւունքները», ըսաւ միջազգային մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան մը մէկ հաղորդագրութիւնը:
«Այս Մոնտիալը հիւրընկալելու ամէն մէկ հանգրուանի աշխատանքներուն ՖԻՖԱ հաստատեց, որ իր մարդկային իրաւունքներու յանձնառութիւնը սուտ մըն է», ըսաւ «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»-ի աշխատաւորներու իրաւունքի տնօրէն Սթիւ Քոքպըրն:
Սէուտական Արաբիա կը ծրագրէ միլիառներ ծախսել ծրագիրներու վրայ, որոնք կապ ունին մոնտիալին հետ, գահաժառանգ իշխանին 2030-ի «Վիժըն» ծրագիրին նման, որ պիտի արդիականացնէ Սէուտական Արաբիոյ ընկերութիւնը եւ տնտեսութիւնը: Ան արդէն իսկ մարզական աշխատանքներու 900 միլիառ տոլար տրամադրած է:
Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը 2017-էն ի վեր իր կապերը ամրացուցած է Ինֆանթինոյի հետ` ուղղակիօրէն կապի մէջ մտնելու համար մոնտիալը կազմակերպելու, առանց միջնորդներու:
Այս «կապերուն» արդիւնքը արդէն անմիջապէս 2034-ի մոնտիալի վաւերացումն էր, ուր սահմանափակ գանգատներ կային միջազգային ֆութպոլի կողմերէ, հակառակ անոր որ աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մարզիկներ դէմ արտայայտուած էին:
ՖԻՖԱ ստեղծեց աւելի նոր եւ բարձր մակարդակի հովանաւոր` Մոնտիալէ, որ պիտի ըլլայ «Արամքօ» վառելանիւթի ընկերութիւնը (սէուտական ընկերութիւն), որ պիտի հովանաւորէ նաեւ 2025-ի ակումբներու մոնտիալն ալ, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ Ինֆանթինոյի ծրագիր-մրցաշարքն է:
Հիւսիսային Ամերիկայի ֆետերասիոնը` Քոնքաքաֆ, պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Փի. Այ. Էֆ.»-ի հետ (միջազգային հովանաւորը, որ 2030-ի Վիժընի պատասխանատուն է)` կազմակերպելու կարգ մը խաղեր Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ուր արդէն իսկ տեղի կ՛ունենան Իտալիոյ եւ Սպանիոյ գերբաժակի մրցումները եւ ՖԻՖԱ-ի մօտ 50 անդամ ֆետերասիոններ համաձայնութիւններ կնքեցին սէուտական հովանաւոր ընկերութեան հետ` ապագային մրցաշարքեր կազմակեպելու:
«Փի. Այ. Էֆ.»-ին պատկանող սէուտական ակումբներ միլիոններ կը ծախսեն` վերջին երկու տարիներուն ներգրաւելով ֆութպոլիստներ, ինչպէս Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Նէյմար, Քարիմ Պենզեմա եւ Սատիօ Մանէ, ծախսելով հարիւրաւոր միլիոններ` եւրոպական ֆութպոլի ակումբներուն շահ պատճառելով:
Այս բոլորը կրնան ազդել համաձայնելու, թէ ո՛ր ամիսներուն պէտք է կատարուի 2034-ի մոնտիալը: 2022-ի նման կարելի չէ Մոնտիալը կատարել նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն (ամառնային սաստիկ տաքութենէն խուսափելու համար), որովհետեւ ասիկա կը զուգադիպի Ռամատանի ամսուան, մինչ դեկտեմբերի կիսուն Ռիատ պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ խաղերը:
Տակաւին, յունուար 2034-ը կրնայ յարմար ժամանակը ըլլալ, բան մը, որ թերեւս եւրոպական ակումբներու համար ալ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ: 10 փետրուարին Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի պիտի ունենան ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը, եւ աւելի ուշացումը կրնայ խաչաձեւել: